ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
Պէյութի «Հայկազեան» հայագիտական համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ «Իրաքի հայերը» խորագրեալ գիտաժողով մը, որու ծրագրին հիման վրայ կատարուեցաւ բազմակողմանի աշխատանք մը։ Այս գիտաժողովը կազմակերպուեցաւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի աջակցութեամբ։ Նախաձեռնարկ կեդրոնին կողմէ այս մասին հրապարակուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած «Իրաքի հայերը» գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները:
Պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի եւ Իրաքի հայոց Առաքելական թեմերու առաջնորդները՝ Տ. Շահէ Ս. Փանոսեան եւ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի օգնական եպիսկոպոս Տ. Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներ, Իրաքի Առաջնորդարանի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սարգիս Չոլաքեան, իրաքահայ հիւրեր, կուսակցութեանց եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, լիբանահայ մամուլի պատասխանատու խմբագիրներ, լիբանահայ մշակութային դէմքեր, Միջին Արեւելքի հայօճախներու պատմութեամբ հետաքրքրուող մտաւորականներ:
Կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տագէսեան իր բացման խօսքին մէջ բարիգալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ նշեց, թէ «Հայկական Լեռնաշխարհին փոխյարաբերութիւնները Միջագետքի հետ աւելի հին են քան՝ Միջին Արեւելքի որեւէ այլ տարածքի: 12-րդ դարէն սկսեալ, ներքին օրինաչափութիւններով եւ արտաքին ազդակներով շեշտաւորուած հայկական կեանք մը կը վերընձիւղի ժամանակակից Իրաքի տարածքին: Իսկ այս գիտաժողովը ի միջի այլոց կը միտի ոչ միայն լուսարձակի տակ առնել Իրաքի հազարամեայ հայօճախը, այլեւ մեզ հրաւիրել առաւել ուշադրութեամբ մօտենալու, խորհրդածելու եւ մանաւանդ գործելու՝ շրջանի հայութեան անցեալի, ներկայի եւ գալիքի կենսագործունէութեան եւ դերին մասին: Ամբողջ Միջին Արեւելքը ունի շուրջ հազարամեայ հայկական նպաստի եւ բերքի արմատներ ու անհրաժեշտ է այս փաստը վերածել շօշափելի սոֆթ փաուըրի՝ յանուն հայ-արաբ բարեկամութեան, բարի դրացնութեան, արդիւնաւէտ գործակցութեան»: Տքթ. Տագէսեան համառօտ տեղեկութիւններ տալով գիտաժողովի ծնունդին, կազմակերպումի գործընթացին ու մասնակիցներուն մասին, բեմ հրաւիրեց այս գիտաժողովին հաւատացող եւ անոր յաջողութեան նիւթական մեծագոյն նպաստը բերող «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժինի տնօրէն, Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանը:
Տքթ. Փանոսեան ամփոփ ներկայացուց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հիմնումը, դերը, սկզբնական տարիները, անդրադարձաւ հիմնարկութեան ծաւալած տասնամեակներու գործունէութեան եւ անցած ուղիին, Միջին Արեւելքի մէջ կատարած տնտեսական-մշակութային զարգացման նպաստներուն եւ առանձնացուց անոր Իրաքի մէջ կատարած ներդրումները:
Վեր. Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան բարիգալուստ մաղթեց արտասահմանէն ժամանած հիւրերուն եւ լիբանահայ ներկաներուն: Ան առանձնացուց Իրաքի Հայոց Առաքելական Թեմի Առաջնորդ Տ. Աւագ Արքեպիսկոպոսի ներկայութիւնը, աւելցնելով նաեւ թէ «եթէ մէկ կողմէն այս եւ յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին ակադեմական անդրադարձ պիտի կատարուի իրաքահայութեան կենսագործունէութեան, ապա կարելի չէ նաեւ մոռացութեան մատնել այն ցաւը, փոփոխութիւններն ու կորուստները որ Իրաք ու իր բոլոր համայնքները կրեցին վերջին երկու տասնամեակներուն: Մենք կը գնահատենք յարատեւութիւնը բոլոր անոնց, որոնք մնացին հոն հակառակ բոլոր բրտութիւններուն»: Վեր. Հայտոսթեան նշեց, որ կեդրոնի մայիսեան այս գիտաժողովները սկսած են դառնալ սկզբնակէտ եւ ելակէտ նոր տրամախօսութեանց եւ ուսումնասիրութեանց, ու անդրադառնալէ ետք զանազան գիտակեդրոններու հետ ծաւալող գործակցութեանց, բարեմաղթանքներ կատարեց, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց ջանքերով գիտաժողովը ընթացք կ՚առնէ, Երջօ Սամուէլեանին, որուն նուիրատուութեամբ սկիզբ առաւ կեդրոնը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան՝ անոր նիւթաբարոյական աջակցութեան՝ ընդգծելով, որ Տքթ. Փանոսեանի ներկայութիւնը արտայայտութիւնն է այդ աջակցութեան: Հուսկ, ան հրաւիրեց Աւագ Սրբազանը իր սրտի խօսքը փոխանցելու:
Սրբազան Հայրը ներկաները ողջունելէ ետք «մեր Տիրոջ ընծայած խաղաղութեամբ «որ ի վեր է քան զամենայն միտս եւ զբանս», բարձր գնահատեց կեդրոնի այս նախաձեռնութիւնը՝ նուիրուած Իրաքի հայութեան, որոնք վերջին քառասնամեակին «անցան չորս պատերազմներէ, ահաւոր արգելափակումէ, տնտեսական տագնապներէ, ապահովութեան աննկարագրելի բացակայութենէ, ներքին եւ արտաքին արտագաղթէ: Այս բոլորին հետեւանքով ալ աղքատացաւ օրինակելի, աշխոյժ, աւանդապահ, եկեղեցանուէր, ազգասէր, ստեղծարար, շրջանակը շէնցնող, խաղաղասէր, կարգապահ, ազնիւ, տիպար իրաքցի քաղաքացիներով յառաջացած հայ համայնքը... հետեւաբար, ինչ լաւ է որ այս գիտաժողովը լոյս պիտի սփռէ իրաքահայութեան ունեցած բարեմասնութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ անոնց արձանագրած յաջողութեանց…»:
Առաւօտեան ժամը 10-ին սկիզբ առին գիտաժողովի նիստերը: Գումարուեցան ութ նիստեր, որոնց ընթացքին կարդացուեցան 34 զեկոյցներ՝ Ֆիլիփինէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Իրաքէն, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն եւ Պէյրութէն ժամանած փորձագէտներէ ու մասնագէտներէ: Զեկոյցները խմբաւորուած էին ըստ բնագաւառներու.- 1) Անցեալ պատմութիւն 2) Նախաեղեռն, ցեղասպանութիւն, գաղթավայրեր եւ գաղթականութեան աջակցութիւն 3) Հայկական կեանքի կերտումը Իրաքի մէջ (երեք նիստ) 4) Իրաքահայ նպաստը 5) Հայաստան եւ իրաքահայութիւն, 6) Իրաքահայերը այսօր:
«Աբբասեան Խալիֆայութեան վերջին պատմաշրջանը եւ հայկական ծագումով Աբբասեան խալիֆաները (991-1258)» նիւթով, Պասրա ծնած Պետրոս Թովմասեան ներկայացուց Աբբասեան Խալիֆայութեան (750-1258) 37 խալիֆաներէն ծագումով հայ երեքը՝ Ալ-Քասըմ (1031-1075), Ալ-Մուքթատի (1075-1094) եւ Ալ-Մուսթատի (1170-1180): Թովմասեան, որ հեղինակն է Աբբասեան Խալիֆայութեան վերջին պատմաշրջանը եւ հայութիւնը (991-1258) մենագրութեան, մանրամասնեց անոնց քաղաքականութիւնը, մշակոյթի եւ այլ կրօններու հանդէպ կեցուածքը եւ արժեւորեց նպաստը Խալիֆայութեան ԺԱ. դարու մշակութային եւ գիտական վերելքին:
Գահիրէի համալսարանի հայկական ամբիոնի վարիչ Տքթ. Սալահ Մահկուպ համառօտակի ներկայացուց կեդրոնին գործունէութիւնը եւ լուսարձակի տակ առաւ Մուսուլի հայ կառավարիչ Պատր ԷլՏին Լուլուն (ԺԳ. դար), անոր քաղաքական գործունէութիւնը եւ դերը շրջանի խառն բնակչութեան համակեցութեան պահպանման մէջ:
Տքթ. Գայիանէ Պօղոսեան լուսարձակի տակ առաւ ԺԸ. դարուն Պաղտատի մէջ ձեռագրուած ցարդ ծանօթ միակ բժշկարանը: Ան մանրամասնեց Բժշկարանին բովանդակութիւնը, իւրայատկութիւնները, լեզուն ու եզրակացուց որ ձեռագիրը ճաշակ մը կու տայ 1760-70-ականներու պաղտատահայութեան կենցաղին, հետաքրքրութիւններուն մասին:
Գահիրէէն հրաւիրուած Տքթ. Ուաֆա Մահմուտ անդրադարձաւ Մուսուլի մէջ ԺԸ.-Ի. դարերուն ապրած եւ գործած Չաքմաքճեան ընտանիքին, մանրամասնեց ընտանիքի հիմնադիրին Մուսուլ հաստատման պատճառները, յետագայ գործունէութիւնը եւ ընտանիքին նպաստը գաղթահայութեան ու Իրաքին:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկի աշխատակից Տքթ. Արտակ Մաղալեան խումբ մը հայ եւ օտար ճանապարհորդներու արձանագրութիւններուն հիմամբ ներկայացուց ԺԹ. դարու իրաքահայութիւնը:
Բնիկ պաղտատցի Մառլէն Մելքոնեան-Սեդրակեան տուաւ դիմանկարը «պաղտատցի» հայերուն, անոնց մտայնութիւնը, կենցաղը, խօսակցական լեզուն եւ բարբառը, ծագումը, բնակավայրերը, աշխատանքային ասպարէզը, սովորոյթները, անոնց աջակցութիւնը հայ գաղթականութեան եւ այլն:
Յայտնի ցեղասպանագէտ Տքթ. Հիլմար Քայզէր ծանրացաւ Մուսուլի նահանգի տեղին եւ դերին՝ Եղեռնի մէջ: Ան մատնանշեց որ Մայիս 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան Ներքին գործոց նախարարութիւնը Մուսուլի նահանգի որոշ շրջաններ նկատած էր «հայ տեղահանեալներու ուղարկուելիք [երեք] վայրերէն» մին, սակայն շատ փոքրաթիւ հայեր ղրկուեցան Մուսուլ, «որովհետեւ,- ան բացատրեց,- նպատակը Մուսուլ հասցնել չէր, այլ զանոնք սպառելն էր Մուսուլի ճամբուն վրայ գտնուող անապատներուն մէջ»:
Վերջերս Երեւանի մէջ Իրաքի հայօճախին նուիրուած իր տոքթորականը պաշտպանած, ծնունդով պասրացի Սեդա Օհանեան, հիմնուելով 1918-ի Վանի գաղթականութեան պարագլուխ Լեւոն Շաղոյեանի հարուստ արխիւի նիւթերուն վրայ, ներկայացուց գաղթականութեան ժամանումը Իրաք, մանրամասնեց Պաքուպայի ու Նահր Օմարի գաղթակայանները, անդրադարձաւ 1947-ի ներգաղթին, յետգաղթականական հայ բնակավայրերուն՝ Պաղտատի, Պասրայի, Մուսուլի, Զախոյի, Էրպիլի եւ զուտ հայաբնակ գիւղերու՝ Հաւրեզքի եւ Աւզրուկի ստեղծման եւ գոյատեւման պատմութեան:
Հիմնուելով Յովհաննէս Քահանայ Սիմոնեանի տոմարին վրայ, Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց 7 Նոյեմբեր 1918-ին հիմնուած Պաքուպայի որբանոցին մէջ ապաստան գտած 660 մանչ եւ 386 աղջիկ որբերու ժողովրդագրութիւնը, տարիքային պատկերը եւ հարցադրեց նման տարիքի հասարակութեան մէջ յառաջացող մտադրոյթին եւ մտայնութեան մասին:
Տքթ. Մահմուտի երկրորդ զեկոյցը նուիրուած էր իրաքահայ հանրային ամենահռչակաւոր կիներէն Սարա Իսկէնտէրեանին, ծանօթ՝ Սարա Խաթուն, կամ Սարա Զանկինա անունով: Ան արժեւորեց Սարային կեանքը՝ Իրաքի քաղաքական պատմութեան, ընկերային պայմաններուն եւ մշակութային իրավիճակի ենթահողին վրայ:
Սընթ Պենետիքթ գոլէճի Աստուածաբանութեան բաժանմունքին եւ Միննըսոթայի Սընթ Ճոնզ համալսարանի դասախօս Տքթ. Ճոն Արմաճանի ներկայացուց Իրաքի պատմութեան նորագոյն չորս՝ օսմանեան, բրիտանական, ազգային եւ ամերիկեան հանգրուանները եւ քննարկեց այդ հանգրուաններուն որդեգրուած սահմանադրութեանց հայերուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն վերաբերող հատուածներերը:
Տքթ. Օհանեանի երկրորդ զեկոյցը նուիրուած էր Պասրայի հայութեան անցեալին ու ներկային: Իրաքի հայկական երկրորդ մեծ համայնքը ձեւաւորուած է Պասրայի մէջ, ուր հայեր զանգուածաբար հաստատուած են ԺԸ. դարու Ա. քառորդին՝ Նոր Ջուղայէն:
Պատմութեան երիտասարդ հետազօտող Պետիկ Թորոսեան ՀԲԸՄ-ի արխիւային նիւթերու հիմամբ ներկայացուց Քերքիւքի 20-րդ դարու հայոց յետեղեռնեան պատմութեան որոշ դրուագներ՝ միութենական կեանքին, անդամակցութեան, մարդահամարին, կենցաղին եւ կենսամակարդակին, միջմիութենական մրցակցութեան, ներգաղթին, Սիւլէյմանիէի մէջ ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղ եւ ազգային վարժարան հիմնելու ճիգերուն, ծխատէր Մեսրոպ Քհնյ. Օրջանեանի գործունէութեան եւ այլն:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն, Տքթ. Վարդան Դեւրիկեան մանրամասն ներկայացուց իրաքահայ թեմի պատմականը:
Ռաֆայէլ Ումուտեան ներկայացուց Իրաքի հայ կաթողիկէ համայնքը՝ իր ծննդոցէն (1758) մինչեւ մեր օրերը:
Արխիւաբան, Հայաստանի Ազգային արխիւի մասնագէտ Գոհար Աւագեան ներկաներուն հրամցուց համապատկերը Իրաքի հայ դպրոցներուն՝ մինչեւ անոնց պետականացումը՝ 1974-ին, ըստ Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ մէկտեղուած նիւթերուն: Պարզուեցաւ որ արդէն 1924-ին հայկական ազգային վարժարաններ կը գործէին Պաղտատի, Պասրայի, Մուսուլի, Նահր Էլ Օմարի եւ Կիլանի մէջ:
Պաղտատ ծնած, այժմ ամերիկաբնակ Համբարձում Աղպաշեան, որ հեղինակն է ՀԲԸՄ-ի Իրաքի մասնաճիւղի պատմութեան գիրքին, ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը Իրաքի մէջ, ուր ՀԲԸՄ առաջին մասնաճիւղը հիմնուած է Պաղտատի մէջ 1911-ին, իսկ 1918-ին՝ Պասրայի մէջ: Այնուհետեւ մասնաճիւղեր հիմնուած են Մուսուլի, Քերքիւքի եւ Սիւլէյմանիէի մէջ:
Պաղտատ ծնած Շաքէ Արծիւեան-Աշճեան, անդրադարձաւ իրաքահայ իրերօգնութեան կազմակերպութիւններուն եւ առանձնացուց Իրաքի Հայ տիկնանց մշակութային միութիւնն ու Կիրակնօրեայ հաւաքը, որոնք ըստ փոփոխուող կարիքներու գործեցին իրաքահայ իրականութեան մէջ:
Պաղտատ ծնած Վարանդ Պետրոսեան մանրամասնեց 1926-ին հիմնուած Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան գործունէութիւնը, զոր բաժնեց հինգ հանգրուաններու:
Պէյրութահայ «Ազդակ» օրաթերթի երիտասարդ խմբագիր Նորա Բարսեղեան լուսարձակի տակ առաւ «Գոյամարտ» թերթը (8 Նոյեմբեր 1948-26 Օգոստոս 1954), որ փակուեցաւ պետական հրամանով եւ պահ մը վերահրատարակուեցաւ 1958-ին:
Հայաստանի մէջ Հայկազեան հայագիտական հանդէսի ներկայացուցիչ Տքթ. Արծուի Բախչինեան ներկաները ծանօթացուց իրաքահայ արուեստագէտներու, որոնք գոյն ու թափ տուած են թէ՛ իրաքահայ եւ թէ Իրաքի ու արտասահմանի մշակութային համապատասխան բնագաւառներուն:
Հայկազեան համալսարանի Արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի տեսուչ, Փրոֆ. Արտա Արսէնեան-Էքմէքճի լուսարձակի տակ առաւ Իրաքի պետական հայ պաշտօնատար Տիգրան Կարապետ Էքմէքճեանը (1880-1951), տուաւ անոր կենսագրութիւնը, անդրադարձաւ գործունէութեան՝ իբրեւ Իրաքի դատական գրասենեակի պաշտօնատար եւ Իրաքի սահմանադրութեան ծնունդին գործօն մասնակից:
Շահեկան այլ զեկոյց մըն էր Արմինէ Չուքասըզեանի հրամցուցած դիմանկարը իր հօր՝ լուսանկարիչ Յովհաննէս Չուքասըզեանի (1914-1994): Ան ներկայացուց լուսանկարիչին կեանքը իբրեւ որբ, ասպարէզային յառաջդիմութեան հանգրուանները եւ Պաղտատ հաստատուիլը՝ 1937-ին: Ուշագրաւ է, որ ան եղած է Իրաքի պետական հինգ պարագլուխներու պաշտօնական լուսանկարիչը:
Ծնունդով պաղտատցի Արա Աշճեան մանրազնին ուսումնասիրած է իրաքահայ կարկառուն դէմքերուն նպաստը՝ իրաքահայութեան, եւ կը պատրաստուի առանձին գիրքով հրատարակել իր ուսումնասիրութիւնը: Ան խօսեցաւ 20-րդ դարու իրաքահայ դէմքերու նպաստին՝ Իրաքի պետութեան եւ երկրին վերելքին՝ բժշկութեան, դեղագործութեան, լուսանկարչութեան, շարժարուեստի, մամուլի, գեղանկարչութեան, թատրոնի, երաժշտութեան, կրթութեան, գրականութեան, պատմագրութեան, մարզական, տնտեսութեան, առեւտուրին, ներածում-արտածումին, արհեստներուն, տեղական ճարտարարուեստին, զբօսաշրջութեան բնագաւառներու մէջ:
Նման բնոյթի այլ զեկոյց մը ներկայացուց հալէպահայ բանասէր Միհրան Մինասեան, որ առանձնացուց արաբերէն ստեղծագործած իրաքահայ գրողները, լուսարձակի տակ առնելով անոնցմէ մի քանին՝ Եա՚քուպ Սարգիսը (1875-1959), Հայր Ներսէս Վրդ. Սայէղեանը (1878-1953)՝ Իրաքի պատմութեան, տեղագրութեան, մշակոյթին ու հին գերդաստաններու պատմութեան նուիրուած գիրքերով ու յօդուածներով, բժիշկ Գրիգոր Ասթարճեանը (1885-1953)՝ արաբական գրականութեան, մշակոյթին եւ պատմութեան նուիրուած իր ստուարածաւալ հատորներով:
Գալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի Ժամանակակից եւ դասական լեզուներու եւ գրականութեան բաժանմունքի հայագիտութեան բաժնի տնօրէն, Փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան, հիմնուելով բրիտանական արխիւներու վրայ, մանրամասնեց 1921-1922-ին իրաքահայ գաղթականութեան ներգաղթը Խորհրդային Հայաստան, պարագաները, պայմանները, կարաւանները, դժուարութիւնները եւ այլն:
Երիտասարդ ազգագրագէտ Խորէն Գրիգորեան դաշտային ուսումնասիրական տուեալներու լոյսին տակ ներկայացուց Դարբնիկ հաստատուած իրաքահայերը ազգագրական դիտանկիւնէն, մանրամասնեց անոնց կենցաղը, Հայաստանը իբրեւ հայրենիք ընկալելն եւ իրենց գաղթը իբրեւ վերադարձ ըմբռնելը, աշխատանքային շուկան, տեղական պայմաններուն պատշաճիլը, նոր կենսաձեւի մեկնաբանումը եւ այլն:
