ՍԱՆՁԵԼ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Ռիչըրտ Հակլընտ (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ շաբաթավերջին շփումներ ունեցան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Միջնորդները ներկայիս նոր ուղեւորութեան մը ձեռնարկած են դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանը։ Առաջին փուլին անոնք հիւրընկալուեցան Երեւանի եւ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւններուն կողմէ։ Անոնք այս շաբաթավերջին ալ պիտի այցելեն Պաքու։

Եռանախագահները Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ։ Նախագահ Սարգսեան միջնորդներուն հետ զրուցեց՝ իր կողքին ունենալով Նալպանտեանն ու իր խորհրդականներէն՝ Արքատի Ղուկասեանը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան միջնորդներուն հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գծի, նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրավիճակին, ներառեալ այն դէպքերը, որոնք վերջին շրջանին տեղի կ՚ունենան առաջնագծին վրայ։ Հանդիպման մասնակիցները կարեւորեցին՝ բանակցային գործընթացէն ներս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ յանձնառութիւններուն նկատմամբ կողմերու հաւատարմութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր մակարդակի վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարումը։

Եդուարդ Նալպանտեանի մօտ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ անցեալ Ապրիլին Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման, եռանախագահներու ներկայութեամբ։ Նալպանտեան ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ այդ հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած էր՝ մամլոյ հաղորդագրութեան միասնական տարբերակի մը շուրջ։ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները ըրին համապատասխան հրապարակումը։ Նալպանտեանի խօսքերով, ըստ աւանդութեան, Ատրպէյճան ոչ միայն չկատարեց պայմանաւորուածութիւնը, այլ հանդէս եկաւ անհեթեթ յայտարարութիւնով։ Նալպանտեան վերյիշեց նաեւ Մայիսի 18-ին միջնորդներուն կողմէ կատարուած համանախագահներու հասցէական յայտարարութիւնը, թէեւ այդ մէկը իր տեսակին մէջ առաջինը չէր։ Նախարարին խօսքերով, Ատրպէյճան կը շարունակէ ոչ միայն արհամարհել, անտեսել համանախագահներուն կոչերն ու յորդորները, այլեւ ընել լրիւ հակառակը։ Իր համոզմամբ, այնպիսի իրավիճակ մը կը հասուննայ, որ եռանախագահ երկիրները՝ որպէս միջնորդութեան, հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ ջանքերու միջազգային լիազօրութեան տէր ձեւաչափ, պէտք է ոչ միայն յայտարարութիւններ ընեն, այլեւ համապատասխան յստակ գործողութիւններու դիմեն, որպէսզի սանձեն Ատրպէյճանի այս ապակառուցողական ու սադրիչ քաղաքականութիւնը։

Վիգէն Սարգսեանի մօտ տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին ալ քննարկուեցաւ շփման գծին ու սահմանին վրայ տիրող իրավիճակը։ Նախարարը ուշադրութիւն հրաւիրեց առաջնագծին վերջին շրջանին տեղի ունեցած դէպքերուն վրայ եւ ողջունեց անոնց վերաբերեալ համանախագահներու հասցէական արձագանգը։ Որպէս հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու արդիւնաւէտութեան կարեւոր գրաւական՝ Վիգէն Սարգսեան ընդգծեց 2016 թուականին Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն իրագործումը եւ այսպէսով փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2017