ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Յառաջիկայ Սեպտեմբերի երկրորդ կէսին Երեւանի մէջ նախատեսուած է Հայաստան-Սփիւռք համահայկական վեցերորդ համաժողովը, որուն ընդառաջ ծաւալուն նախապատրաստական աշխատանքներ յառաջ կը տարուին պատկան մարմիններուն կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, շաբաթավերջին այս մասին տեղի ունեցաւ նաեւ բարձր մակարդակով խորհրդակցութիւն մը։ Նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս խորհրդակցութիւնը, որու ընթացքին քննարկուեցան համաժողովի նախապատրաստական ծաւալուն աշխատանքները։

Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ նախորդ համաժողովը տեղի ունեցած էր 2014 թուականին եւ անցեալ երեք տարիներուն ընթացքին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի զանազան համայնքներէն ներս տեղի ունեցած են զգալի փոփոխութիւններ, ի յայտ եկած են նոր մարտահրաւէրներ ու հնարաւորութիւններ։ Ուստի, ան համոզուած է, թէ անհրաժեշտ է այդ հանգամանքները բազմակողմանիօրէն քննարկել յառաջիկայ համաժողովի ընթացքին։

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց համաժողովի ծրագիրը։ Ժողովականները այս կապակցութեամբ ներկայացուցին իրենց առաջարկներն ու դիտարկումները՝ որպէսզի համաժողովը իրականանայ կազմակերպչական բարձր մակարդակով եւ համահայկական կարեւորագոյն բոլոր հարցերը ընդգրկուին օրակարգի վրայ։

Նախագահ Սարգսեանի կողմէ տրուեցան համապատասխան յանձնարարականներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017