ՊԱՀՊԱՆԵԼ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Ռիչըրտ Հակլընտ (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ աւարտեցին դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանը իրենց ձեռնարկած հերթական ուղեւորութեան առաջին փուլը՝ այցելելով Հայաստան եւ Արցախ։ Անոնք այս շաբաթավերջին ալ պիտի այցելեն Պաքու։

Եռանախագահները Երեւանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ տեսակցելէ վերջ, Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, որու կողքին էր Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի առկայ կացութեան եւ ընդհանրապէս հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Սահակեան համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութեան, հրադադարի դրութեան խախտումներու, միջազգային չափանիշներու եւ սկզբունքներու ոտնահարման բազմաթիւ փաստերու վրայ։ Ան այդ բոլորը որակեց՝ որպէս հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական խոչընդոտներ եւ տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման տեսակէտէ լուրջ վտանգներ։ Բակօ Սահակեան պաշտօնապէս վերահաստատեց Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը՝ հակամարտութեան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։

Միջնորդներու տարածքաշրջանային այցելութեան ներկայ շրջանին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտնեց, որ Երեւան կը խօսի փաստերով, իսկ Պաքու՝ երեւակայական տպաւորութիւններով։ Իր խօսքերով, Ատըր-պէյճան չի կատարեր բանակցութիւններու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, որոնք կրնան հնարաւոր դարձնել բանակցային գործընթացէն ներս տեղաշարժը ու փոխել առկայ կարգավիճակը։ «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ձեռնարկէ համապատասխան քայլերու՝ սանձելու համար Ատրպէյճանի բոլոր փորձերը, որոնք ուղղուած են տարածքաշրջանի իրավիճակի ապակայունացման», ըսաւ ան երէկ իր էսթոնացի պաշտօնակցին հետ Երեւանի մէջ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Իր խօսքերով, եռանախագահները պարզապէս միջնորդներ են եւ կը փորձեն հանդէս գալ հնարաւորինս հաւասարակշռուած յայտարարութիւններով՝ չմատնանշելով այս կամ այն կողմը, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ բանակցութիւնները շարունակել, բայց արդէն անոնք ալ ստիպուած են ընել հասցէական յայտարարութիւններ։ «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին կողմէ քանի յայտարարութիւններ պէտք են, որպէսզի պարզ դառնայ, թէ միայն յայտարարութիւնները բաւարար չեն», աւելցուց Նալպանտեան։

Իր կարգին, ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտարարեց, որ միջնորդներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները միտուած են կանխել սահմանային լարուածութիւնը։ Ստեփանակերտի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Իկոր Փոփով նշեց, որ իրենց յայտարարութիւնները եղած են հասցէական եւ անոնց նպատակն է պահպանել խնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը։ Սթեֆան Վիսքոնթին ալ մատնանշեց, որ Ֆրանսայի Նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն ծանօթացած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ իրավիճակին։ «Ինծի համար հաճելի է ըլլալ Արցախի մէջ ու տեղւոյն վրայ ծանօթանալ իրադրութեան։ Մեզի համար շատ կարեւոր են՝ անվտանգութեան եւ խաղաղ կարգաւորման գործընթացի խնդիրները։ Ֆրանսա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսաստան կը գործադրեն հնարաւոր բոլոր ջանքերը՝ որպէսզի այս հարցին մէջ զարգացում արձանագրեն», ըսաւ ֆրանսացի դիւանագէտ Սթեֆան Վիսքոնթի։

Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2017