ՆՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ շրջանին կրնայ նոր հանդիպում մը ունենալ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Երէկ, Եդուարդ Նալպանեան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մասնակցեցաւ 2016 թուականի պիւտճէի կատարողականին վարաբերեալ քննարկումներուն եւ այս առթիւ պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն։ Նախարարը այս ամբողջին մէջ կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վրայ՝ պատասխանելով պատգամաւորներու հարցումներուն։ Ըստ Նալպանտեանի, հա-ւանական է, որ Մամէտեարովի հետ հանդիպումը տեղի ունենայ ներկայ ամսուան մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նալպանտեան երեսփոխաններու նկատառման յանձնեց նաեւ, որ առանց Ստեփանակերտի մասնակցութեան անհնար է որեւէ համաձայնութեան հասնիլ եւ որոշում կայացնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ։ Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու եւ ելմտավարկային ու պիւտճէի հարցերու մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին ընթացքին նախարարը ընդգծեց, որ այս մասին նշուած է այն բոլոր բանակցային փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք ի պահ դրուած են ԵԱՀԿ-ի Վիեննայի գրասենեակէն ներս։
«Օր մը պիտի հրապարակուին այդ բոլոր փաստաթուղթերը եւ դուք պիտի տեսնէք, որ բոլորի մէջ ըսուած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները պէտք է մասնակցին բուն խաղաղութեան պայմանագրի մշակման ու բանակցութիւններուն։ Սա, ի դէպ, որոշուած է եռանախագահ երկիրներու համաձայնութեամբ։ Անհրաժեշտ է որեւէ համաձայնութեան հասնիլ եւ որոշում կայացնել առանց Արցախի կողմի», ըսաւ Նալպանտեան եւ աւելցուց, որ այդ բոլորը կ՚ըսէ ամբողջ պատասխանատուութեամբ։ Բանակցութեան դրուած բոլոր փաստաթուղթերուն մէջ նշուած է, որ չի կրնար ըլլալ վերջնական համաձայնութիւն առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան։ Այս բանը յստակ ճշդուած է։