ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ մասնակցեցաւ «100-րդ տարելիցին Առաջին աշխարհամարտի փաստաթուղթերը» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման։ Վարչապետարանի առընթեր Պետական արխիւներու ընդհանուր տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Օսմանեան արխիւներու յարկէն ներս։ Ազգային արխիւի համալիրին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին Էրտողան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին արմատական բանաձեւումներով արտայայտուեցաւ հայկական հարցին շուրջ։ Ըստ իրեն, տարածքաշրջանի առկայ խնդիրներու ետին կը գտնուի Առաջին աշխարհամարտով հաստատուած կարգերուն ստուերը։ Էրտողան դիտել տուաւ, որ 2015 թուականին Թուրքիա կը նշէ Չանաքքալէի փառաւոր յաղթանակին 100-ամեակը, մինչ այդ ոմանք կը փորձեն այս թուականը վերածել հակաթրքութեան, Թուրքիոյ դէմ թշնամութեան դրօշակի։ Էրտողանի խօսքերով, աշխարհի ամէն կողմ հայոց սփիւռքը ցեղասպանութեան պնդումներուն վրայ հիմնուած արշաւանքներով կը փորձէ Թուրքիոյ դէմ թշնամութիւն սերմանել լայն զանգուածներուն։ «Այդ արշաւանքներուն նպատակը՝ պատմութեան որոշ մէկ շրջանին հայոց ապրած ցաւերը կենդանի պահելէ անդին՝ ուղղակիօրէն մեր երկրին եւ ազգին դէմ թշնամութիւնն է», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ Թուրքիա ի սկզբանէ կը ցուցաբերէ սկզբունքային, հաւասարակշռուած եւ անկեղծ կեցուածք մը։ «Կ՚ըսենք, որ ինչպէս պատմութեան բոլոր շրջաններուն, այս մեծ պատերազմի տարիներուն ալ կրնան ըլլալ ապրուած ցաւեր, ողբերգութիւններ։ Այս բոլորէն միայն հայերը չեն ազդուած։ Պալքաններու, Կովկասի մէջ այս շրջանին ապրուած են պատմութեան ամենամեծ ջարդերը, որոնք կատարուած են մահմետականներուն դէմ։ Անատոլուի մէջ հայոց ենթարկուած վնասին չափ, հայերու հետեւանքով տուժած հարիւր հազարաւոր, միլիոնաւոր մահմետականներ կային։ Այս բոլորը արձանագրուած են փաստաթուղթերու մէջ։ Այս խնդիրը պէտք չէ գործիք դարձնել առօրեայ քաղաքականութեան, մանաւանդ միջազգային քաղաքականութեան», ըսաւ Էրտողան։
Երէկուան իր ելոյթին մէջ հայոց սփիւռքին եւ Հայաստանի ղեկավարութեան ուղղեալ արտայայտութիւններ ալ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահը, որ աւելցուց. «Եկէք, հրամեցէք, մեր արխիւները, փաստաթուղթերը այստեղ են։ Մենք այս պահուն ունինք հարիւր հազարաւոր, միլիոնը անցած, դասակարգուած փաստաթուղթ։ Դուն ինչքան փաստաթուղթ ունիս, բոլորը երեւան բեր։ Պաշտօնի կոչենք պատմաբանները, մեր արխիւագէտները, քաղաքագէտները, նոյնիսկ հնագէտներն ու իրաւաբանները, թող գան եւ աշխատին այս փաստաթուղթերուն վրայ, ամէն ինչ բացայայտ է, ճշմարտութիւնը փնտռենք այստեղ։ Երկիրները պտըտելով, այնտեղ դրամ ծախսելով, լոպիներ ստեղծելով, ոչ-բարոյագիտական ճանապարհներով Թուրքիոյ դէմ ձեռնարկուելիք արշաւանքներով բան մը չէք կրնար շահիլ»։ Ան շարունակեց, որ ճշմարտութիւնը այս նիւթին շուրջ հարկաւոր է բոլորին եւ այդ ճշմարտութեան անկարելի է հասնիլ այլ երկիրներու խորհրդարաններէն, ծերակոյտներէն հակաթուրք որոշումներ ապահովելով, մետիաներու մօտ գրութիւններով եւ քարոզչութեամբ։ «Մենք շատ լաւ գիտենք, թէ այդ արշաւանքները ինչպէս յառաջ կը տարուին։ Այս արխիւներն են այն տեղը, ուր պիտի որոնուի ճշմարտութիւնը։ Սակայն մեր այս կոչը ցարդ մնաց անփոխադարձ», աւելցուց Էրտողան ու շեշտեց, թէ ի պահանջել հարկին Թուրքիա պատրաստ է նոյնիսկ բանալու բանակի արխիւները։
Հանրապետութեան նախագահին համոզմամբ, Թուրքիոյ բոլոր առաջարկները կը թողուին անարձագանգ, որովհետեւ այստեղ բուն նպատակը չէ ճշմարտութեան գտնուիլը, այլ՝ ստեղծուած ընկալումի մը միջոցաւ կը փորձեն Թուրքիոյ վրայ յարձակիլ, Թուրքիոյ վնաս պատճառել։ «Ոեւէ մէկը թող չսրտնեղի, մենք այս նիւթին շուրջ ոեւէ մէկուն տալիք հաշիւ մը չունինք», աւելցուց Էրտողան։
Համաշխարհային արխիւներու վարիչներու համաժողովին շրջագծով բացուած ցուցահանդէսը Էրտողան շրջեցաւ Մշակոյթի նախարար Էօմէր Չելիքի այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ուղեկցութեամբ։ Ձեռնարկը կ՚ընդգրկէր 43 երկրի ազգային արխիւէն մէկտեղուած 121 փաստաթուղթ, լուսանկար եւ քարտէս։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան ըսաւ, թէ անկարելի է լոպիներու միջոցաւ իրաւունք երեւան բերել։ Արդարեւ, ամուր կանգնած Թուրքիա մը կայ եւ այդպէսով անկարելի է հասնիլ արդիւնքի մը։
Միեւնոյն ժամանակ հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, թէ Չանաքքալէի պատերազմի 100-ամեակին առթիւ Ապրիլի 23-24-ին պիտի կազմակերպուի Մի-ջազգային խաղաղութեան գագաթաժողով մը, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի մօտաւորապէս երեսուն երկիրներէն պետութիւններու եւ կառավարութիւննե-րու ղեկավարներ։