ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Հայաստանի Ազգային արխիւը տպագրութեան ներկայացուց «Հայ եկեղեցւոյ կալուածները Օսմանեան կայսրութեան մէջ» գիրքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան յայտնեց, որ այս գիրքին մէջ տեղ գտած են շատ կարեւոր փաստաթուղթեր։ «Անոնք բնագիր փաստաթուղթեր են, թրքական մուրհակներ օսմաներէն գրուած եւ կնքուած։ Մանրամասնօրէն կը ներկայացուի, թէ ո՛ր եկեղեցին ի՛նչ կալուած ունի։ Սա կրնայ ըլլալ շէնք-շինութիւն, խանութ, հողատարածք, դպրոց եւ այլն։ Այդ բոլորին վերաբերեալ բնագիր փաստաթուղթերը կը պահուին մեր մօտ», ըսաւ Ամատունի Վիրաբեան եւ աւելցուց, որ Ազգային արխիւին մօտ կը պահուին գիրքին մէջ տեղ գտած փաստաթուղթերը։ Մասնագէտները երկար ժամանակ ուսումնասիրութեան ենթարկած են այդ բոլորը։ Ներկայիս գիրքը կը գտնուի տպարանի մէջ եւ յառաջիկային լոյս պիտի տեսնէ։

Իր յայտարարութեան մէջ Ամատունի Վիրաբեան մատնանշեց, որ Ազգային արխիւի նախաձեռնութեամբ կը կազմուի նաեւ շտեմարան մը 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիայէ ներս հայ ընտանիքներու ստացուածքին մասին։ Տնօրէնին խօսքերով՝ իրենց մօտ կը գտնուին ընդամէնը 300 հազար անձի ստացուածքի մասին տեղեկութիւններ, սակայն հասկնալի է, որ այդ տուեալները շատ աւելի պէտք է ըլլան։

Ուրբաթ, Յունիս 30, 2017