ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԴՊՐՈՑԷՆ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան խան­դա­վառ ձեռ­նար­կով մը հրա­ժեշտ տուաւ վար­ժա­րա­նի 2016-2017 կրթա­կան շրջա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րուն։ Շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սին ներ­կայ գտնուե­ցան Խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Գա­րուն Գո­վան, տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ, ծնո­ղաց միու­թեան, տիկ­նանց կազ­մի, սա­նուց միու­թեան եւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ 

Յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ հան­դի­սա­վա­րու­թեան Լե­թի­սիա Տե­միր­ճիի եւ Ռո­նի Քո­լու­քը­սաեա­նի։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ա­նու­նով հրա­ժեշ­տի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին Ա­րեգ Սո­լա­քօղ­լու, Ար­շակ Չաղ­լա, Ա­լեք­սան Զա­րու­քի եւ Է­լէն Դար­բի­նեան։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­ցին Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ, խնա­մա­կա­լու­թեան ան­դամ­նե­րէն Ար­թին Քի­լե­ճի, Ա­րու­սեակ Մո­նէ եւ դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Լա­րա Տե­լի­մել­քո­նօղ­լու, ո­րոնք ա­շա­կերտ­նե­րուն նկատ­մամբ յայտ­նե­ցին ի­րենց ան­կեղծ գնա­հա­տան­քը։ 
Շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ե­րե­կոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցին խմբերգ­ներ՝ ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Քա­րին Քաթ­րան­ճըօղ­լուի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Ա­նոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին նաեւ զա­նա­զան պա­րեր՝ պա­րու­սոյց Թա­մար Եաշ­կիւչ­լիւ­քա­լի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Պա­րու­սոյց Յա­կոբ Կիւ­լէչն ալ այլ խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ պատ­րաս­տած էր պա­րի կա­տա­րում­նե­րով։ 
Ե­րե­կոյ­թի խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ, երբ հա­տուե­ցաւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար պատ­րաս­տուած կար­կան­դա­կը։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ներ­քեւ ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­ներն ու յու­շա­նուէր­նե­րը։ Ա­շա­կերտ­նե­րը հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան՝ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեամբ։ 

  

Շաբաթ, Յունիս 17, 2017