ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆՐԱՀՌՉԱԿՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան (ՊՈԱԿ) տնօրէնի պաշտօնը շուրջ չորս ամիս առաջ ստանձնած Արա Թարվերտեան կ՚առաջնորդուի մեր հարուստ ժառանգութիւնը ոչ թէ «խաւարի մէջ թաղելու», այլ զայն առաւել արդիւնաւէտ օգտագործելու եւ ներկայացնելու սկըզ-բունքով:

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւնը Արցախի «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութեան հետ «Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի տարածքին մէջ կ՚իրականացնէ ցուցահանդէս-վաճառք:

Այս ցուցահանդէսին կը տեղադրուին կարպետագործութեան սարքեր, եւ զբօսաշրջիկը որոշակի գումարի փոխարէն «Զուարթնոց»ի տարածքին մէջ հնարաւորութիւն կ՚ունենայ առնուազն մէկ ժամ զբաղելու կարպետագործութեամբ՝ այդպէսով հաղորդակցելով հայկական ազգագրութեան կարեւորագոյն ճիւղերէն մէկուն:

«Մենք սկսած ենք լայնածաւալ աշխատանքի յուշարձաններու հանրահռչակման ուղղութեամբ: Կարծրացած մտածելակերպը, թէ այցելուն պէտք է գայ, տեսնէ յուշարձանը, հիանայ անոր գեղեցկութեամբ ու երթայ, վաղուց հինցած է: Բացի յուշարձանի գեղեցկութեամբ հիանալէ, այցելուն ժամանակը պէտք է լեցնէ նաեւ այլ հետաքրքրութիւններով», ընդգծած է ան:

Արա Թարվերտեանի խօսքով՝ Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկին հնարաւորութիւն կը տրուի Երեւանէն ընդամէնը 16 քիլօմեթր հեռաւորութեամբ գտնուող «Զուարթնոց»ի մէջ ծանօթանալու հայկական երկրորդ պետութեան՝ Արցախի գորգագործական աւանդոյթներուն, գնել գորգ՝ յուշանուէրէն մինչեւ աւելի մեծ չափերու: Այդ մասնիկը իր հետ տանելով՝ զբօսաշրջիկը ա՛լ աւելի կը կապուի մեր երկրին ու աւանդոյթներուն:

Հայկական մշակոյթի թաքնուած կամ, Արա Թարվերտեանի բնորոշմամբ, «ստուերի մէջ մնացած» գանձերէն է «Մեծամօր» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը, որ Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկին առաջարկուող «Գառնի-Գեղարդ-Էջմիածին» աւանդական ծրարի մէջ երբեւէ չի յայտնուիր, մինչդեռ այս թանգարանը, ըստ Արա Թարվերտեանի, պակաս հետաքրքրութիւն չի ներկայացներ, ինչպէս «Գլաձոր», «Ամբերդ», «Զօրաց քարեր» յուշարձանները:

«Այժմ մենք կ՚իրականացնենք «Մեծամօր»ի իրական գրաւչութիւնը ներկայացնելու լայնածաւալ ծրագիր մը: Յուշարձանը պայմանականօրէն երկու մասի կը բաժնուի՝ թանգարան եւ հնագիտական տարածք, ուր մենք կը նախատեսենք կառուցել, այսպէս ըսած, արխէօ-պարկ: Ժամանակակից զբօսաշրջութեան մէջ սա շատ տարածուած չէ, որովհետեւ բոլոր երկիրները չունին այդ հնարաւորութիւնը: Իսկ մենք ունինք եւ չենք օգտագործեր: «Մեծամօր»ի մեծագոյն արժէքը այդ հնագիտական միջավայրն է, ինչպէս նաեւ թանգարանը, ուր կը պահպանուին, ուրարտական ժամանակաշրջանի, որոշ գիտնականներու պնդմամբ՝ աւելի վաղ շրջանի հնագիտական բացառիկ արժէք ներկայացնող ցուցանմոյշներ: Մեծամօրի մէջ մարդ կը հասկնայ, թէ արդիւնաբերական ինչպիսի բարձր փորձագիտութիւններ կիրառած են մեր նախնիները այս տարածքաշրջանէն ներս: Փորձագիտութիւններ, որոնք առ այսօր կը շարունակուին «առեղծուած» մնալ գիտնականներու համար», շեշտեց ան։

Արա Թարվերտեան ծրագրած է Մեծամօրի հնագիտական մասին մէջ առանձնացուած փոքրիկ տարածքէն ներս զբօսաշրջիկներուն «պեղումներ» իրականացնելու հնարաւորութիւն ընձեռել. զբօսաշրջիկը կը հագնի հնագէտի հանդերձանքն ու պեղում կիրականացնէ՝ թէկուզ պայմանականօրէն զգալով «դարերու փոշիի տակէն պատմութիւնը վեր հանելու» բերկրանքը: «Իմ մօտեցումը հետեւեալն է. նման աշխատանքը պէտք է ըլլայ ոչ թէ միջնորդաւորուած, այլ ղեկավարի անմիջական մասնակցութեամբ՝ արդիւնաւէտութենէն ելլելով», ըսած է ան։

Բաց աստի, Արա Թարվերտեան շեշտած է, որ ծառայութիւնը յառաջիկային նման «թիրախաւորուած գրոհներ» կը կազմակերպէ դէպի հիւրանոցներ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2017