ԱՐՑԱԽԻ ՃԱՏԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԵՐԵՔ ՆԱՀԱՏԱԿ
Արցախի ճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ երեք հայ զինուոր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ, տեղական ժամով շուրջ 18.05-ին պատահեցաւ դէպքը։ Ատրպէյճանի զօրքերը հերթական անգամ խախտեցին հրադադարը՝ կրակելով հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետերու միջոցաւ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկուն մէջ այս յարձակման հետեւանքով նահատակուեցան զինուորներ Արայիկ Մատինեան (1997), Վիգէն Պետրոսեան (1997), Վարդան Սարգսեան (1997)։
Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ այս դէպքի մանրամասնութիւններու ստուգման համար ձեռնարկուած է քննութեան։
Միեւնոյն ժամանակ նախարարութիւնը յայտնեց, որ կը բաժնէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն, հարազատներու եւ ծառայակիցներուն։