ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Եւրոմիութեան անդամ եւ անոր կողմէ հովանաւորուած Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Լիւքսեմպուրկի մէջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017