ՃԱԲՈՆԻ ՄԷՋ ՀԵՂԵՂՆԵՐ
Ճաբոնի մէջ շուրջ 300 հազար բնակիչներ իշխանութիւններէն յանձնարարութիւն ստացած են պատսպարուիլ տարհանման կեդրոններէ ներս յորդառատ անձրեւներու սպառնալիքի պատճառով, որոնք կը մոլեգնին երկրի արեւմտեան եւ կեդրոնական շրջաններուն մէջ: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, այդ մասին նոր կարգադրութիւնները այսօր տարածած են Համանացու քաղաքի իշխանութիւնները: Միայն այստեղ յանձնարարութիւնները կը վերաբերին մօտաւորապէս 290 հազար բնակիչներու: Աւելի առաջ համանման միջոցներու ձեռնարկած են Քումանօ եւ Նաթիքացուուրա քաղաքներու վարչակազմերը: Վերջին 12 ժամուան ընթացքին այս շրջաններէն ներս տեղացած է աւելի քան 200 միլիմեթր, որոշ շրջաններէ ներս աւելի քան 400 միլիմեթր անձրեւ, իսկ շարք մը շրջաններու մէջ անձրեւներու սաստկութիւնը կը գերազանցէ ժամական 50 միլիմեթրը: Ներկայիս ցած ճնշման գօտին կը շարժի դէպի հիւսիս-արեւելք եւ օրուան ընթացքին կ՚ընդգրկէ մայրաքաղաքի տարածքաշրջանը: