Ե­րեք Ապ­րո­ւած Ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ. «Իր Ա­նու­նով Պէտք Է Կո­չե­լ»

«Խոստումը» ժապաւէնը կրցայ դիտել 8 Մայիսին, Պէյրութ: Մէկ կողմէ ապրեցայ յուզում, բայց նաեւ՝ հպարտութիւն: Յուզումը՝ Եղեռնի ահաւորութեան, որ անգամ մը եւս գծուեցաւ մտքիս ու հոգիիս մէջ՝ իբրեւ ապրող իրականութիւն: Բայց «Խոստումը» ժապաւէնին առընչութեամբ յատկանշականը այն էր, որ չկային սարսափազդու եւ արիւնալի տեսարաններ, ինչպէս որ է պարագան մերօրեայ շարժանկարի շատ մը արտադրութիւններու մէջ: Կրցած էին Մեծ եղեռնին «ահաւորութիւնը» ներկայացնել ոչ «ահաւոր» տեսարաններու միջոցով: Եւ նոյն այդ տեսարաններուն միջոցով կրցած էին անոր իրողութիւնը, ֆիզիքական-հոգեկան եւ հոգեբանական ապրուած սարսափազդու ցաւը դուրս հանել: Եւ այս՝ հայուն ցաւը… Եւ իւրաքանչիւր կերպարի հետ՝ հայ, թուրք, ամերիկացի կամ այլ, կեանքի իրական ապրը-ւած փորձառութիւններու եւ զգացումներուն մէջէն կրցած էին դուրս բերել հայուն ողբերգութիւնը, բայց նաեւ՝ ապրելու վճռակամութիւնը:

Բայց կար նաեւ հպարտութիւնը: Նոյն այդ ցաւին մէջէն դուրս եկած ըլլալու իմ արդար հպարտութիւնս, թէ հայը կրցաւ մէջտեղ հանել նման իրագործում մը՝ տնտեսական մեծ ներդրումով, ու տակաւին, շատ մը դիւանագիտական հաշուարկումներով, ուր միջազգային հանրութեան կրցան ներկայացնել հայուն արդար իրաւունքը, այդ ալ համաշխարհային բեմահարթակին վրայ՝ շարժապատկերի արուեստի միջոցով:

Ժապաւէնը դիտելուս յաջորդ օրը պէտք էր մեկնէի Ուաշինկթըն՝ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը, ներկայ գտնուելու քրիստոնէական միջազգային մեծ համագումար-համաժողովի մը՝ նուիրուած կրօնական ազատութիւններու եւ քրիստոնէական եկեղեցիներու ու համայնքներու ներկայ օրերու ապրած ճգնաժամերուն: Կը մասնակցէին աւելի քան ութ հարիւր եւ քառասուն ներկայացուցիչներ, որոնք եկած էին հարիւր երեսուն տարբեր երկիրներէ, բայց համագումարը նոյնքան ներկայացուցչական էր, որովհետեւ կրցած էր ի մի հաւաքել տարբեր քրիստոնէական համայքներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ՝ կաթողիկէ, ուղղափառ եւ աւետարանական, ներառեալ՝ պապական աթոռի պատուիրակը:

Համաժողովը թէեւ ընթացք առաւ կրօնական ազատութիւններու եւ անոնց իրաւունքի եւ յարգումի անհրաժեշտութիւններուն վրայ լուսարձակ բանալով, բայց նաեւ՝ անոր ոչ համահաւասար կիրարկումին: Շեշտը դրուեցաւ քրիստոնէական համայնքներու կրած տագնապներուն եւ ահաբեկումներուն վրայ, մանաւանդ՝ միջինարեւելեան տարածքաշրջանին մէջ:

