ՄԱՐՄԻՆԸ ԵՒ ՀՈԳԻՆ

Ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, մարդ էակը կազմուած է մարմինէ եւ հոգիէ՝ որոնցմով ամբողջութիւն մը կը կազմէ։

Մարդ ունի նաեւ միտք՝ բանականութիւն, որ իրեն յատուկ կարողութիւն մըն է, որուն շնորհիւ ան կ՚ըլլայ դատող, որոշող, կամքի տէր «անձ» մը՝ որ կը գործէ իր մարմինով եւ թէ՛ հոգիով։ Ուրեմն մարդ՝ մարմնի, հոգիի եւ մտքի ամբողջութիւն մըն է, որ առանց անոնցմէ մէկուն՝ միւսները գրեթէ կը կորսնցնեն իրենց գործունէութիւնը՝ իբրեւ «ա՛նձ»։

Մարմինին եւ հոգիին միջեւ կենսական կապ մը կը գտնուի, եւ ուստի ի՛նչ որ կ՚ազդէ մարմինին, կ՚ազդէ նաեւ հոգի՛ին, եւ ինչպէս նաեւ անպատճա՛ռ՝ մտքին, եւ կ՚այլափոխէ զանոնք՝ կը տկարացնէ կա՛մ կը զօրացնէ ազդեցութեան բնոյթին համաձայն եւ կամ բոլորովին կը փճացնէ։

Այս իմաստով կան ֆիզիքական եւ գաղափարական ազդեցութիւններ։ Կան նայուածքներ, զոր օրինակ, կ՚ազդեն մարմնական գործունէութեան վրայ, ջիղերու եւ արեան շրջումի վրայ, եւ նաեւ հոգիին ու մտածութեան վրայ, եւ կը փոխեն մարդուս տրամադրութիւնը։

Ուստի կան նաեւ ազդակներ՝ որոնք մարդկային բնութեան մէջ կը ծնին, ընդաբոյս են, կիրքեր՝ որոնք կ՚աճին եւ իրենց ազդու դերը կը կատարեն։ Այս մասին կը վկայէ Յիսուս երբ կ՚ըսէ, թէ՝ «միայն բերնէն մտածը չէ՛ որ կը պղծէ մարդը, այլ՝ ի՛նչ որ բերնէն կ՚ելլէ», այսինքն, թէ մարդուս ազդող կիրքերու եւ այլ ազդակներու «աղբիւր»ը իրմէ դուրսը չէ ամէն ատեն, այլ եւ յաճախ, իր իսկ մէ՛ջն է։

Զոր օրինակ, սիրելի՜ բարեկամներ, առնենք չարախօս, ստախօս եւ բամբասող լեզո՛ւն։ Ժողովրդական իմաստութեան արտայայտութիւնը՝ առած մը կ՚ըսէ. «Լեզուն սրտին աւեցուքը դուրս կու տայ»։ Ուստի, եթէ մարդու մը սիրտը՝ «թոյնի սրուակ» մը չըլլայ, լեզուն ալ թոյնի մէջ չի թաթխուիր։ Յայտնի իրականութիւն մըն է թէ՝ հնդիկներու ամենէն մահացու զէնքն էր թունաթաթախ նետը։ Եւ սակայն կրկնապէս մահացու է լեզո՛ւ մը, որ թաթխուած է ատելութեան, բամբասանքի, անէծքի, ստութեան եւ զրպարտութեան թոյնին մէջ։

«Նենգաւոր լեզուով մարդ չարիքի՛ մէջ կ՚իյնայ…», կ՚ըսէ Առակախօսը։ Նաեւ կան ուրիշ առակներ, որոնք կը խօսին լեզուի չարութեան եւ մահացու ազդեցութեան մասին. «Տէրը կը զզուի ստախօս լեզուէն, ստութիւն խօսող անիրաւ վկայէն, եւ եղբայրներու միջեւ կռի՛ւ ցանող մարդէն»։ Իսկ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Բռնութեան լեզուն՝ չարութիւններ կը հնարէ եւ սուր ածելիի պէս նենգութիւն կը գործէ»։ Եւ ըստ Իմաստունին՝ «մահը եւ կեանքը լեզուին ձե՛ռքն են»։

Լա՛ւ, ուրեմն, ինչո՞ւ համար լեզուն, ընդհանրապէս, մարդ կը ծառայեցնէ, եւ կը գործածէ չարիքի, մեղքի եւ մահուան որպէս գործիք, փոխանակ կեանքի ճոխացման եւ բարեգործութեան։ Ինչո՞ւ համար մարդ չի ձայնակցիր Սաղմոսերգուին ըսելով. «Իմ լեզուս Քու արդարութիւնդ պիտի խօսի ու ամէն օր՝ Քու գովութիւնդ», եւ դարձեալ. «Իմ խօսքերս պիտի ըլլան քու խօսքերդ, եւ իմ լեզուս պիտի պատմէ քու խօսքերդ»։ Ուստի, մարդ պէտք է բերանը խոհեմութեամբ եւ իմաստութեամբ բանայ, եւ իր լեզուին տիրող, տիրապետող օրէնքը ըլլայ «քաղցրութիւն»ը։

Քաղցր լեզուն դարմա՛ն է ամէն անհամաձայնութեան։

Մարդ էակին սրտի նախանձն ալ այնքան ահաւոր ու կործանիչ թո՛յն մըն է, որքան իժի մը ժանիքին մէջ մթերուած մահացու թոյնը։ Նախանձը մահացու թոյն մըն է՝ որուն աղբիւրը սի՛րտն է, եւ այնտեղէն կը բխի։ Արդարեւ, ճշմարտապէս մեծ եւ վեհութիւն ունեցող, իրապէս իր իսկ ուժերուն վստահող՝ ինքնավստահ մէկը երբեք պիտի չնախանձի այն անձերուն՝ որոնք իրմէ գերազանց կարողութիւններով, յատկութիւններով օժտուած են, իրմէ աւելի կը սիրուին, իրմէ աւելի օգտակար եւ արդիւնաւոր ծառայութիւններու մէջ՝ աւելի բարձր դիրքերու եւ աստիճաններու տէ՛ր են։

Ուստի նախանձը՝ ներքին հոգեւոր ախտ մըն է՝ որ կ՚ապականէ, կը պղծէ նախ՝ նախանձողը, եւ ապա՝ նախանձի առարկան, ենթարկուող անձը։

«Նախանձը ոսկորներու փտութիւն է», կ՚ըսէ Առակախօսը։ Նախանձը՝ մարդս սպաննող ներքին ախտ մըն է։

Ուստի, նախանձը՝ մարդու մը ստորակայութեան բարդոյթի կամ ստորադասութեան գիտակցութեան (=inferiority complex) ամենէն բացայայտ ապացոյցն է։ Ուրեմն սապէս պէտք է խորհիլ՝ ան որ զուրկ է արժանիքէ՝ կը նախանձի՛ երբ ուրիշի մը մէջ արժանիք տեսնէ։ Արդարեւ, ըստ Յակոբոս Առաքեալի, շատերու մէջ «նախանձոտ հոգի մը» կը բնակի։ Մարդուս «ներքին թշնամի»ն իր լեզուն ալ կը թշնամացնէ ուրիշներուն դէմ։

Քրիստոնեայ ըլլա՛լ՝ ինչ որ կը նշանակէ՝ մարդկային ընդոծին, բնիկ ձգտումները, կիրքերը եւ փորձութիւններուն անդրադառնալ եւ զսպել, եւ սրբագրել գիտնալ, չկրկնելու համար կարելին ընել։

Դարձեալ, քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ՝ Քրիստոսը օրինակ ունենալ բոլոր խօսքերուն, զգացումներուն, խորհուրդներուն եւ միտումներուն մէջ։ Ուստի իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ երկիւղն է. այո՛, երկիւղ, բայց նաեւ՝ քրիստոնեային համար Քրիստոսի անսահման սէ՛րը։

Բայց պէտք է անկեղծ ըլլալ եւ խոստովանիլ, թէ շատերու համար, որ քրիստոնեայ են անունով, եւ սակայն քրիստոնէութիւնը դադրած է դիմադրական եւ պաշտպանողական ուժ մը ըլլալէ ընդդէմ այն մեղքերուն՝ որոնց ակը նիւթապաշտութիւնն է՝ մարդը տեսնել միա՛յն իր մարմնական եւ ֆիզիքական էութեամբ եւ անտեսել՝ հոգեկանը եւ մտաւոր կազմութիւնը։ Ամէն հատուածի եւ ամէն դասակարգի համար՝ նիւթականը, նիւթական ստացուածքը, հարստութիւնը կը թուի ըլլալ գերագոյն բարիքը՝ որուն հասնելու համար պատրա՛ստ են զոհելու հոգին ու միտքը, բարոյական ամէն արժէք, ճշմարտութիւն, արդարութիւն, առաքինութիւն, ազնուութիւն։ Անունով քրիստոնեան այսօր կիսովի կամ ամբողջովին կորսնցուցած է իր քրիստոնէութիւնը, եւ անիկա մնացած է միա՛յն «պիտա՛կ» մը։

Մարդիկ թէեւ աշխարհի վրա՛յ են միշտ, հոն կ՚ապրին այս ժամանակաւոր կեանքը, մարմնապէս, եւ սակայն այս պէտք չէ՛ նշանակէ ըլլալ՝ աշխարհքէն, ինչպէս են ամէն դարու, ամէն շրջանի անհաւատներ։ Այլապէս կարեւորը՝ կարեւորագոյնը, մարմին-հոգի-միտք՝ այս երեքը, որոնք անբաժանելի եւ անուրանալի են «մարդ» կազմութեան համար, կարենալ ներդաշնակել, կարենալ հաւասարակշռել եւ կարենալ չափաւորե՛լն է։ Նիւթապաշտ իմաստասիրութիւնը պատճառ եղած է որ կորսնցնէ մարդ իր իսկական էութիւնը, հաւատարմութիւնը իր սկզբնական կոչո՛ւմին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 20, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017