Սէուտական Նախաձեռնութի՞ւն. «Չենք Կրնար Մեր Պատեանին Մէջ Ապրիլ Միայն»
Արաբական ծոցի տարածքաշրջանին մէջ Սէուտական Արաբիան կը նկատուի այն եօթ երկիրներէն մէկը, որ Աստուածաշունչի մեր ընկերութեան աշխատանքային իմ պատասխանատուութեան ծիրին մէջ կ՚իյնայ: Բայց նկատի ունենալով, որ երկիրը «գոց» է քրիստոնէական ներկայութեան համար, կարելի չէ եղած հոն այցելել աշխատանքային իմ երկար տարիներուս ընթացքին:
Հաւանաբար պէտք էր սպասել պատեհ օրուան եւ առիթին:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ն, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կրթական-գիտական եւ մշակութային հիմնարկ-յանձնաժողովն է, կազմակերպած էր իր եօթներորդ համախմբումը 3-4 Մայիս 2017-ին, իսկ վայրը որոշած էր Ռիատ՝ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաքը: Եւ նկատի ունենալով, որ Աստուածաշունչի ընկերութեան մեր կեդրոնական գրասենեակը անդամ է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի, ստացած էր հրաւէր՝ մասնակցելու այս ժողովին: Այդ հրաւէրին ընդառաջելը վստահուեցաւ ինծի՝ ներկայացնելու մեր կազմակերպութիւնը այս «գոց» երկրին մէջ:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ն իր այս տարեկան ժողովը կեդրոնացուցած էր երիտասարդական մտահոգութիւններու եւ ներկայի ընկերային-քաղաքական կեանքին մէջ անոնց դերին ու ներդրումին վրայ:
Բայց նախ պէտք էր մուտքի արտօնագիրը, ուր կար իմ անունս եւ անունը այն կազմակերպութեան, զոր պիտի ներկայացնէի: Եւ իմ պարագայիս՝ Աստուածաշունչի ընկերութիւնը:
Եւ «մտմտուքը» սկսաւ մէջս, թէ ինչպէ՛ս պէտք էր պատասխանէի գործիս բովանդակութիւնը եւ անոր պարունակութիւնը պարզաբանելու վերաբերող հարցումին, զոր պիտի ուղղուէր դեսպանատան կողմէ՝ արտօնագիրը (չ)շնորհելէ առաջ:
Բայց պէտք է հաւատալ ու ակնկալել, որ կրնայ պատահիլ անսպասելին. այդպէս ալ եղաւ, մուտքի արտօնագիրը անցագիրիս մէջ զետեղուեցաւ առանց հարց ու փորձի: Եթէ առաջին «քննութենէն» ձեւով մը անցած էի, բայց տակաւին կար երկրորդը՝ օդակայանը:
Պաշտօնեային դէմքին վրայ ուրուագծուեցաւ ժպիտ: Մայրիներու մեր երկիրը ունի յատուկ ջերմութիւն մը՝ Արաբական ծոցի երկիրներուն համար: Ունեցանք «հաճելի» զրոյց, մինչ պաշտօնեան կը կատարէր կարգ մը սովորական ստուգումները: Եւ «հաճելի» զրոյցներն ալ արաբական օդակայաններուն եւ անոնց մշակոյթին մէկ մասն են: Այլ օդակայաններու մէջ նման երեւոյթի յաճախ չես հանդիպիր:
Համագումարին սկսայ մասնակցիլ աւելի հանգիստ եւ ինքնավստահ: Վերջապէս մուտք գործած էի «գոց» երկիրը, այդ ալ՝ պաշտօնական հանգամանքով: Ուզեցի տեսնել, թէ ի՛նչն է իւրայատուկը այս երկրին:
Համաժողովին կը մասնակցէին աւելի քան 1500 ներկայացուցիչներ՝ 350 կազմակերպութիւններէ: Բաւական մեծ թիւով ներկայացուցիչներ՝ նաեւ Սէուտական Արաբիայէն, կարեւոր մասը՝ երիտասարդներ: Ժամանակս ու հանդիպումները առաւելաբար կեդրոնացուցի տեղացի սէուտցիներուն հետ տեսակցելով: Վերջապէս, կ՚ուզէի զգալ տեղական «բազկերակը», որպէսզի գիտնայի եւ հասկնայի, թէ ի՛նչ էր այդ «գոց»ը:
Եւ իւրաքանչիւր երիտասարդ սէուտցիի հետ հանդիպումին սկսաւ քիչ մը աւելի «բացուիլ» ինծի համար «գոց» նկատուող այդ երկիրը: Սկսած էի տեսնել երիտասարդութիւն մը, որ ուսեալ եւ զարգացած է, տիրապետած է մէկ կամ երկու օտար լեզուներու, ստացած է համալսարանական բարձրագոյն վկայականներ, եւ որ կը խօսին հանգիստ եւ առանց քաշքշուքի: Իրենց երկրին նկատմամբ տածած անոնց սէրը՝ մշակոյթի պահպանումը, բայց նաեւ օտարին՝ «ուրիշին» նկատմամբ բացուելու անհրաժեշտութիւնը կարեւոր գրաւական էր բոլորին համար: Եւ իւրաքանչիւր երիտասարդի հետ հանդիպումին կար հիմնական մտահոգութիւնը՝ «կարելի չէ մեր պատեանին մէջ միայն ապրիլ այլեւս»: Կը զգայի, որ անոնք կ՚ուզէին տեսնել, բայց նաեւ ընդունիլ անոնք, որոնք իրենցմէ չեն եւ իրենց պէս չեն, եւ որ՝ պէտք է ապրին «անոնց» հետ նաեւ…
Տքթ. Նուրա Մանսուրի միջին տարիքի սէուտցի մտաւորական կին մըն է: Ան պատասխանատու պաշտօնի վրայ է սէուտական «Գափսարկ» գիտա-հետազօտական հիմնարկին մէջ: Խօսեցաւ «դրական» աշխարհին մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս ներկայ օրերուն երիտասարդութիւնը պէտք ունի աւելի առողջ եւ նպատակասլաց կեանքի: «Պէտք չունինք հաւատալու, որ անցեալը միշտ աւելի լաւ է,- ըսաւ ան:- Այս դժուար եւ վտանգաւոր աշխարհին մէջ կ՚արժէ հաւատալ դաստիարակութեան, որ կ՚օգնէ քեզի անդրադառնալու, թէ ինչո՛ւ կ՚ապրիս այս աշխարհին մէջ»:
Դասախօսութենէն ետք մօտեցայ անոր: Թէեւ զգոյշ էի ձեռքս երկարելու եւ բարեւելու, բայց արդէն ան զիս կանխեց եւ ձեռքը երկարեց, ու արդէն ընթացք առաւ մեր զրոյցը:
Երբ Նուրային կը փորձէի ներկայացնել Աստուածաշունչը եւ անոր կրօնական-մշակութային արժէքները, ան յայտնեց իր հիացմունքը: «Աստուածաշունչը կարդացած եմ, երբ Ամերիկա էի՝ իբրեւ ուսանող: Աստուածաշունչին մէջ կան բարձր արժէքներ, որոնց հանդէպ ունիմ յարգանք եւ սքանչացում»:
Նուրային դէմքին վրայ կար ինքնավստահութիւն, ան շատ հանգիստ կերպով դրսեւորեց իր կեցուածքը՝ գիտնալով հանդերձ, որ տարբեր կրօնի եւ մշակոյթի կը պատկանէինք: «Կրօնը ճիշդ պարունակով եւ բովանդակութեամբ պէտք է սորվեցնել,- ըսաւ ան:- Մեր՝ իսլամներուս հարցն ալ այս է ներկայ օրերուն: Եւ մեր՝ իսլամներուս ներքին միջյարանուանական տագնապն ու, տակաւին, արտաքին աշխարհին հետ դժուարութիւնը կը ծագի, քանի ճիշդ ձեւով չէ, որ կ՚ուսուցանենք մեր հաւատամքները»:
Նուրան մեր երկխօսութեան ընդմէջէն կը փորձէր ինք ալ «իր պատեանէն դուրս գալ»: Եւ Նուրային համար «դուրս գալը» սկսաւ ինքնիր անձէն: Եթէ անդրադարձած էր իր իրավիճակին, իր ինքնութեան, բայց նաեւ «դուրս գալով»՝ կը փորձէր հասկնալ նաեւ զիս եւ իմ ինքնութիւնս, կրօնս ու պատկանելիութիւնս:
Ռիատի օդակայանէն կը պատրաստուիմ վերադառնալ: Գալու ատեն «մտահոգութեամբ» մտայ նոյն օդակայանը, բայց հիմա դուրս կու գամ աւելի խաղաղ: «Խաղաղ», որովհետեւ հանդիպեցայ մարդոց, որոնք կը տեսնէին, թէ՝ «կարելի չէ միայն իրենց պատեանին մէջ ապրիլ»: Անոնք կը փորձէին դուրս գալ իրենց անձերէն՝ ճեղքելով «պատերը», որպէսզի տեսնեն «ուրիշը»:
Եւ կ՚արժէ նայիլ ներկայ օրերու աշխարհին:
Եթէ այսօր կան մարդիկ, որոնք կը փորձեն «պատեր» հիւսել իրենց եւ իրենց երկիրներուն համար, երեւի՝ իրենց ապահովութեա՞ն եւ բարօրութեա՞ն համար: Բայց կան նաեւ անոնք, որոնք պատերը կը քանդեն, որովհետեւ՝ «չեն ուզեր իրենց պատեանին մէջ միայն մնալ»: Եւ երեւի կը փորձեն ու կ՚ուզեն տեսնել, թէ իրենց ապահովութիւնը նաեւ կախեալ է «ուրիշին» ապահովութենէն:
Սէուտական Արաբիոյ նախաձեռնութիւնը մէկ լաւ օրինակ-փորձառութիւնն էր, զոր ապրեցայ եւ հասկցայ, որ կարելի է «ուրիշը» հասկնալ, եթէ փորձես «քու պատեանիդ մէջ չմնալ»:
Եւ եթէ «դրական աշխարհ» մը շինելու ջատագովը պիտի ըլլալ, այդ մէկը ունի իր նախապայմանը:
Թէ՝ «կարելի չէ քու պատեանիդ մէջ միայն մնալ»:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