ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ ծաւալուն աշխատանք տանիլ՝ ընդլայնելու համար կլոպալ հայերու ներկայութիւնը աշխարհի վրայ։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կ՚ընդգծէ կառոյցի երիտասարդութեան դերակատարութիւնը այս հարցին շուրջ։ Վերջերս Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ժողովը։ Երիտասարդութեան կառոյցներու ներկայացուցիչներն ալ ներգրաւուեցան շարք մը ռազմավարական հանդիպումներուն։
Սա երկրորդ տարին էր, որ կարեւորագոյն խորհրդակցութիւններ իրականացնելու նպատակով ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ժողով մը գումարեց Լոնտոնի մէջ։ Այս խորհրդակցութիւնը համախմբեց ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը եւ Լոնտոնի հայութեան ներկայացուցիչները՝ երիտասարդ առաջնորդներու դերը հասարակութենէն ներս ընդգծելու եւ ընդհանուր տեսլականի մը հասնելու նպատակով։ Ներկայ էին ՀԲԸՄ-ի Եւրոպայի մասնաճիւղերու անդամներ եւ զանազան երկիրներէ տասնվեց երիտասարդ արհեստավարժներու խումբեր։
Լոնտոնի մէջ ծաւալուած բուռն քննարկումներու ընթացքին հիմնական շեշտը դրուեցաւ կազմակերպութեան առաքելութեան չորս հիմնական ուղղութիւններուն վրայ։ Անոնք են՝ մարդասիրական օգնութիւն, մշակոյթ եւ ինքնութիւն, կրթութիւն եւ ընկերատնտեսական զարգացում։ Խոշորացոյցի տակ առնուեցան այն ուղիներն ու միջոցները, որոնք հնարաւորութիւն կրնան ստեղծել յառաջ ընթանալու թէ՛ որպէս անհատ եւ թէ որպէս կազմակերպութիւն։ Քննարկման նիւթերու միջոցաւ անդրադարձ կատարուեցաւ ՀԲԸՄ-ի տեսլականին եւ աշխարհի վրայ հայոց դերակատարութեան զարգացման ուղղեալ քայլերուն։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ ՀԲԸՄ-ի դերակատարութիւնը Հայաստանի մէջ՝ որպէս փոփոխութիւններու դերակատար, ինչպէս նաեւ հայկական տեղական ռազմավարական կապերու միջոցաւ հայոց դերի զարգացումը համայնքի սահմաններէն դուրս։ Գործընկերային յարաբերութիւններու ձեւաւորումը դարձած է կարեւորագոյն միջոցներէն մին։
Անցեալ տարի ՀԲԸՄ ռազմավարական կարեւոր նշանակութեամբ ծրագիրներու շուրջ համագործակցութիւն ծաւալել սկսաւ միջազգային շարք մը հեղինակաւոր կառոյցներու հետ։ Շնորհիւ այս համագործակցութիւններուն, նոր հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռուին համաշխարհային հանրութեան շրջանակներէն ներս ՀԲԸՄ-ի դերակատարութեան բարձրացման համար։
ՀԲԸՄ-ի Լոնտոնի ժողովները իրենց աւարտին հասան՝ «Տորչեսթըր» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ընթրիքով։ Հաւաքոյթի ընթացքին ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, ինչպէս նաեւ հիմնական բարերաներէն Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլը յուշանուէր մը յանձնեցին Էրիք եւ Մելինա Իսրայէլեաններուն։ Ներկայ էր նաեւ Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան, իր կողակցին՝ Նունէ Սարգսեանի հետ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան միեւնոյն ժամանակ կ՚անդամակցի ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան։