ՄՏՄՏՈ՞ՒՔ, ԹԷ ԵՐԱԶ
Ու ահա երազս.-
Սա՞րդ ես, ի՛նչ ես,
չէ՛, մտմտուքն է,
որ ոստայնով պատած է.
սարդի ալ կը նմանի հա՛,
ու պատեց զիս,
ոտքերս, ձեռքերս
կապեց անմիջապէս.
-Օգնութի՜ւն,
չէ, չէ երազ է,
մի՛ վախնար:
Ահա հոս ապաթարց մը,
հոն ստորակէտ մը,
կախման կէտ մը.
-Ծօ՛, հո՞ս ալ կախուեր ես:
Ու ոստայնին մէջ կը տապլտկիմ,
ոտքերս, ձեռքերս ազատել կ՚ուզեմ...:
Առաստաղէն կախուած լոյսին փշուրը
հասաւ ահա,
հասաւ, աչքիս շատ մօտ է,
մէջը պիտ մխուի.
-Ի՞նչ ընեմ,
կողմնորոշուէ՜,
աչքերուս ծայրով չորս դին բան մը կ՚որոնեմ:
Ահա հեռաձայնս հասաւ օգնութեան,
բայց ինչպէ՞ս բռնեմ,
տղուս պատկերը կ՚արտացոլայ անոր պաստառին վրայ,
նամակ կը գրէ.
«Մա՛մ, ի՞նչ ունիս, խօսէ՛, հի՛մա»:
Երա՞զս ալ կը զգայ,
բայց ինչպէ՞ս պատասխանեմ,
կը պոռամ բարձրաձայն,
բայց երազը կը լսե՞ն:
Ահա տառերը կը թռին շուրջս.
Աչքերով հաւաքեմ ու «ազատութի՛ւն» գրեմ,
թերեւս մէկը կարդայ,
բոլոր տառերը գլխագիր են.
է՛, աւելի լաւ,
մէկ «այբ» կայ միայն,
իւրաքանչիւր տառէն մէկ գլխագիր,
միայն «ԱՂՕԹՔ» կրնամ գրել:
Յոգնեցայ այս կեցուածքէն,
շարժիլ կ՚ուզեմ
ազատիլ
թող վերջ գտնէ այս երազը,
չէ՞ որ կարճ են երազները
կամ ալ մէկը թող բարձս ցնցէ.
այդպէս կ՚ընէի երբ ամուսինս խռկար:
Արթննա՛մ, գրեմ տղուս, թող միտքը
հանգստանայ,
մէկը չի՞ լսեր,
թերեւս ալ կը զառանցեմ,
կը քրտնիմ,
հիմա վստահ բարձս թաց է...:
***
«Մա՛մ, մա՛մ, ի՞նչ ունիս, արթնցի՛ր»,
տղուս ձայնն է, բարձս կը շարժէ.
-Չէ՛, բարձ շարժող մը ունիմ եղեր,-
իւֆ, վերջապէս, պիտի արթննամ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