ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԿԱՆԱՅՔ
Հայաստանի ու Արցախի կանայք 8 հազար տարուան մէջ ծննդականօրէն գրեթէ չեն փոխուա։ Դանիացի, հայ, ռուս ու բրիտանացի գիտնականներէ կազմուած խումբ մը պարզած է, որ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի կանայք վերջին 8 հազար տարուան մէջ ծննդական տեսանկիւնէ (genetically) գրեթէ չեն փոխուած:
Համապատասխան հետազօտութիւնը հրապարակուած է Current Biology ամսագրին մէջ:
«Սա բաւական հետաքրքրական է, քանի որ նոյն ժամանակաշրջանին տարածքաշրջանը բազմաթիւ մշակութային փոփոխութիւններու ենթարկուած է: Սակայն ատոնք, կարծես, կապուած չեն ծննդական փոխակերպման հետ, յամենայնդէպս՝ կանանց պարագային», կը գրեն յօդուածին համահեղինակները՝ Աշոտ Մարգարեանն ու Մորթէն Ալենֆերթը Cell Press ամսագրին մէջ:
Գիտնականները վերլուծած են յիսուներկու կմախքի Mitochondrial genomeը, որոնցմէ ամենահիները 7800 տարեկան են, ու համեմատած են զանոնք երկու հարիւրվեց հայաստանցիներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու ծիներուն հետ:
Նմանատիպ հետազօտութիւն իրականացուած է նաեւ տղամարդոց մօտ, որուն արդիւնքը շուտով յայտնի կ՚ըլլայ։
Հետազօտութիւնը պիտի իրականացուի նաեւ Վրաստանի մէջ եւ Ատրպէյճանի արեւելքը: