ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ
Պատրիարքական Աթոռը երէկ պաշտօնապէս Իսթանպուլի կուսակալութեան նկատառման յանձնեց Եկեղեցական համագումար ժողովին կողմէ ընդունուած վերջին բանաձեւը։ Ինչպէս ծանօթ է, նախընթաց օր համագումարը վերահաստատած էր, որ Պատրիարքական Աթոռին մօտ այլեւս վերջ գտած է ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը։ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այդ բանաձեւը պաշտօնապէս ներկայացուց Իսթանպուլի կուսակալութեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, 23 Յունիս 2017 թուականին ալ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ դիմումը յանձնուած էր Իսթանպուլի կուսակալութեան՝ Կրօնական ժողովի դիւանին կողմէ։ Երէկ ալ, Եկեղեցական համագումարին կողմէ ընդունուած բանաձեւը կուսակալութեան նկատառման յանձնուեցաւ նոյնպէս Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։
Երէկ երեկոյեան կարճ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ, որ մեզի ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ այս մասին։ Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց, որ Եկեղեցական համագումարի կողմէ ընդունուած բանաձեւը կուսակալութիւն ներկայացուած է՝ որպէսզի ածանցուի նախապէս կատարուած դիմումին։ Այդպէսով յաչս պետութեան համապատասխան թղթածրարը լրամշակուած կ՚ըլլայ։ «Հիմա այլեւս պիտի սպասենք, որպէսզի Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նամակ մը ուղարկուի կուսակալութեան կամ այլ պատկան մարմիններուն կողմէ եւ կամ իրեն տրուի ժամադրութիւն մը կուսակալութենէն», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Միւս կողմէ, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կը շարունակէ Պատրիարքարանի մէջ ունենալ զանազան խորհրդակցութիւններ եւ հանդիպումներ։ Համայնքային վարիչներուն հետ Նորին Սրբազնութիւնը կը ջանայ հասունցնել նախաձեռնարկ մարմնի մը ձեւաւորման գործընթացը։ Պատրիարքարանէն արդէն մեր եկեղեցիներու մատակարար մարմիններուն ուղարկուած են պաշտօնական նամակներ՝ նախաձեռնարկ մարմնի մը ստեղծման հարցին շուրջ։ Յառաջիկայ Երեքշաբթի՝ Յուլիսի 4-ին, յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ նախատեսուած է տեղապահ սրբազան հօր նախագահութեամբ համայնքային խորհրդակցութիւն մը։ Բացի մեր համայնքային հաստատութիւններու վարիչներէն, ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Կրօնական ժողովի անդամները։ Այդ ժողովին ընթացքին պիտի ստեղծուի նախաձեռնարկ մարմինը, որ պիտի ունենայ 17 անդամ։ Կազմի 12 անդամները պիտի առաջարկուին եւ պիտի ընտրուին համայնքային մարմիններուն կողմէ, որոնց վրայ պիտի աւելնայ 5 անդամ՝ Պատրիարքարանին վերապահուած քոթայէն։ Այսպէսով պատրիարքական ընտրութեան համար համայնքէն կախեալ բոլոր նախապատրաստութիւնները աւարտած պիտի ըլլան։ Բնականաբար նախաձեռնարկ մարմնի ձեւաւորուելէն վերջ, թաղերու համար տեղական ընտրական յանձնախումբեր ալ պիտի ձեւաւորուին աստիճանաբար։ Երբ նախաձեռնարկ մարմինը պաշտօնապէս հիմնուի ու կազմէ իր դիւանը, ապա այդ բոլորէն առանձնապէս տեղեակ պիտի պահուի նաեւ Իսթանպուլի կուսակալութիւնը՝ որպէսզի վերոյիշեալ՝ նոյն թղթածրարին կցուին նաեւ համապատասխան տեղեկութիւնները։
Հարկ է նշել, որ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նոր նախաձեռնարկ մարմնի ձեւաւորման ընդառաջ երէկ Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց նաեւ Լեւոն Քուզիքօղլուի կողմէ գլխաւորուած նախկին նախաձեռնարկ մարմնի անդամները։ Ծանօթ է, որ այդ կազմը Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան ուղարկուած նամակով մը լուծարուած էր, սակայն յաջորդող շրջանին այդ նախաձեռնարկ մարմինը ընտրած էր իրաւական պայքարի ճանապարհը, որու արդիւնքները առայժմ կը մնան անստոյգ։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը երէկ խորհրդակցած է Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի անհանգստանալէն վերջ ստեղծուած, այժմ արդէն այդ նախկին նախաձեռնարկ մարմնի անդամներուն հետ։ Պատրիարքարանի աղբիւրները պաշտօնապէս ոչինչ հաղորդած են այդ տեսակցութեան մասին, սակայն ընկերային ցանցերու վրայ արդէն շրջանառութեան մէջ մտած է հանդիպման աւարտին կատարուած նկարահանման դրուագ մը։