ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆդէս
Մխիթարեան վարժարանը այս տարի տուաւ իր 192-րդ շրջանաւարտները: Ընթացաւարտ աշակերտներուն հանդէսը, որ պիտի կատարուէր վարժարանին պարտէզին մէջ, աննպաստ օդի հաւանականութեան պատճառաւ տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ: Հանդէսին ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի Հայր՝ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Շիշլիի կրթական տնօրէն Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւր, Շիշլիի քաղաքապետութեան խորհրդականներ Սելիմ Մաթարաճը եւ Նաժտա Սուրքի, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, ատենապետ Արման Գամառի գլխաւորութեամբ Մատակարար մարմնի անդամ եւ անդամուհիներ, վարժարանի տնօրէնութիւնները, ուսուցչաց կազմը, Ծնողաց միութիւնը, ծնողներ եւ այլ հիւրեր:
Օրուան խօսնակներն էին աւարտական դասարանէն Սանտրա Կազարօղլու եւ Այգ Թուրաչ: Հանդէսին բացման խօսակցութիւնը ըրաւ Պերճ Մենզիլճիօղլու: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտները, որոնք միշտ ցոյց տուած էին յարատեւ աշխատութիւն: Պերճ Մենզիլճիօղլու չմոռցաւ նաեւ ուղարկել իր շնորհակալութիւնները վարժարանի տնօրէնութեանց, ուսուցչաց կազմին, Ծնողաց միութիւններուն, քարտուղարութեան եւ անձնակազմին, որոնք ձեռք ձեռքի տուած՝ ամէն ջանք ի գործ դրած էին հասցնելու համար վարժարանի այսօրուան արժէքաւոր հունձքը: Ապա արտայայտուեցաւ լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, որ սրտանց շնորհաւորեց բոլոր ընթացաւարտ աշակերտները: Տնօրէնուհին շրջանաւարտներուն յղեց իր երջանկութեան, առողջութեան եւ յաջողութեան մաղթանքները, յուսալով, որ Մխիթար Սեբաստացիի անմար ջահը միշտ կը լուսաւորէ անոնց ուղին: Տղոց ուղղեալ շնորհաւորական խօսքով մը հանդէս եկաւ նաեւ միջնակարգի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեան: Ան ալ նոյնպէս տղոց յղեց իր բարեմաղթութիւնները, մասնաւորաբար շեշտելով, թէ անխտիր բոլոր աշակերտներն ալ իրենց համար շատ ու շատ արժէքաւոր են:
Յետոյ վարդապետներու, պաշտօնական հիւրերու, վարժարանի վարիչներու եւ կրթական մշակներու ձեռամբ աշակերտներուն յանձնուեցան վարժարանի խորհըր-դանշական վկայականները: Մատակարար Մարմինն ալ ընթացաւարտներուն համար պատրաստած էր իմաստալից նուէրներ: Յատուկ նուէրներով վարձատրուեցան նաեւ աւարտական դասարանի յաջողագոյն աշակերտները: 2016-2017 ուսման տարեշրջանին վարժարանին առաջինը հանդիսացած էր Նատին Մանկիօղլու, երկրորդը՝ Այգ Թուրաչ, իսկ երրորդը հանդիսացած էր Մասիս Տեմիրէլ: Դարձեալ վարժարանին առաջինը՝ Նատին Մանկիօղլուն էր որ թուաբանութեան եւ գիտութեան դասերու մէջ իր ցուցաբերած բացառիկ յաջողութեամբ արժանացաւ «Բարսեղ Սարայլը» ոսկեդրամին: Իսկ միջնակարգի բաժնի առաջինը հանդիսացած էր Քամի Սիրոբ, որ նմանապէս պարգեւատրուեցաւ «Բարսեղ Սարայլը» ոսկեդրամով: Միջնակարգի երկրորդը հանդիսացած էր Նորա Գալուստեան, իսկ երրորդը՝ Ռուտի Թեմիզէլ: Աստիճանաւոր աշակերտները ողջունուեցան ծափողջոյններով:
Վկայականներու բաշխման ընթացքին տղոց ուղղեալ շնորհաւորական իր խօսքը արտասանեց նաեւ Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւր: Ան յայտնեց նաեւ իր հիացումը այս դարաւոր կրթօճախին նկատմամբ: Վարժարան մը՝ որ 192 տարի կանգուն մնայ եւ անխափան շարունակէ իր վսեմ առաքելութիւնը. այս մէկը հրաշքի համազօր երեւոյթ որակեց Ենթիւր:
Յանուն աւարտական դասարանի աշակերտութեան՝ Նատին Մանկիօղլու արտայտեց իր զգացումները: Ան պարտք համարեց յղել իր երախտագիտական զգացումները Մխիթարեան հայրերուն, տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ իրենց ընտանիքներուն, որոնք միշտ զիրենք քաջալերած էին, որպէսզի հասնին ամենալաւին ու կատարեալին:
Յանուն Մխիթարեան սանուց միութեան՝ շրջանաւարտ աշակերտներուն խօսք ուղղեց վարչութեան փոխ-ատենապետուհի Քոլին Չենպէր: Ան խօսեցաւ միութեան ապագայ ծրագիրներուն մասին եւ տղաքը հրաւիրեց յաճախ մէկտեղուելու, որպէսզի տարիներու ընթացքին իրենց միջեւ գոյացած կապը երբեք չխզուի: Ան աշակերտները հրաւիրեց նաեւ իրենց յղացումներով, իրենց նախագիծ եւ առաջարկներով ներկայանալ սանուց միութեան եւ այս յարկին տակ կեանքի կոչել այդ ծրագիրները:
Տղոց ուղղեալ իր սրտի խօսքը ըրաւ նաեւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան: Բարձր գնահատելով Մխիթարեան յարկին տակ տղոց ջամբուած ուսման մակարդակը եւ փոխանցուած մշակութային ժառանգութիւնը, Հ. Յակովբոս Վարդապետը տղոց պատգամեց տէր կանգնիլ այդ անգին արժէքներուն: Վարդապետը մասնաւորապէս ընդգծեց, թէ համալսարանական ուսումը մարդուս կեանքին մէջ կարեւոր հանգրուան մը ըլլալով հանդերձ, ատկէ ա՛լ աւելի կարեւոր են անհատական նկարագիրը, խելացութիւնը, ճարպիկութիւնը եւ զանազան կարողութիւնները, որոնք նպաստաւոր դռներ կը բանան երիտասարդներուն առջեւ: Եւ վերջապէս վարդապետը տղոց ուղղեց իր բարեմաղթանքները, Աստուծմէ հայցելով, որ անոնց կեանքը միշտ խինդով լեցուի եւ անոնց բոլոր նախաձեռնութիւնները պսակուին պատուաբեր յաջողութեամբ:
Տեղի ունեցաւ նաեւ պաստառի ցուցադրութիւն մը, որու ընթացքին տողանցեցին աւարտական դասարանի ուսումնական շրջանէն խօսուն դրուագներ:
Յետոյ բոլոր ներկաները պատուասիրուեցան ընթրիքով: Երեկոյթին ոգեւորութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ ընթացաւարտ տղաքը միասնաբար կտրեցին իրենց շրջանաւարտութեան ծաղը: Անոնք նկարուեցան եւ զուարճացան Արման Ծատուրի հաճելի երաժշտութեան ներքեւ:
Այսպէս՝ Մխիթարեան վարժարանը տուաւ իր 192-րդ շրջանաւարտները՝ բոլորն ալ իրարմէ արժէքաւոր, իրարմէ անուշիկ երիտասարդներ, որոնց բոլորն ալ ապագայ կը խոստանան եւ վաղը անոնք հաւանաբար պիտի նուաճեն նորանոր յաջողութիւններ, Մխիթարեան ջարժարանի մէջ իրենց ստացած բարեմասնութիւնները դրսեւորելով այլազան մարզերու մէջ: