ՄՇՏԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ պատգամաւորական ժողով։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Թեմական պատգամաւորական ժողովը։ Այս ժողովի արդիւնքին՝ առաջնորդական լիազօր փոխանորդ դարձաւ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս կարգադրութեան ձեռնարկեց՝ Պոլսոյ մէջ իր ստանձնած պատասխանատուութիւնը իրականացնելու համար։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Քէօլնի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ այս մասին հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը։
10-11 Յունիս 2017 շաբաթավերջին, Քէօլնի Առաջնորդարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Թեմական պատգամաւորական հերթական ժողովը՝ նախագահութեամբ Գերմանիոյ Հայոց բարեջան առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ ատենապետութեամբ Տքթ. Խաչիկ Կազէրի: Ժողովին ներկայ գտնուեցան թեմի հովանիին ներքոյ գործող տասնհինգ համայնքներու շուրջ քառասուն աշխարհական պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ թեմէն ներս իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը բերող վեց եկեղեցականներ:
Ժողովի բացումէն ետք Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան, Թեմական պատգամաւոր ժողովի դիւանի ատենապետ Տքթ. Խաչիկ Կազէր եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Սերովբէ Օտապաշեան շնորհաւորեցին Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը՝ Պոլսոյ Նուիրապետական Աթոռի պատրիարքական տեղապահ ընտրուելու առիթով: Անոնք նորընտիր պատրիարքական տեղապահին մաղթեցին ուժ, կորով եւ կարողութիւն՝ իր պատասխանատու առաքելութիւնը Աստուծոյ օրհնութեամբ յաջողութեամբ պսակելու համար: Այնուհետ Թեմական խորհուրդի Բ. ատենապետ Արա Վարդանեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց թեմին քսանհինգ տարիներու գործունէութիւնը: