ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՎԷՅՍԻ ՔԱՅՆԱՔ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՐԸ ԵՂԱՒ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՍԱՐՔՈՒԱԾ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆԻՆ
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հաստատութիւններուն անունով կազմակերպուած իֆթարի սեղանին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին աւանդութիւն մը դարձած է նման ընթրիքներու կազմակերպումը։ Սոյն հաւաքոյթները առիթ կը հանդիսանան, որպէսզի ոչ-իսլամ կրօնական փոքրամասնական առաջնորդները եւ անոնց հաստատութիւններու վարիչները անմիջական մթնոլորտի մը մէջ համախմբուին պետական աւագանիէն դէմքերու, բարձրաստիճան դիւանակալներու ու մանաւանդ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վերնախաւին հետ։ Փոքրամասնական համայնքները հերթով կը ստանձնեն այս իֆթարներուն տանտիրութիւնը։ Այս տարի հերթը ասորի համայնքինն էր։ Ուստի, Աթաշեհիրի մէջ, ասորի համայնքին պատկանող համալիրէ մը ներս սարքուեցան իֆթարի սեղանները։ Թէեւ ասորի համայնքին հիւրընկալմամբ տեղի ունեցաւ ընթրիքը, սակայն ի պաշտօնէ գլխաւոր կազմակերպիչն էր՝ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաք։ Վերի լուսանկարին մէջ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կ՚երեւի Վէյսի Քայնաքի, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի, Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինի, գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշի, Թորոս Ալճանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի հետ։ Ընթրիքին ներկայ էին նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը եւ Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսաք Հալեւա։ Թրքահայ համայնքային հաստատութիւններուն կողմէ ալ բազմաթիւ վարչայիններ ներկայ գտնուեցան երէկուան հաւաքոյթին, որու ընթացքին Թորոս Ալճան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։