ՄՏԱՅԻՆ ՄԱՐԶԱՆՔ

Մտածելը՝ մարդուս ամենէն յատկանշական արարքն է, քանի որ ան միակ էակն է որ բանականութիւն ունի՝ կը խորհի, կը դատէ եւ կ՚որոշէ։ Ամէն մարզի մէջ, եւ մանաւանդ մտային զարգացման համար ալ անհրաժեշտ է վարժութիւնը՝ մտային մարզանքը։

Մարդ երբ կ՚անդրադառնայ իր բանականութեան, առաջին հակազդեցութիւնը կ՚ըլլայ հարցումներ հարցնել՝ պարզ եւ էական հարցումներ. «ի՞նչ», «ինչո՞ւ», «ինչպէ՞ս»։ Եւ այսպէս կը սկսի մտային մարզանքը։

Կան երբեմն պարզ խօսքեր, նախադասութիւններ, նոյնիսկ բառեր՝ որոնք մարդ կ՚առաջնորդեն խորհելու, խորհրդածելու, ընդարձակ հորիզոններ բանալու իրենց մտային աշխարհին մէջ։ Արդարեւ, յաճախ կը պատահի որ բա՛ռ մը, մտածող միտերու առիթ կու տայ ժամերով խորհելու, գաղափարներ արտադրելու, էջեր լեցնելու անոցմով…։

Անգամ մը եւս կրկնենք. հմտութիւնը, ճարպիկութիւնը ա՛յն է, որ մարդ կրնայ քիչ խօսելով շա՜տ բան ըսել, ինչպէս ոմանք շատ կը խօսին եւ ո՛չինչ կ՚ըսեն, իսկ ոմանք՝ քիչ եւ իմաստուն մարդիկ, քիչ կը խօսին եւ շա՜տ բան կ՚ըսեն։

Եւ այս մտածումներով հաւաքել փորձեցինք խօսքեր՝ որոնք կարճ են, բայց երկար խորհրդածութիւններու առիթ կը ստեղծեն, կերպով մը մտային մարզանքի դուռ կը բանան՝ միտքը վարժ կը դարձնեն եւ կը զարգացնեն։ Դեղահատի մը նման՝ փոքր են բայց մե՛ծ գործեր կը տեսնեն…։

Ահաւասիկ այդ խօսքերէն օրինակներ։

- Առակը յիմարին բերնին մէջ՝ գինովին ձեռքը մտնող փուշին պէս է։

- Ամէն բան իր ժամանակին ու տեղին վայելուչ է։

- Վաղուան համար մի՛ պարծիր, չես գիտեր թէ օրը ի՛նչ պիտի ծնանի…։

- Նման զնման գտանէ։

- Երեք տեսակ բարեկամութիւն գոյութիւն ունի.

Առաջինը՝ «հաց»ի նման է՝ ամէն օր կը փնտռես։

Երկրորդը՝ «դեղ»ի նման է՝ պէտք եղած ժամանակ կը փնտռես։

Երրորդը՝ «մանրէ»ի նման է՝ ա՛ն կու գայ քեզ կը գտնէ։

- Ծխիկը հաճելի՜ բարեկամ է. բայց կը քանդէ թոք, սիրտ, լեարդ, երիկամ… եւ կը կրճատէ կեանքը…։ Ուրեմն հեռո՜ւ այդ բարեկամէն. Մի՛ ծխէք…։ (Լա՛ւ է չծխել…)։

- Ո՛վ որ լռել գիտէ՝ արդէն շա՜տ բան գիտէ…։

- Սխալներ կրկնողներու հանդէպ կամաւոր լռութիւն պահողները աւելի՛ յանցաւո՛ր են։

- Իր սխալներուն անդրադարձող մէկը կարելի չէ՛ որ չներէ ուրիշներուն։ (Վիքթոր Հիւկօ)։

- Եթէ բարկութիւնը գրգռես՝ կռի՛ւ կ՚ելլէ։

- Սիրէ՛ աշխատանքը՝ որպէսզի դո՛ւն քու վաստակդ ուտես եւ ուրիշներուն ալ կարենաս տալ։

