ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՓԱՌԱՏՕՆ
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ Փողային գործիքներու փառատօն, որուն իրականացման կ՚աջակցին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնն ու Երեւանի քաղաքապետարանը։
Հայաստանի մէջ Ալեքսանդր Յարութիւնեանի անուան փողային գործիքներու միջազգային փառատօնը Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի աջակցութեան հիմնադրամի ջանքերով տեղի պիտի ունենայ Յունիսի 25-30 թուականներուն միջեւ, Երեւանի Քամերային երաժշտութեան տան մէջ։
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, փառատօնին կը մասնակցին երաժիշտներ Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Սլովենիայէն, Լեհաստանէն, Փորթուգալէն, Պելժիայէն, Սերպիայէն, Ճաբոնէն եւ Փորթօ Ռիքոյէն։
Անդրանիկ փառատօնի շրջանակներէն ներս տեղի կ՚ունենան շարք մը առաջնախաղեր։ Յաջորդ տարի փառատօնը պիտի հիւրընկալէ հանրայայտ շեփորահար Արթուրօ Սանտովալին, որ կը կատարէ Ալեքսանդր Յարութիւնեանի «Շեփորի քոնչերթօ»ն։
Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարն է Կարէն Դուրգարեան։
Փառատօնը կ՚իրականացուի Հայաստանի Պետական քամերային նուագախումբի եւ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Վահան Մարտիրոսեանի հետ համատեղ։