Երեւանի Պետական համալսարանի Սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Տքթ. Արման Եղիազարեան ներկայացուց Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի գործունէութիւնը Իրաքի մէջ՝ կոմիտէի արտասահմանեան գործունէութեան ենթահողին վրայ:
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հաստատութենական հետազօտութիւններու պատասխանատու Անուշ Բեժանեան վերլուծեց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը՝ 2003-ի իրաքեան պատերազմի դիտանկիւնէն, մանրամասնելով, թէ ինչպէս եւ ինչ ելակէտերով Հայաստան ընդգրկուեցաւ այդ գործընթացին մէջ:
Գիտաժողովին վերջին նիստը եւս յատկացուած էր ժամանակակից խնդիրներուն. Երեւանի Պետական համալսարանի Արաբագիտութեան ամպիոնի դասախօս Տքթ. Սօնա Տօնիկեան քննարկեց Հայաստան-իրաքահայ յարաբերութիւնները 1991-2015-ին: Ան նկարագրեց այդ յարաբերութիւններով զբաղող պետական կառոյցները, անդրադարձաւ անոնց ծաւալած գործունէութեան: Նոյն ծիրին մէջ, Սփիւռքի նախարարութեան անձնակազմէն Ժենիա Կիւլպէնկեան ներկայացուց նախարարութեան ծաւալած գործունէութիւնը եւ բերած նպաստը՝ Հայաստան հաստատուած իրաքահայերուն՝ 2008-2017 շրջանին:
Կեդրոնի երիտասարդ աշխատակից, պլոկըր Եղիա Թաշճեանի նիւթը հայ քրտական յարաբերութիւններու լոյսին տակ կը քննարկէր Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ հայութեան անցեալի, ներկայի եւ գալիք յարաբերութիւններու բնոյթը եւ կը հարցադրէր անոնց զարգացման հեռանկարները:
Առողջական պատճառներով գիտաժողովէն բացակայած, ամերիկաբնակ իրաքահայ Խաչիկ Ճանոյեանի զեկոյցը ընթերցեց Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական բաժնի ուսանողուհի Վանա Դանիէլեան: Զեկոյցը անդրադարձաւ Իրաքէն հայութեան արտահոսքի տարիներուն, դրդապատճառներուն, ուղղութիւններուն եւ արտասահմանի մէջ անոնց ծաւալած գործունէութեան:
Գիտաժողովին վերջին զեկուցողը եղաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան անձնակազմէն Տքթ. Վլատիմիր Պօղոսեան, որ համապարփակ ներկայացուց Իրաքի Հայոց Թեմի շուրջ չորս տասնամեակի թեմակալ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի կենսագործունէութիւնը:
Նիստերը վարեցին տոքթորներ՝ Արտա Էքմէքճի, Նանօր Գարակէօզեան, Զաւէն Մսըրլեան, Արմէն Իւրնէշլեան, Ժոզէֆ ԷլԱղա, Անդրանիկ Տագէսեան եւ Եղիկ Թաշճեան ու Պետիկ Թորոսեան:
Աննախընթաց գիտաժողով մը եղաւ այս մէկը, ուր թերեւս կարելի էր աւելի արծարծել մերօրեայ խնդիրները:
Գիտաժողովը յատկանշուեցաւ թէ՛ փորձագէտ, հայօճախին մէջ գործօն դեր ստանձնած գործիչներու, թէ՛ մասնագէտներու եւ թէ երիտասարդ հետազօտողներու մասնակցութեամբ:
Ուշագրաւ էին իրիկնային զոյգ դասախօսութիւնները, որոնցմէ առաջինը (դատաւոր Քրիսթոֆըր Եանկի կողմէ ներկայացուած) աւելի շօշափելի դարձուց 19-րդ դարու իրաքահայ առընչութիւնները՝ բրիտանացիներու հետ, իսկ երկրորդը (Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի քարտուղար Սարգիս Քոթունեանի կողմէ)՝ ներկայացուց իրաքահայ ներկայ պատկերը: Շահեկան էր նաեւ Տքթ. Սեդա Օհանեանի Իրաքի հայօճախին նուիրուած մենագրութեան շնորհանդէսը:
