ՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ՇՆՉՈՂ ԼԵԶՈՒ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը յառաջիկայ ամառ կեանքի պիտի կոչէ «Զարմանազան» ծրագիրը։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը այս նիւթին շուրջ հարցազրոյց մը կատարած է հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի կրթական ծրագրերու պատասխանատու Անի Կարմիրեանին հետ։ Ստորեւ կ՚արտատպենք այս հարցազրոյցը։

*

Անի Կարմիրեան Սեպտեմբեր 2014 թուականին միացաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքին որպէս արեւմտահայերէնի զարգացման եւ դաստիարակչական ծրագիրներու պատասխանատու։ Անոր հիմնական պատասխանատուութիւններէն մէկն է արեւմտահայ գաղութներու, դպրոցներու ինքնարժեւորումը եւ անոնց զարգացման ու բարենորոգութեան միտող օժանդակութեանց բաշխումը։ Այս գործընթացը սկիզբ առաւ Լիբանանի հայկական դպրոցներով եւ 2015-2016-ին պիտի ընդարձակուի ուրիշ երկիրներու վրայ։ Անին նաեւ պատասխանատուն էր «Դաստիարակչական նորարարութիւններ. 21-րդ դարուն արեւմտահայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրները» խորագրով գիտաժողովին, կազմակերպուած ԻՆԱԼՔՕ-ի (Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու հիմնարկ) հետ, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբերի 21-22-ին, Փարիզի մէջ։

-Ի՞նչ պատճառով դիմեցիք Հայկական գաղութներու բաժանմունքի այս պատասխանատու պաշտօնին։

-Երկար տարիներ հայկական դպրոցներու ցանցին մէջ աշխատելու բարեբախտութիւնը ունենալէ վերջ, ուզեցի դիմագրաւել այս նոր դրական մարտահրաւէրը։ Երբ իմացայ հինգամեայ այս ծրագրի մասին, վստահ էի, որ պիտի կարենամ հոն ի գործ դնել իմ փորձառութիւնս։ Շատ խանդավառ էի նաեւ այս նոր խմբակին մաս կազմելու գաղափարով։

-Ի՞նչն է որ ամենէն աւելի ձեզ կը հետաքրքրէ այս նոր գործին մէջ։

-Կը կարծեմ, որ իմ պաշտօնիս ամենէն հետաքրքրական բաժինը՝ գաղափարի մտայղացումէն անոր գործադրութեան անցնիլն է, ինչ որ կ՚ենթադրեմ դրական անդրադարձ կ՚ունենայ հայկական գաղութներու վրայ։ Քաջալերող տնօրէնի մը հսկողութիւնը նաեւ զարկ կու տայ այս աշխատանքին։ Ամէն մարդ պատրաստ է լսելու առաջարկներս եւ օժանդակելու անոնց իրագործման։ Իսկապէս տեսլավառ գործ մըն է։

-Ի՞նչ կը յուսաք իրագործել հայկական գաղութներու դպրոցներու ինքնարժեւորման այս ծրագրին մէջ։

-Մենք տակաւին այս ծրագրի գործադրութեան սկըզբ-նական հանգրուանին կը գտնուինք։ Դպրոցներու ինքնարժեւորումի գործընթացին նպատակն է մեր վարժարանները մօտեցնել իրենց պատկանած գաղութներուն։ Այս նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ դպրոցներու հոգաբարձութիւնները՝ ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու, պաշտօնէութեան եւ աւարտականներու հետ միասնաբար մղել արժեւորելու իրենց պահանջներն ու կարիքները, ինչպէս նաեւ առաւելութիւններն ու տկարութիւնները, որմէ յետոյ անոնք՝ դպրոցները կրնան մտածել կառուցողական ծրագիրներ ստեղծելու մասին, գործակցելով ուրիշ դպրոցներու հետ։ Խմբային աշխատանքի քաջալերութեան ծրագիր մըն է։ Կը յուսամ, որ ան պիտի ստեղծէ վստահութեան նոր շրջապատ մը եւ մշակոյթ մը, ուր հաստատութիւնները պիտի կարենան օգտուիլ մէկըզ-մէկու կարողութիւններէն եւ սրբագրել տկարութիւնները, փոխանակ մնալու առանձնացած կամ լճացած վիճակի մէջ։ Նկատի ունենալով, որ մեր հիմնական առաջնահերթութիւնն է արեւմտահայերէնի զարգացումը, շատ խանդավառ եմ նաեւ տեսնելու, թէ ինչպէս ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ ծնողներ միասնաբար պիտի աշխատին՝ արեւմտահայերէնի ուսուցման նոր միջոցներ ու ձեւեր գտնելու համար։ Մենք այս աշխատանքին սկսանք հիմնելով աշխատանքային երեք խումբեր՝ Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ, իւրաքանչիւրը բաղկացած եօթ-ութ տեղացի մասնագէտներէ, որոնց հաւասարապէս կ՚օժանդակեն միջազգային երկու խորհրդականներ։ Այս նախաձեռնութեան հեռակայ նպատակը արժեւորման համակարգ մը ստեղծելն է։

-Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս աշխատանքային խմբակներու պարտականութիւնը։

-Այս աշխատանքային խմբակները ստեղծուեցան Տքթ. Հուրիկ Աթթարեանի 2014 թուականի Մարտ ամսուն հրատարակած «Լիբանանի մէջ դպրոցներ եւ կրթութիւն» անունով զեկուցումի հիման վրայ, որ պատրաստուած էր «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի պատուէրով, որմէ ետք առաջարկեցի հրաւիրել բոլոր հայկական դպրոցները՝ մասնակցելու ինքնարժեւորման այս գործընթացին։ Այսպէսով նշեալ խմբակները դարձան հիմնական կապ մը իւրաքանչիւր գաղութի զանազան դպրոցներու միջեւ։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի այս աշխատանքի խմբակը գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ դպրոցներու ինքնարժեւորման հարցարաններու պատրաստութեան գործընթացին։ Երեք խմբակներու անդամներն ալ ապացուցեցին իրենց աշխոյժ, խանդավառ եւ մրցունակ մասնակցութիւնը դպրոցներու կողքին։ Կը յուսամ, որ անոնք՝ այս խմբակները պիտի շարունակեն բերել իրենց արժէքաւոր մասնակցութիւնը դպրոցներու եւ հայկական համայնքներու ապագայ գործունէութեան։

-Կը կարծէ՞ք, որ հայկական դպրոցներու մեծամասնութիւնը դրական կերպով արձագանգած է հայկական գաղութներու ինքնարժեւորման գործընթացին։

-Առաջին հակազդեցութիւնները շատ դրական էին։ Լիբանանի դպրոցները մասնակցեցան եւ իրենց առաւելագոյնը ըրին ճիշդ ժամանակին ամբողջացնելով իրենց հարցաթերթիկները եւ կատարելով իրենց արժեւորումները։ Ուրախ եմ տեսնելով, որ դպրոցները արդէն սկսած են զարգացնել նոր քննադատական մօտեցումներ, ճշդել իրենց կարիքերը, իսկ տնօրէնները իրենց կարգին սկսած են յաւելեալ գործակցութիւն ցուցաբերել իրենց պաշտօնակիցներուն, աշակերտներուն, ծնողներուն եւ «աշխատանքի խմբակներու» անդամներուն հետ։

-Հայկական դպրոցներու ինքնարժեւորման այս գործընթացը ի՞նչ օգուտ պիտի բերէ աշակերտներուն։

-Որեւէ ծրագիր, որ կը բարելաւէ կրթական համակարգը, օգտակար կ՚ըլլայ նոյնինքն աշակերտներուն, հետեւաբար որեւէ դպրոցական բարեկարգում պէտք է անպայման ուղղուած ըլլայ աշակերտութեան։ Երբ դպրոցները կը սկսին հարցադրուիլ, թէ ինչպէ՞ս կրնան յառաջդիմել, վստահ եմ, որ անոնք պիտի զարգացնեն ծրագիրներ, որոնք պիտի շարունակեն խանդավառել աշակերտները եւ մղել զանոնք նորարար գործունէութեանց։ Դպրոցներու ինքնարժեւորման հարցարաններուն մէջ մենք կը միտինք ուղղակի մասնակից դարձնել աշակերտները, ծնողները, ուսուցիչները, պաշտօնէութիւնը, շրջանաւարտները եւ տնօրէնութիւնը, որպէսզի ճշգրիտ պատկեր մը կազմենք կարիքներուն եւ առկայ յաջողութիւններուն։

- Որո՞նք են ձեր աշխատանքին հիմնական մարտահրաւէրները։

-Կ՚ենթադրեմ, թէ ամենէն մեծ մարտահրաւէրը մնայուն կերպով տարբեր մտահոգութիւններու եւ կարծիքներու հանդէպ զգօն եւ ուշադիր ըլլալն է։ Շատ կարեւոր է նկատի առնել եւ յարգել անհատներու եւ համայնքներու տարբերութիւնները։ Միաժամանակ կ՚աշխատիմ իրազեկ մնալ կրթական մակարդակի կացութեան մասին, հայկական գաղութները դիտել ներսէն եւ դուրսէն։ Մէկ կողմէ դժուար է բոլորը խանդավառ պահել եւ մղել միասնական աշխատանքի, սակայն միւս կողմէ շատ հաճելի է տեսնել տարբեր տեսակէտներու գործակցութիւնը։

-Ինչո՞ւ կը կարծէք, որ «Կիւլպէնկեան»ի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին համար կարեւոր էր կրթական այս միջազգային գիտաժողովին համակազմակերպումը ԻՆԱԼՔՕ-ի մասնակցութեամբ։

-Կը հաւատամ, որ մենք մեծ կարելիութիւնը ունինք ծրագիրներու նախաձեռնելու։ Այս գիտաժողովը մենք մեզ դաստիարակելու եւ նոր ծրագիրներ մշակելու բացառիկ առիթ մըն էր։ Մեր՝ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան առանձնայատուկ դիրքը մեզի կ՚արտօնէ մարդիկ հաւաքել բաց քննարկումներու շուրջ, որպէսզի անոնք փոխանակեն իրենց գիտելիքները եւ բաղդատեն իրենց փորձառութիւնները։ Գործակցելով ԻՆԱԼՔՕ-էն Անահիտ Տօնապետեանի հետ մեր գիտաժողովը կը միտէր տարբեր երանգաւորում տալ եւ քաջալերել Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման դրական մօտեցումները։ Ինծի համար կարեւոր է կառուցողական հայեացք ունենալ ապագայի նկատմամբ։

-Ինչպէ՞ս որոշեցիք այս գիտաժողովի «Դաստիարակչական նորարարութիւններ՝ 21-րդ դարուն արեւմտահայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրները» խորագիրը։

-Հարցը առաւելութիւններն ու տկարութիւնները լուսարձակի տակ բերելն է։ Կարելի է ընտրել կրաւորական կամ յոռետես մօտեցում մը արեւմտահայերէն լեզուի ներկայ իրավիճակին, կամ կարելի է զարգացնել դրական հայեացք մը՝ կեդրոնանալով յաջող օրինակներու վրայ, անոնցմէ քաղելով լաւագոյնը՝ դասաւանդելու եւ ընկալելու աշխատանքի իրագործման համար։ Մենք կ՚ուզենք կեդրոնանալ նորարարութեանց վրայ, մշակելով նոր դրոյթներ եւ ծրագիրներ՝ մարտահրաւէրները յաղթահարելու նպատակով։ Նշեալ խորագիրը կ՚արտայայտէ դէպի յառաջ ընթանալու եւ դէպի լաւագոյնը ձգտելու գաղափարը, ապագայի մեր ընելիքները։

-Գիտաժողովը եռալեզու էր (հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն)։ Ինչո՞ւ այս բազմալեզուութեան անհրաժեշտութիւնը։

-Մեր փափաքն էր բոլորը մասնակից դարձնել բանավէճերուն։ Գիտաժողովի բազմալեզուութիւնը կը ցոլացնէ նաեւ Սփիւռքի ներկայ կացութիւնը։ Ամէնօրեայ իրենց իրականութեան մէջ սփիւռքահայերը դէմ յանդիման կը գտնուին տարբեր լեզուներ խօսելու եւ հասկնալու անհրաժեշտութեան։

-Ի՞նչ դրական արդիւնքներ քաղեցիք այս գիտաժողովէն։

-Մենք մտահոգութիւններու եւ մարտահրաւէրներու մասին զանազան հարցումներ ուղղեցինք այս գիտաժողովի երկու երկար օրերու ընթացքին։ Սակայն կրնանք երեք եզրակացութիւններու յանգիլ.

Առաջին՝ մասնակիցները առիթն ունեցան քով-քովի գալու եւ դրական մթնոլորտի մէջ իրարմէ բան սորվելու։

Երկրորդ՝ գիտաժողովը համախմբեց ուսուցիչներ եւ համալսարանականներ, բան մը, որ յաճախ չի կատարուիր նման հանդիպումներու ընթացքին։ Կը կարծեմ, որ այս երկուքին գործակցութիւնը շատ դրական էր։

Երրորդ՝ բախտը ունեցանք ապահովելու չափահասներու դասաւանդման գծով երիտասարդ ուսուցիչներու եւ համալսարանականներու մասնակցութիւնը, որոնք նոր մեթոտներով ուսուցանելու թարմ փորձառութիւնը ունեցած էին։ Անոնց առիթ հանդիսացաւ փոխանակելու իրենց անմիջական փորձառութիւնները։

-Ո՞րն է ձեր յաջորդ ծրագիրը։

-Շատ գաղափարներ եւ ծրագիրներ ունիմ, բայց յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ շարունակել այս աշխատանքը, որ իրագործուեցաւ սոյն գիտաժողովի ընթացքին, քով-քովի բերելով ուսուցիչներու եւ համալսարանականներու խումբ մը, որպէսզի ան ծառայէ իբրեւ ոստումի սկզբնաքայլ՝ ապագային յստակ ծրագիրներ գործնականացնելու առումով։

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2017