Հայր Տուկլաս Ալպազի կու գայ Իրաքէն: Ան քաղդէական համայնքի հոգեւոր հովիւ է, որ մինչեւ օրս լծուած է տքնաջան ծառայութեան՝ իր եկեղեցիին ու համայնքին համար: Կ՚ապրի ու կը գործէ Պաղտատի մէջ: «Աւելի քան տասը օր առեւանգուած մնացի» նախադասութեամբ իր ելոյթին սկսաւ Հայր Ալպազի: Ան ներկայացուց իր տասը օրերու արգելակումը, ֆիզիքական, հոգեկան ու հոգեբանական այն ահաւոր չարչարանքները, որոնց ենթարկուած էր: Ծայրայեղական ու ահաբեկչական խմբաւորումներ առեւանգած էին զինք: «Այս խմբաւորումները կը ձգտէին առեւանգել եկեղեցական առաջնորդներ, որպէսզի աւելիով վախ եւ անորոշութիւն յառաջացնեն հաւաքականութիւններու մէջ»:

Հայր Ալպազի ներկայացուց Իրաքի ներկայ իրավիճակը՝ իր տարբեր կնճռոտած երեւոյթներով: Միջհամայնքային տարբեր բախումները՝ փոքրամասնութիւններուն, քրիստոնեայ թէ այլ, կրած չարչարանքները եւ տեղահանութիւնները, լուսարձակի տակ առնելով այն, թէ ինչպէ՛ս քրիստոնեայ համայնքը կը նուազի, եւ մարդիկ ստիպուած կ՚ըլլան լքելու իրենց տունն եւ երկիրը:

«Եթէ պիտի ընտրեմ սիրելը, թէ լքելը, ես կ՚ընտրեմ սիրելը», ըսաւ ան: «Կը սիրեմ իմ հայրենիքս՝ Իրաքը, եւ կ՚ուզեմ կառչած մնալ անոր, որովհետեւ քրիստոնեայ եկեղեցին այս երկրին ծնունդն է», շարունակեց ան:

Հայր Ալպազիի մէջ եթէ մէկ կողմէ նշմարելի է նուիրուածութիւնը, բայց նաեւ՝ ինքնավստահ եւ քաջ կղերականի նկարագիրը: Ան չվարանեցաւ իր խօսքը ուղղել ամերիկեան հասարակութեան՝ նոյնինքն անոր մայրաքաղաքին մէջ. «Արթնցի՛ր, Ամերիկա…»: Արթնցիր տեսնելու համար, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ Իրաքի մէջ, եւ թէ ինչպէ՛ս երկիրը պառակտուած եւ քաոսային վիճակի մը մէջ յայտնուած է, իսկ փոքրամասնութիւններ, յատկապէս քրիստոնեաններ, ինչպէ՛ս հալածանքի կ՚ենթարկուին…։

Համաժողովին կարեւոր անդրադարձներէն մէկն էր Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Մայք Փենսիի ելոյթը. ան ընդգծեց միջինարեւելեան տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն մէջ կրօնական ազատութիւններու չգոյութիւնն ու ոտնակոխումը՝ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ հալածանքներն ու անոնց կրած զրկանքները լուսարձակի տակ առնելով: Փոխ-նախագահը անդրադարձաւ քրիստոնեայ համայնքներուն իրավիճակին եւ ընդգծեց, որ Ամերիկայի ներկայ վարչակարգը մօտէն կը հետեւի եւ իրազեկ է բոլոր իրականութիւններուն: «Մենք մօտէն կը հետեւինք բոլոր դժբախտութիւններուն եւ այն զրկանքներուն ու հալածանք-ջարդերուն, որոնց ենթակայ են համայնքային փոքրամասնութիւններ Միջին Արեւելքի մէջ», ըսաւ ան ու շարունակելով՝ աւելցուց. «Ժամանակն է, որ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող այս բոլոր աղէտները իրենց անունով կոչուին: Եւ այդ անունը ցեղասպանութիւն է», եզրափակեց փոխ-նախագահը…:

Եթէ զօրաւոր հաստատում մըն էր այն, որ փոխ-նախագահը կատարեց, եւ այդ ալ՝ բաւական ինքնավստահ, բայց չուշացաւ իմ մէջս ծնած հարցումը: «Բայց արդեօք ե՞րբ հայոց ցեղասպանութիւնը եւս պիտի կոչուի իր անունով…»:

Բաւական «յագեցած» էի ժողովներէն: Եթէ մէկ կողմէ կար շատ տեղեկութիւն, ողբերգութիւն եւ զգաստութիւն՝ եկեղեցական մեծ թիւ ներկայացնող համաշխարհային համակարգի մը կողմէ, բայց նոյնքան նաեւ սպառիչ էին այդ բոլորը: Սպառիչ, որ կը յոգնեցնէ մարդուն միտքն ու հոգին:

Բայց կար նաեւ պատեհ առիթը ժողովի ընթացքին բաժնեկցելու իմ՝ հայուն ցաւը: Եւ ակնարկելով շրջանի տագնապներուն ու մտահոգութիւններուն, նաեւ այն բոլոր «սպանդներուն», որոնք կը շարունակուին տարբեր համայնքներու հաշուոյն, ըսի: «Եթէ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը՝ հայ ժողովուրդի հանդէպ, ընդունուէր եւ դատապարտուէր ըստ պատշաճի, պիտի կանխուէին եւ հաւանաբար չքաջալերուէին պատմութեան ընթացքին մարդկութեան հանդէպ կրկնուող իրերայաջորդող դժբախտութիւնները՝ տարիներէ ի վեր եւ մինչեւ օրս»:

Ուաշինկթընի օդակայանէն կը վերադառնամ Պէյրութ՝ մտորումներուս մէջ սուզուած: Յոգնած, սպառած եւ երեւի քիչ մըն ալ՝ զայրոյթով լեցուն մտորումներ, թէ ինչո՛ւ մինչեւ այսօր կայ «քաշքշուքը» հայուն ցաւին եւ զայն իր ճշգրիտ «անունով» (չ)կոչելու յանդգնութիւնը:

Եւ կը վերադառնամ «Խոստումը» ժապաւէնին եւ այն բոլոր կերպարներուն, զորս ժապաւէնը կրցած էր ստեղծել: Աննան, որ Ֆրանսա ապրած էր, բայց «զօրաւոր հայ է»… Միքայէլը, որ եղեռնի բոլոր դժբախտութիւնները ապրելէ ետք որբերու խումբին հետ հասած էր Միացեալ Նահանգներ, եւ որ իր վերապրումի նոր կեանքին ընթացքին, եղեռնէն ու արհաւիրքէն տարիներ ետք, արդէն չափահաս դարձած որբերուն դիմաց վճռականօրէն յայտարարեց. «Բայց մենք այսօր կա՛նք եւ հո՛ս ենք»:

Օդակայանին մէջ, յոգնած՝ մտորումներէս, դարձեալ տեսայ, թէ հայը այսօր տակաւին «կա՛յ ու հո՛ս է», եւ եթէ «հոս»ը քիչ մը ամէն տեղ է, բայց հայը կեցած է «զօրաւոր»: Եւ «հոսկէ» թէ «հոնկէ» կը շարունակէ «արթնցնել» համաշխարհային համակարգը՝ գոչելով, թէ հայուն ցաւը պէտք է «կոչել իր անունով»:

«Խոստումը», Հայր Ալպազին եւ Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահը: Երեք իրադարձութիւններ, զորս ապրեցայ մէկ ամսուան ընթացքին: Երեք իրադարձութիւններ, որոնք իրարու առընչուած են եւ կու գային դարձեալ յիշեցնելու, իմա՝ արթնցնելու, թէ հայուն աղէտը պէտք է կոչել իր անունով, իսկ հայը միշտ պիտի շարունակէ յիշել եւ պահանջել զայն՝ այդ եզրին ճշգրիտ ու լիիրաւ օգտագործումը:

 ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2017