ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՆՊԱՏԱԿ

Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ ապահովել 5 տոկոսի մակարդակով տնտեսական աճ։ Այս յաւակնոտ նպատակը արդէն քաղաքական կեանքէ ներս լայն քննարկման առիթ դարձած է։ Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանով յայտնեց, որ կառավարութեան ծրագրին մէջ կան Հայաստանի առկայ մարտահրաւէրներուն դիմակայելու ուղիները։ Շարմազանով նաեւ նշեց, որ տարեկան առնուազն 5 տոկոս տնտեսական աճ ապահովել կը պատրաստուի կառավարութիւնը։ Բաց աստի, կը ծրագրուի առնուազն 25 տոկոսով բարձրացնել նուազագոյն աշխատավարձը, կրճատել գործազրկութիւնը եւ 12 տոկոսի համեմատութիւնով կրճատել աղքատութիւնը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանն ալ երէկ երկրի խորհրդարանի ամպիոնէն պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն։ Մասնաւորապէս 2018 թուականէն վերջ իր պաշտօնավարութեան հաւանականութեան խնդրին անդրադարձաւ Կարէն Կարապետեան եւ ըսաւ. «Այն հանգամանքը, որ մեր կառավարութեան ծրագիրը ճշդած ենք 2017-2022 թուականներուն համար, որոշ առումով կը պատասխանէ ձեր հարցման»։

Հայաստանի կառավարութեան ծրագրի քննարկումներուն ընթացքին վարչապետը պատրաստակամութիւն յայտնեց նաեւ խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւններուն հետ քննարկելու համար ծրագրին մանրամասնութիւնները։

Իր կարգին, Եդուարդ Շարմազանով եւս ակնարկեց այդ խնդրին։ Պատասխանելով ընդդիմադիր երեսփոխաններու հարցումներուն՝ ան ըսաւ հետեւեալը. «Անկախ վարչապետի անձէն՝ գործ պիտի ունենաք քաղաքական իշխանութիւններու հետ»։ Ան յիշեցուց, որ երկիրը այլեւս խորհրդարանական կառավարման համակարգի կ՚անցնի եւ ընտրութիւններուն ժամանակ ժողովուրդը վստահութիւն յայտնած է քաղաքական համախոհութեան ուժերուն՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2017