Գիտաժողովին մասնակիցները կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն: Զեկոյցները կը զանազանուէին թէ՛ նիւթի բնոյթով, թէ՛ մեթոտոլոժիով եւ թէ յառաջացման եղանակով, երբեմն նաեւ՝ ենթակայականութեամբ: Ոմանք դաշտային հետազօտութեան, բանասիրական ուսումնասիրութեան, արխիւային պրպտումներու, իսկ ուրիշներ՝ փաստաթուղթերու վերլուծութեան վրայ հիմնուած էին: Անոնք, մանաւանդ իրաքահայերու պարագային, կը դրսեւորէին իրաքահայ համախոհութեան մը առկայութիւնը:
Ջերմ, ազատ, անմիջական, երկար քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան իրաքահայ անցեալին ու ներկային հայող շատ հարցեր, իրագործումներ:
Գիտաժողովի տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան ունկնդիրներ, իրաքահայ, Միջին Արեւելքի հայօճախներու ժամանակակից պատմութեամբ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ուսումնասիրութեամբ զբաղող փորձագէտներ, հետազօտողներ, մտաւորականներ, շաղախուեցան նոր մտածումներ, հաստատուեցան նոր ծանօթութիւններ եւ յարաբերութիւններ, որոնք կը ծառայեն սփիւռքագիտութեան: Ակնկալելի է, որ յառաջիկային լիբանանահայ համալսարանաւարտներ զեկոյցներ ներկայացնեն, խտացնելով շարքերը Միջին Արեւելքի մէջ հայկական նիւթերով հետաքրքրուող եւ ուսումնասիրող արհեստավարժ մասնագէտներու եւ սիրողական փորձագէտներու:
Գիտաժողովը նաեւ իւրօրինակ երախտիք եւ ճանաչում էր Իրաքի հայութեան կատարած հայկական եւ մարդկային ճիգերուն:
Կեդրոնի կազմակերպած վերջին չորս տարիներու գիտաժողովները Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի հայօճախներուն բեւեռուող լուսարձակներ են, որոնք նոր եւ հրատապ այժմէականութիւն կու տան Միջին Արեւելքի սփիւռքագիտութեան զարգացման, մղելով առընչուող հայութիւնը իր պատմութիւնը, դէպքերն ու զարգացումները շրջանի համապատկերով, Միջին Արեւելքի անդրսահմանային հայեցակարգով դիտելու եւ ընկալելու:
Բարերար Երջօ Սամուէլեանի նուիրատուութեամբ կեանքի կոչուած Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը շնորհակալ է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժնին, որ նիւթական կարեւոր աջակցութեամբ մը գնահատեց գիտաժողովը: Կեդրոնը շնորհակալ է նաեւ բոլոր միւս նուիրատուներուն՝ Մառլէն Մելքոնեան-Սեդրակեանին, Խաչիկ Ճանոյեանին եւ Լոս Անճելըսի Իրաքահայ ընտանիքի ընկերակցութեան, բոլոր մասնակիցներուն՝ զեկուցողներուն, որոնք իրենց մասնակցութեամբ հարստացուցին գիտաժողովը, ինչպէս նաեւ՝ ունկնդիրներուն, որոնք յատուկ մթնոլորտ յառաջացուցին եւ աւելի ծաւալուն դարձուցին գիտաժողովին անմիջական արդիւնքները:
Գիտաժողովին նիւթերը պիտի հրատարակուին յառաջիկային: Արդէն լոյս տեսած է Լիբանանի հայօճախին նուիրուած գիտաժողովին հատորը, շուտով կը հրապարակուի Սուրիոյ գիտաժողովին նիւթերուն հատորը:
Յառաջիկայ տարուան՝ կեդրոնի գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Եգիպտոս-Սուտան-Եթովպիոյ հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2018 Մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացք առած են:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն: