ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Արցախի ճակատին վրայ շաբաթավերջին առկայ էր մեծ լարուածութիւն։ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծին վրայ վերջին օրերուն նահատակուեցաւ չորս հայ զինուոր։ Ուրբաթ երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցած բախումներուն զոհ գացին երեք զինուորներ, իսկ Շաբաթ առաւօտեան ժամերուն Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին թիրախ դարձաւ նաեւ Նարեկ Գասպարեան (1997)։ Այս սպանութիւնները զուգադիպեցան Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ ձեռնարկուած ռազմափորձերուն։ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստիւ հակազդեցին եւ շեշտեցին, որ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն պատասխանը պիտի ըլլայ թիրախային եւ անհամարժէք։

Շփման գիծի լարուածութիւնը հերթական անգամ զուգադիպեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու տարածքաշրջանային այցելութեան։ Արդարեւ, միջնորդները կը գտնուին Պաքուի մէջ՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ հանդիպումներ ունենալու համար։ Անոնք նախորդ շաբաթավերջին ալ այցելած էին Հայաստան եւ Արցախ։ Ներկայ տարածքաշրջանային այցելութեան աւարտին կ՚ակնկալուի համանախագահներու համատեղ յայտարարութիւնը։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի զօրքերու ռազմափորձերը տեղի կ՚ունենան միջազգային չափանիշներու խախտումով, մասնաւորապէս Վիեննայի համաձայնագրի անտեսումով։ «Պէտք է նշեմ, որ, ըստ էութեան, սա այս տարի իրենց երկրորդ լայնածաւալ զօրավարժութիւնն է ու երկու պարագային ալ միջազգային հանրութիւնը չէ իրազեկուած ըստ Վիեննայի համաձայնագրին», ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան։

Մտահոգիչ է այն երեւոյթը, որ շփման գծին վրայ լարուածութիւնը լուրջ համեմատութիւններու հասած է՝ տակաւին զօրավարժութիւններու սկսելէն առաջ։ Արդարեւ, 19-24 Յունիս թուականներուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կ՚իրականացնեն լայնածաւալ ռազմափորձեր։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդումներով, զօրավարժութիւններուն կը մասնակցի քսաներեք հազար զինուորական։ Բաց աստի, հարիւրքսան միաւոր հրասայլ, մինչեւ հարիւրութսուն հրթիռահրետանային համակարգեր, ռատիօելեկտրոնիկ հետախուզութեան նոր համակարգեր, անօդաչու թռչող սարքեր եւ այլն։ Հարկ է նշել, որ նախորդ անգամ Ատրպէյճանի բանակը նման լայնածաւալ զօրավարժութիւն մը կատարած էր անցեալ Ապրիլին։

Մինչ այդ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ շաբաթավերջի իրադարձութիւններու լոյսին տակ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ ընդ-գըծւեցաւ հետեւեալը. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները իրենց վերջին յայտարարութեան մէջ դատապարտեցին հրադադարի խախտումները՝ մատնանշելով, որ Ատրպէյճանն է առաջին կրակը բացողը։ Ատրպէյճան այսպիսի սադրանքներով կ՚արձագանգէ այդ հասցէական յայտարարութեան՝ ի ցոյց դնելով իր ամբողջ արհամարհանքը»։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է նաեւ, որ համանախագահներու այցելութեան նախաշեմին Պաքու առանց միջազգային պարտաւորութիւններու համապատասխան ծանուցման կ՚իրականացնէ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ։ Իրավիճակի սրման ուղղեալ Ատրպէյճանի նոր քայլերը առաջին հերթին Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն նետուած հերթական մարտահրաւէրն է Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։ «Ակնյայտ է, որ Պաքու չի յաջողիր խաղաղ կարգաւորման գործընթացը տանիլ իր նախընտրած ուղիով եւ կը փորձէ առաւելութեան հասնելու պատրանք ստեղծել առաջնագծին վրայ, ինչ որ նոյնպէս դատապարտուած է ձախողման եւ յղի՝ անկանխատեսելի հետեւանքներու, առաջին հերթին իրավիճակի լարումը նախաձեռնող կողմին համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017