ՍԵՒԱՆԸ ԱՄԵՆԱՅԱՃԱԽԵԼԻ ՎԱՅՐՆ Է

Սեւանայ լիճը զբօսաշրջիկներուն ամենայաճախ այցելելի վայրերէն է: «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Մեխակ Ապրեսեան ըսած է, որ Սեւանը այն գրաւչութիւնն է, զոր իւրաքանչիւր  զբօսաշրջիկ կ՚ուզէ անպայման տեսնել՝ անկախ եղանակէն: «Կը քննարկուի Սեւանի մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացման համալիր ծրագիր՝ զայն աւելի աշխուժօրէն, աւելի ծրագրաւորուած զբօսաշրջային արդիւնքներով ներկայացնելու համար», ըսած է ան: Մեխակ Ապրեսեանի խօսքով՝ Վարդենիս-Քարվաճառով դէպի Արցախ  ճանապարհահատուածը թոյլ կու տայ զբօսաշրջային հետաքրքրական երթուղի ձեւաւորել: «Սեւանի հետ կապուած՝ կան նաեւ զբօսաշրջային արտադրութիւններու ձեւաւորման ու խթանման ուղղուած ծրագիրներ, որոնց մէջ պիտի ներառուին ջրասուզում, հեծանուային զբօսաշրջութիւն, Սեւանը շրջափակող լեռներու վրայ քայլարշաւ», աւելցուցած է ան:

Միւս կողմէ, Սեւանայ լճի հանրային լողափները պիտի բացուին Յուլիսի 1-ին:

Ուրբաթ, Յունիս 30, 2017