ՍԱՄՈՒԷԼ ՍԵՒԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ կը կարդանք.-

Ամերիկահայ 16-ամեայ Սամուէլ Սեւեան առաջին տեղը գրաւեց Քոլոմպիա շրջանի Մետէյլին քաղաքին մէջ աւարտած Ամերիկայի ճատրակի ախոյենութեան:

Ան վերջին՝ 11-րդ հանգրուանին, հաւասարեցաւ փերուցի Խորխէ Կորիի հետ: Այդպէսով, Սեւեան եւ եօթ այլ խաղացողներ վաստկեցան 8.5-ական կէտ: Լրացուցիչ հաշուարկներով մրցաշարքին յաղթող եւ Ամերիկայի ախոյեան հռչակուեցաւ Սամուէլ Սեւեան: Ոսկէ մետայլէն բացի, ան նուաճեց նաեւ 2017-ի աշխարհի բաժակի խաղարկութեան ուղեգիր, որ տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիզի մէջ:

Միւս հայ մասնակիցը՝ պրազիլահայ ճատրակի վարպետ Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան, 7 կէտով գրաւեց 35-րդ տեղը: Ութ հանգրուաններէն ետք 16-ամեայ վարպետը վաստկած էր 6.5 կէտ։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017