«Սայաթ Նովա» Փառատօնը Կը ՍԿՍԻ
Բանաստեղծ, աշուղ Սայաթ Նովայի անունը կրող «Սայաթ Նովա» փառատօնը այս տարի պիտի մեկնարկէ Յունիսի 16-ին Թիֆլիզի մէջ եւ պիտի եզրափակուի Յունիսի 18-ին Երեւանի մէջ: Փառատօնին մասին մանրամասնութիւնններ յայտնեցին կազմակերպիչները: Այսպէս, «Նպատակը հայկական երաժշտարուեստը, մեր հարուստ ժառանգութիւնը հանրութեան ներկայացնելն ու զայն պահպանելն է: Փառատօնի բացումը տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիզի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ եւ անիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ աշխուժացնելու եկեղեցւոյ առօրեան», նշած է «Միւզիք օֆ Արմենիա»ի ներկայացուցիչ Յասմիկ Մովսիսեան: Ըստ անոր, իրենք հայկական տարբեր երաժշտական խումբերէ ընտրած են երաժիշտներ, որոնք Վրաստանի մէջ տեղացի քանի մը երաժիշտներու հետ պիտի ներկայացնեն ինչպէս Սայաթ Նովայի, այնպէս ալ՝ այլ հայ աշուղներու ստեղծագործութիւններ: «Կը փորձենք բանակցիլ նաեւ Վրաստանի Մշակոյթի նախարարութեան հետ, որպէսզի յետագային փառատօնը իրականացուի նաեւ Ջաւախքի եւ Վրաստանի այլ քաղաքներու մէջ», շեշտած է ան:
Հայաստանի մօտ Վրաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Նինօ Ապտիաուրի ընդգծած է, որ իրեն համար շատ ուրախալի է, որ կայ նման փառատօն, որ անիկա կը կրէ մեծ աշուղին, բանաստեղծին անունը: Ըստ Ապտիաուրի, Սայաթ Նովան հայ-վրացական միասնութեան խորհրդանիշն է եւ միջոցառումը կրնայ աւելի սերտացնել երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւնները:
Փառատօնին, որ կ՚իրկանացուի երկրորդ անգամ, պիտի մասնակցին հայ եւ վրացի երաժիշտներ: Երեւանի մէջ Յունիսի 17-ին «Մետաքսի ճանապարհ» հիւրանոցին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ «Չնար» համոյթը, Յունիս 18-ին «Մէգերեան Կարպետ»ի մէջ համերգային ծրագրով հանդէս պիտի գայ «Սայաթ Նովա» համոյթը: