ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՏՈՒՏՈՒԿԻ ՓԱՌԱՏՕՆ
Ֆրանսայի մէջ, այս տարի, առաջին անգամ, տեղի պիտի ունենայ տուտուկի փառատօն, որու շնորհիւ հայկական գործիքին հանդէպ պիտի մեծնայ հետաքրքրութիւնը: «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ արտայայտուած է Պ. Ի. Չայքովսքիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցի տնօրէն Մարտուն Կոստանդեան։
«Մեր հայրենակից Լեւոն Չատիկեանին շնորհիւ՝ Ֆրանսայի մէջ տասը տարի առաջ հիմնուած են տուտուկի պետական դասարաններ, որոնք կը գործեն Ֆրանսայի երեք երաժշտանոցներուն մէջ: Փառատօնը կ՚իրականացուի այդ առիթով», նշած է Կոստանդեան: Ան ընդգծած է, որ փառատօնին պիտի մասնակցին իրենց դպրոցի սաները, որոնց հետ Ֆրանսա պիտի մեկնին նաեւ տուտուկի վարպետներ՝ վարպետութեան դասեր իրականացնելու նպատակով:
Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Հայ-ֆրանսական մանկական նուագախումբի՝ Ֆրանսա կատարելիք շրջագայութեան ծիրէն ներս: