ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ԻՐԵՆՑ ՆԱԽՆԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵՆ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐԸ

«Սուրիահայերը կ՚ապաստանին իրենց նախնիներու հայրենիքը» գրած է The economist պարբերականը։

Մինչեւ վեցամեայ պատերազմը՝ Սուրիոյ մէջ կ՚ապրէր 90 հազար հայ, որմէ երկու երրորդը՝ Հալէպի մէջ: Հիմա Սուրիոյ մէջ մնացած է շուրջ 30 հազար հայ: Սուրիահայերու խնդրին անդրադարձած է The economist պարբերականը: Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ հայերը Սուրիա հաստատուեցան 1915 թուականէն ետք:

Շատերու համար Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը վերջ դրաւ մէկդարեայ պատմութեան: 61-ամեայ գործարար Հրայր Ագուլեան իր խնայողութիւնները ներդրեց կահոյքի գործարան կառուցելու համար, բայց անիկա աւերուած տեսաւ: Հիմա ան կ՚ապրի Երեւանի մէջ:

«Այս վիճակը կը տիրէ արդէն աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները ապագայ չունին», սուրիահայուն խօսքը կը մէջբերէ պարբերականը:

Սուրիա ապրող հայերէն շատեր սփռուեցան Լիբանան, Գանատա, Թուրքիա, Պարսից ծոց: Շուրջ 30 հազար հոգի գնաց Հայաստան: Առաջինը Հայաստան գացին  ունեւորները: Միւսները փորձեցին սպասել պատերազմի աւարտին, հեռացան միայն իրենց նիւթական միջոցները սպառելէ ետք: Անոնք հայրենիք եկան դատարկաձեռն:

Նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան նշած է, որ Հայաստան եկած փախստականները փոքր գործեր հիմնած են: Անոնք հմուտ մասնագէտներ ու արհեստաւորներ են՝ ոսկերիչներ,  բժիշկներ, ճարտարագէտներ, արդիւնաբերողներ: Տեղացի հայերը հիացած են նորեկներու բացած ճաշարաններով: Պարբերականը կը նշէ, որ երեսուն ընտանիք տեղափոխուած է Արցախ:

Վազգէն Եագուպեան, որ շինարարական ընկերութիւն ունէր Դամասկոսի մէջ, նշած է, որ դեռ կան Սուրիայէն Հայաստան եկողներ: Կան մարդիկ, որ վերադարձած են Սուրիա: Սուրիահայերուն մէջ կան մարդիկ, որոնք կը պնդեն` Սուրիա վերադառնալու պարտականութիւն ունին, քանի որ իրենց սփիւռքը հայկական քաղաքակրթութեան կարեւոր մէկ ճիւղն է ու պէտք է պահպանուի:

Շաբաթ, Յուլիս 1, 2017