ԼՌՈՒԹԵԱՄԲ ՇԱ՜Տ ԲԱՆ ԸՍԵԼ

«Լո՛ւռ մնալ» եւ «խօսի՛լ», այս երկուքը, առաջին ակնարկով, բոլորովին հակադիր արտայայտութիւններ ըլլալ կը թուին։ Բայց երբ «խօսիլ»ը արտայայտութեան, բան մը ըսելու, հասկցնելու միջոց մը, կերպ մըն է, ուրեմն լուռ մնալն ալ բան մը ըսելու, բան մը հասկցնելու կերպ մը պէ՛տք է նկատուի, քանի որ լռութիւնն ալ, լուռ մնալն ալ իրականութեան մէջ շա՜տ բան ըսել կը նշանակէ՝ շատ բան հասկցնել, մտածում մը մարմնացնել եւ կեցուածք մը ցոյց տալ, դիրք գրաւելու նշա՛ն է։

Արդարեւ, իր մը կամ իրողութիւն մը երբ փոխանակ մակերեսային, այլ իր խորքին թափանցելով դիտուի եւ քննուի, պարզ աչքով տեսնուած երեւոյթներ ո՜րքան տարբեր կ՚երեւին, ո՜րքան կ՚այլափոխուին, եւ անոնց իսկական էութիւնը եւ նկարագիրը կը յայտնուի։ Այս բնական է, քանի որ ամէն երեւոյթ ունի արտաքին տեսք մը եւ նաեւ ներքին էութիւն մը, եւ շատ անգամ արտաքինը կը հակադրէ ներքինին։

Զոր օրինակ, «չար» ճանչցուած մէկը, երբ աւելի մօտէն ճանչցուի, այսինքն անոր ներաշխարհին թափանցուի, կը տեսնուի որ ան, իրականին «բարի» մէկն է։ Եւ սովորաբար կ՚ըսուի.- Սխա՛լ գիտցեր եմ, երբ մօտէն ճանչցայ, տեսայ որ բոլորովին տարբեր մէկն է եղեր…։ Ասոր նման խօսակցութիւններ յաճախ կը լսուին մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Ուրեմն, այս կը նշանակէ, որ մարդիկ զիրար լաւ չեն հասկնար, եւ թերեւս հասկնալու համար ջանք չեն ըներ, մակերեսային, պարզ նայուածքով մը կը դատեն, կ՚որոշեն եւ… կը սխալի՛ն։ Եւ այս պատճառով կեանքի մէջ ի՜նչ հակադրութիւններ կը պարզուին՝ որոնք մարդոց անտարբերութեան արդիւնք են, մակերեսային նայուածքի մը հետեւանքը, եւ որ անհամաձայնութիւններու, վիճաբանութիւններու, խռովութիւններու եւ մինչեւ իսկ կռիւներու դուռ կը բանան։

Շփոթ եւ անորոշ վիճակը ամենէն վտանգաւոր եւ վնասակար կացութիւնն է. մարդ շփոթութեան մէջ, անորոշութեան մէջ ո՛չինչ կրնայ ընել, ամուլ ու անշարժ կը մնայ եւ կը կորսուի։

Ուրեմն, անորոշութեան եւ շփոթին այս վնասակար բնոյթը նկատի ունենալով, մարդ, պէտք է կարելին ընէ զանոնք փարատելու համար, եւ անոր միակ միջոցն է՝ քննել, խորը թափանցել, ներքինը ուսումնասիրել, շրջահայեաց ըլլալ, լա՛ւ ճանչնալ եւ ըստ այնմ շարժիլ։ Գիտակից վարուող մէկը վստահութիւն կը ներշնչէ, իսկ մակերեսային գիտութեամբ դատող եւ որոշումներ տուող մէկը անվստահելի կը նկատուի։

Լուրջ եւ հաստատամիտ ըլլալ՝ ծանրաբարոյ մարդ ըլլալ, մարդուս յարգ կ՚աւելցնէ։ Եւ ծանրաբարոյ ըլլալու համար ալ, գիտակից ըլլալ, գիտակցօրէն խօսիլ եւ գործել անհրաժեշտ է։ Եւ ուրեմն՝ իրերը եւ իրողութիւները լա՛ւ ճանչնալ, յետոյ անոնց մասին խօսիլ, գործել եւ արտայայտուի՛լ։

Ուրեմն, մարդ միայն խօսելով չի կրնար արտայայտուիլ, այլ երբեմն լուռ մնալով կրնայ շա՜տ բան ըսել, շա՜տ խօսք խօսիլ։ Մարդուս ո՛չ միայն լեզուն, այլ կեցուածքն ալ շատ բան կ՚արտայայտէ…։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ մեզի, թէ ի՜նչ լռութիւններ կան, որ հրալեզու եւ գոռ պերճախօսութիւններէն աւելի տպաւորիչ եւ թափանցող են։ Արդարեւ, կան մարդիկ, որոնք շատ կը խօսին եւ ո՛չինչ կ՚ըսեն, կան նաեւ մարդիկ, որոնք քիչ կը խօսին եւ նոյնիսկ կը լռեն եւ շա՜տ բան կ՚ըսեն։ Նաեւ ընկերային եւ համանքային կեանքի մէջ ի՜նչ բացակայութիւններ կան, որոնց բացակայութիւնը անմիջապէս զգալի կ՚ըլլայ, որ բազմաթիւ շողշողուն ներկայութիւններէ աւելի աչքառու են եւ ազդեցի՛կ։ Բացակայութեամբը փայլիլ աւելի նախընտրելի է, քան ներկայութեամբը անտեսուիլ ու նախատինք ընդունիլ։

Անհատական-բարոյական կեանքի մէջ եւս, ի՜նչ անձայն, անշշուկ բացագանչութիւններ, դիմադրութիւններ եւ կամ նահանջներ կան, որ մեծաձայն ու մեծադղորդ յառաջխաղացութիւններէ աւելի՛ փայլուն, աւելի՛ սխրալի յաղթանակներ ապահոված եւ արձանագրած են։

Մարդուս ներաշխարհին մէջ ալ նոյնն է՝ հոգիի եւ սրտի, մտքի եւ խորհուրդի ի՜նչ զսպումներ, պրկումներ կան, որ մտածումներու, զգացումներու, խօսքերու եւ գործերու հրաբորբոք պոռթկումներէն աւելի՛ ուժ, աւելի՛ իմաստութիւն եւ աւելի՛ քաջութիւն ցոյց կու տան։

Եւ չկա՞ն պարտութիւններ կեանքի մէջ, որ փայլուն յաղթանակներէ շատ աւելի՛ օրհնաբեր են հանդիսացած՝ որոնց տիպարները անպակաս են մարդկային ընդհանուր պատմութեան մէջ։

Դարձեալ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը կը վկայէ, թէ՝ կա՛ն ձախողութիւններ, անյաջողութիւններ ալ, որ յաջողութիւններէ շատ աւելի շինարար եւ օրինակելի են եղած մարդկութեան։ Եւ չե՞ն գտնուած մարդիկ, որ դիրք, յաջողութիւն, ստացուածք, հարստութիւն, ասինճան, նոյնիսկ առողջութիւն եւ ներքին խաղաղութիւն կորսնցնելէ ետք, պարկեշտութեան, ուղղութեան, պատուի, եւ մինչեւ իսկ իրենց կորովը չկորսնցնելու սկզբունքներուն քով ապառաժի նման հաստատուն եւ ամուր կը կանգնին։

Չկա՞ն մարդիկ, որ կորսնցուցած են ամէն ինչ, բայց զօրաւոր նկարագրի, աննկուն կամքի տիպարներ մնացած են։ Չկա՞ն մարդիկ, որ իրենց յանձնուած դիրքէն քայլ մը իսկ չեն հեռանար, թէեւ կրակ իսկ թափուի իրենց վրայ։ Չկա՞ն մարդիկ, որ ի գին իրենց կեանքին, մի՛շտ անվեհեր պաշտպանած են իրենց հաւատալիքները, սկզբունքները, բարձրագոյն գաղափարները։ Եւ այսպիսի առերեւոյթ պարտութիւններ յաղթանակի սխրալի փառապսակները յօրինած են մարդոց ճակատներուն վրայ։ Եւ դարձեալ «յաղթակա՛ն պարտութիւն»ներն են որ բանաւոր էակը՝ մա՛րդը յաջողութիւններէ յաջողութիւն, յաղթանակներէ յաղթանակ եւ բարձրութիւններէ բարձրութիւն կ՚առաջնորդեն։ Եւ լռութեամբ ձեռք բերուած մեծ ձայներ բարեփոխած են անհատական եւ հասարակական կեանքեր, շրջաններ։

Եւ ո՛չինչ այնքան կը նուաստացնէ, կը պզտիկցնէ մեծերը, որքան ստորադասելու հանդէպ անոնց տուած նախանձի տգեղ ու վատ զգացումը, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշներուն կարողութիւնը, գիտութիւնը, փորձառութիւնը եւ յաջողութիւնը մանրադիտակով տեսնելու տկարութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 7, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2017