- Վէճը կռիւ չէ՛, եւ յաճախ շինիչ է՝ առիթ կու տայ որ կողմերը արտայայտը-ւին եւ հարցերուն լուծումներ փնտռեն։

- Վիճաբանութիւնը եւ քննադատութիւնը ամենէն նուրբ արուեստներն են՝ հմտութիւն, իմաստութիւն եւ նախանձախնդրութիւն կը պահանջեն, եւ նաեւ՝ չափաւորութի՛ւն։

- Կարեւորը՝ ի՛նչ ըսելը չէ, այլ՝ այն ի՛նչ որ պէտք է ըսելէ խուսափիլ եւ այն ի՛նչ որ պէտք չէ՛ ըսել։

- Երբ բարկութիւնը կու գայ՝ մարդուս աչքը կը կարմրի, եւ երբ բարկութիւնը կ՚երթայ՝ մարդուս երե՛սը կը կարմրի։

- Մարդ կը ծրագրէ՝ Աստուած կը ծիծաղի՛։

- Եթէ Աստուած գոյութիւն չունենար՝ մարդիկ իրենց աստուած մը պիտի ստեղծէին։ (Մ. Ա. Վոլթէր)։

- Լա՛ւ է մաշիլ՝ քան ժանգոտիլ…։

- Լաւագոյնը լաւին թշնամի՛ն է։

- Կը խորհիմ՝ ուրեմն գոյութիւն ունիմ։ (Տէքարթ)։

- Անգիտութիւնը երջանկութի՛ւն է։ (Շէյքսփիր)։

- Իրա՛ւ մարդը՝ ճգնութեան, ծառայութեան եւ խոնարհութեան երրեակ արժանիքներով յաւիտենականացած մա՛րդն է։ (Գարեգին Ա. Կաթողիկոս)։

- Մարդը մարդուս գա՛յլն է. «homo homini lupus est». (Պղատոս եւ ապա՝ Հոպս)։

- Երիտասարդներ կամենային, տարեցներ կարենայի՛ն։

- Սքեմը չէ՛ որ մարդս կը բարձրացնէ, այլ՝ մա՛րդն է, որ սքեմին արժէքը վե՛ր կը պահէ։ (Ֆրանսական առած)։

- Վերէն նայելով՝ մարդ բարձրացած չ՚ըլլա՛ր։

- Ինքնաճանաչութիւնը իմաստութեան նախաքայլն է եւ առաքինութիւններու սկզբնակէ՛տը։

- Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ։

- Լեզուն կակուղ միս մըն է. բայց ի՜նչ ոսկորներ կը ջարդէ։

- Աչքը տեսնելու չի կշտանար, ականջը լսելով չի լեցուիր։

- Ո՛վ որ պէտք չեղած խօսք կ՚ըսէ, չախորժած խօսքը կը լսէ։

- Մինչեւ գտնես արքայութեան բանալին, յանկարծ կը տեսնես որ արդէն փոխեր են կղպանքը։

- Մարդիկ սովորաբար առաջին անգամ կ՚ամայանանան սիրելով, երկրորդ անգամ՝ հաշիւով, իսկ երրորդ անգամ՝ արդէն սովորութիւն դարձած կ՚ըլլայ։ (Ժողովրդական առած)։

- Փաստօրէն վերջը կը խնդայ ան՝ որ ուշ կը հասկնայ։ (Ժողովրդական առած)։

- Սխալը ճանչնալը խելացութիւն է. իսկ խոստովանիլը՝ քաջութի՛ւն։

- Քեզ ուրիշը թող գովէ, ո՛չ թէ քու բերանդ։

- Սիրոյ շէնքը հաստատուն կ՚ըլլայ՝ որուն առաջին յարկը կը բնակի յարգա՛նքը։

- Գլուխ եւ անդամներ՝ միստիկական միակ եւ նո՛յն անձեր են։ (Սուրբ Թովմաս Աքուինացի)։

- Ողջախոհութիւնը մեզ կը վերակազմէ. ան կը տանի մեզ այն ներքին միութեան, զոր մենք կորսնցուցած էինք տարտղնուելով։ (Սուրբ Օգոստինոս)։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 22, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 24, 2017