ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ԱՐՏ ՖԵՍՏ» ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐՆԵՐԸ

Հայաստանի մէջ աւարտեցաւ «Արտ ֆեստ» միջազգային երիտասարդական փառատօնը, որ տեղի ունեցաւ Յունիսի 8-19 թուականներուն միջեւ եւ կրեց «Մէկ տանիքի ներքոյ» խորագիրը: Այսպէս, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին փառատօնը ամփոփեցին կազմակերպիչներն ու դատակազմի անդամները:

«Այս տարուան փառատօնը աննախադէպ էր նորարարութիւններով: Ընդգրկած էինք նաեւ գրականութեան ոլորտը: Նուաճում կը համարեմ այն, որ մենք հնարաւորութիւն ունեցանք ստորագրել ուքրանական պատուիրակութեան հետ յուշագիր, որ կ՚ենթադրուի մշակութային նոր համագործակցութիւններու մեկնարկ», ըսաւ «Արտ ֆեստ» փառատօնի նախագահ Էրիկ Բարսեղեան։

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ Էրիկ Բարսեղեան նշեց, որ ձեռքբերումներու հետ միասին փառատօնը ունէր նաեւ թեքնիկական եւ այլ բացեր, որոնք պայմանաւորուած էին գանձատրման խնդիրներով: Ան ընդգծեց, որ կ՚ընէ ամէն բան փառատօնի իրականացման գործընթացին մասնաւոր ներդրողներ ներգրաւելու համար:

Իսկ բեմադրիչ Վիգէն Չալտրանեանի անդրադարձաւ, որ «Արտ ֆեստ»ը կ՚ո-գեւորէ ոչ միայն երիտասարդները, այլեւ երէց սերունդի ներկայացուցիչները: «Եթէ դուն անտարբեր չես քու երկրի, արուեստը իրենց ձեռքը վերցնող երիտասարդներու հանդէպ, միշտ պատրաստ պիտի ըլլաս ամենաշնորհակալ հասարակական գործունէութիւնը ծաւալել: Կային բազմաթիւ հետաքրքրական աշխատանքներ, սակայն մեզ զարմացուց Շողեր Պետրոսեանի «Հայրենի հող» ժապաւէնը, որ երեք անուանակարգէ ներս մրցանակի արժանացաւ: Ցաւօք, չկար լաւագոյն բեմագրութիւն, բայց ներկայացուած երեք բեմագրութիւնները մօտ էին արհեստավարժին», ըսաւ դատակազմի անդամներէն Վիգէն Չալտրանեան:

Փառատօնի դատակազմի անդամ դերասանուհի Լալա Մնացականեան ըսաւ, որ անդաւաճան կը մասնակցի «Արտ ֆեստ»ին: Ան շեշտեց, որ փառատօնները երկրի մշակութային քաղաքականութեան կարեւոր մասն են, եւ անոնց նպատակը արուեստի այս կամ այն ճիւղը հանրութեան ճանաչելի դարձնելն ու մարդիկը անոր մօտեցնելն է: «Այս փառատօնը շատ կը կարեւորեմ, քանի որ ան կ՚ընդգրկէ երիտասարդները, որոնք չեն վախնար սխալելէ ու չեն մտածեր իրենց ըրած աշխատանքի հետեւանքներու մասին: Կը ներկայացնեն հետաքրքրական, համարձակ գործեր ու ինքնավստահութիւն ձեռք կը բերեն: «Արտ ֆեստ»ը բազմաթիւ նոր անուններ բացայայտեց», նշեց Լալա Մնացականեան:

Ինչպէս ծանօթ է, «Արտ ֆեստ»ը կ՚ընդգրկէ արուեստի շուրջ տասը ճիւղեր՝ գրականութիւն, կերպարուեստ, թատերարուեստ, շարժարուեստ, երգարուեստ, տիզայն եւ բեմայարդարման կիրառական արուեստ, հագուստի ձեւաւորում: Փառատօնի նպատակը ստեղծագործ երիտասարդներու շրջանակին մէջ մասնագիտական հմտութիւններու զարգացումը խթանելն է, փորձի փոխանակումը, միջազգային հարթակ ստեղծելը, նոր անուններ բացայայտելը:

Գրականութեան ոլորտէն ներս լաւագոյն թատրերգութիւն ընտրուած է Հրանդ Շիրինեանի «Թայիթի» գործը, լաւագոյն դերասանուհի՝ Էմիլիա Նալպանտեանը, «Լաւագոյն կրաֆիք» անուանակարգին մէջ յաղթած է Կարօ Հաճի Ասլանեանը, լաւագոյն քանդակ համարուած է Ալիսիա Գէորգեանի գործը, լաւագոյն դերասան հռչակուած է Ներսէս Աւետիսեանը, լաւագոյն շարժանկար՝ Շողեր Պետրոսեանի «Հայրենի հող» ժապաւէնը: «Լաւագոյն երիտասարդական հաւաքածոյ» անուանակարգին մէջ յաղթած է Յասմիկ Պարոնեան, իսկ լաւագոյն ազգային հաւաքածոյ համարուած են Լիլիթ Դոխոեանի ձեւագծած հագուստները:

Մրցանակակիրներ եղած են նաեւ այլ անուանակարգերու մէջ:

«Արտ ֆեստ» երիտասարդական միջազգային փառատօնը տեղի կ՚ունենայ 2013 թուականէն ի վեր Երիտասարդ ստեղծագործողներու միութեան, Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական կաճառի, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ: Փառատօնի ստեղծման առաջին տարին մասնակիցներու թիւը եղած է հարիւր երեսուն երիտասարդ, իսկ այս տարի՝ հինգ հարիւր:

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2017