ՃԱԲՈՆԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ճաբոնի խորհրդարանական արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մոթոմէ Թաքիսաւայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այսպէս, Թաքիսաւա տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով հիւրը Սերժ Սարգսեան ջերմութեամբ վերյիշեց 2012 թուականին Ճաբոն կատարած այցելութիւնը։ Ան Ճաբոնի կառավարութեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Հայաստանի զարգացման ուղղութեամբ շարունակական աջակցութեան համար՝ վարկային, դրամաշնորհային, թեքնիկ աջակցութեան եւ այլ ծրագրերու միջոցաւ։

Եդուարդ Նալպանտեանի մօտ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի տնտեսական, մշակութային, տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու, զբօսաշրջութեան, ենթակառուց-ւածքներու, տարերային աղէտներու կանխարգիլման ոլորտներէ ներս համագործակցութեան աշխուժացման։ Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը՝ գոհունակութիւն յայտնելով այս հարցին մէջ Ճաբոնի հաւասարակշռուած դիրքորոշման առընչութեամբ։ Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Ասիական եւ Խաղաղ ովկիանոսեան տարածքա-շըրջաններէն ներս առկայ խնդիրները, անոնց լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, ինչպէս նաեւ միջազգային օրակարգի այլ հարատապ հարցեր։

Ուրբաթ, Յունիս 30, 2017