ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՊԱՏԱՀԱՐ
Լոնտոնի արեւմտեան շրջանին մէջ բազմայարկ բնակելի շէնք մը կ՚այրի: Ականատեսներու վկայութեամբ եւ ստացուող տեսանիւթերու համաձայն՝ հրդեհը պատած է ամբողջ շէնքը։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի, Լոնտոնի Հիւսիսային Քենսինկտըն շրջանի 27 յարկանի Grenfell Tower ուղարկուած են աւելի քան 200 հրշէջ գունդ, 40 հրշէջ ինքնաշարժ, որոնք տակաւին չեն յաջողած մարել կրակը։ Լոնտոնի հրշէջ պահպանութեան աշխատակիցներու տեղեկատուութեան համաձայն՝ կ՚այրին շէնքի երկրորդէն մինչեւ 27-րդ յարկերը: Առաւել կայ այն վտանգը, թէ շէնքը կրնայ փուլ գալ։
Կը հաղորդուի, որ կան մուխէն տուժածներ, որոնց օգնութիւն կը ցուցաբերեն բժիշկները, սակայն տուժածներու ստոյգ թիւի մասին առայժմ տուեալները կը պակսին։ Ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ մինչ այժմ կը շարունակուի մարդիկը շէնքէն դուրս բերելու գործը։ Տակաւին յայտնի ալ չէ, թէ շէնքէն ներս քանի հոգի կը գտնուէր եւ կրցած են փրկել անոնցմէ քանին։
Հրդեհէն ազատածները կը տեղաւորուին մերձակայ քրիստոնէական կեդրոններէն ներս։
Առայժմ ոչ մէկ տեղեկատուութիւն կայ այն մասին, թէ ինչ բան պատճառ դարձած է հրդեհին։ Վարկածներէն մէկուն համաձայն՝ հրդեհի բռնկման պատճառը կրնայ ըլլալ չորրորդ յարկին մէջ տեղի ունեցած պայթումը: Հրշէջ գունդի ներկայացուցիչի խօսքով` իրենք շէնքէն դուրս բերած են բնակիչներու մէկ մասը, սակայն շատերը կը շարունակեն մնալ ներսը:
Grenfell Tower բնակելի շէնքը կառուցուած է 1974 թուականին եւ ունի աւելի քան 100 բնակարան: Շէնքը անցեալ տարի վերանորոգուած էր 10 միլիոն փաունտ սթերլինով։
Լոնտոնի հրշէջ ծառայութեան ղեկավարը յայտնած է, որ քաղաքի բազմայարկ բնակելի շէնքէն ներս ծայր առած հրդեհի հետեւանքով կան զոհեր։
Հրդեհէն զոհուածներուն թիւը առայժմ յայտնի չէ։ Սակայն Բրիտանական մայրաքաղաքի շտապօգնութեան ծառայութիւնը յայտնած է, որ առնուազն յիսուն հոգի տուժած է Լոնտոնի Grenfell Tower բնակելի շէնքին մէջ մոլեգնող հրդեհի հետեւանքով:
Ըստ տեղւոյն իշխանութիւններու տուեալներով՝ հրդեհի պահուն շէնքէն ներս կը գտնուէր շուրջ 600 մարդ:
Հրդեհը կ՚որակուի որպէս արտակարգ պատահար։
Տեղւոյն դպրոցներներէն եւ մարզական ակումբներէն ներս օգնութեան կեդրոններ կը պատրաստուին։