ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Հայաստանի Հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէն նշանակուեցաւ յայտնի լրագրող Մարկ Գրիգորեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս պաշտօնին կոչուեցաւ Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան խորհուրդի երէկուան որոշման հիման վրայ։

Մասնագիտութեամբ բանասէր Մարկ Գրիգորեան զանգուածային լրուատուութեան միջոցներու աշխարհէն ներս շատ փորձառու եւ հեղինակաւոր անուն մըն է։ Ան 2002 թուականին Երեւանի մէջ իրեն դէմ կազմակերպուած ձախող մահափորձէ մը վերջ հեռացած էր Հայաստանէն եւ որոշ ժամանակ ապրած՝ Լոնտոնի մէջ։ Այդ շրջանին ան աշխատակցած էր «Պի.Պի.Սի.»ին։ 2014 թուականին Հայաստան վերադառնալով Մարկ Գրիգորեան վերստին սկսած էր իր մասնակցութիւնը եւ կարեւոր ներդրումը բերել հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհին։ Այս ընթացքին ան կեանքի կոչեց բազմաթիւ ծրագրեր, հեռատեսիլի կամ ձայնասփիւռի վրայ իրականացուց զանազան հեղինակային ծրագրեր, որոնք կարեւոր ներդրում մը կը համարուէին երկրի հասարակական կարծիքի ամբողջական ձեւաւորման տեսակէտէ։ Մարկ Գրիգորեան միեւնոյն ժամանակ 2016 թուականէն ի վեր Հայաստանի Հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէնի խորհրդականն էր։

Մարկ Գրիգորեան վստահաբար իր նոր պաշտօնին վրայ պիտի արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը եւ Հայաստանի Հանրային ռատիոյին առջեւ պիտի բանայ նոր հորիզոններ։

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2017