«ԽՕՍՈՂ ԽԱՂԱԼԻՔՆԵՐ»

Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ մանկական փառատօն մը, որ կը կոչուի «Խօսող խաղալիք»։ Տիկնիկներու փառատօն մըն է այս մէկը, որ այս տարի կազմակերպուած էր չորրորդ անգամ։ Փառատօնի ծիրէն ներս բացօթեայ տաղաւարներու շուրջ փոքրիկ այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած են զանազան խաղալիքներ։ Այդ տաղաւարներուն մօտ փոքրիկ այցելուներուն համար տեղի կ՚ունենան նաեւ ելոյթներ։ Ծրագիրը կեանքի կը կոչուի Երեւանի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ։

Մինչ այդ, փառատօնի սկիզբին մանուկներուն համար համերգով մը հանդէս եկաւ սփիւռքահայ մեներգիչ Մարթէն Եորկանց, որ ներկայիս կ՚այցելէ Երեւան։ Մարթէն Եորկանց յաջողեցաւ պատանի ունկնդիրներուն հետ անմիջապէս վառ հաղորդակցութեան մը մէջ մտնել եւ իր երգերով գրաւել փոքրիկներուն սիրտը։

Շաբաթ, Յուլիս 1, 2017