ԵԳԷԱԿԱՆԻ ՄԷՋ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Եգէականի մէջ երէկ լարուածութիւն մը ապրուեցաւ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ։ Իսքէնտէրունէն դէպի Իզմիթ ճանապարհ դուրս եկած թրքական բեռնատար նաւ մը Ռոտոս կղզիի 3 մղոն հեռաւորութեան վրայ զգուշացուեցաւ Յունաստանի ռազմածովային զօրքերուն կողմէ։ Թրքական բեռնատարէն պահանջուեցաւ նաւահանգիստի մէջ խարսխել՝ խուզարկումներու համար։ Նաւավարը ընթացք չտուաւ պահանջին եւ ասոր վրայ յունական զօրքերը կրակեցին դէպի օդ։ Երբ նաւավարը այս զգուշացումն ալ նկատի չառաւ՝ յաջորդ քայլափոխին յունական զօրքերը կրակ բացին նաւուն վրայ։ Առնուազան 19 փամփուշտ զուգադիպեցաւ թրքական բեռնատարին։ Բարեբախտաբար զոհեր կամ վիրաւորեալներ չեղան։

Երբ դէպքը արձագանգ գտաւ Թուրքիոյ մէջ, ապա թրքական ռազմանաւեր անմիջապէս երաշխաւորեցին այդ բեռնատարին անվտանգութիւնը եւ նաւը խարսխեց Մարմարիսի մէջ։ Յունաստան տեղեկացուց, որ լսումներ ստացած էր, թէ այդ նաւով թմրանիւթեր կը փոխադրուէին։ Մարմարիսի մէջ կատարուած խուզարկումներու արդիւնքին չարդարացան այդ պնդումները։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դէպքէն վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով պախարակեց Յունաստանը։ Նախարարութիւնը միեւնոյն ժամանակ մեղադրանք հասցէագրեց Յունաստանին՝ անհամաչափ ուժ օգտագործած ըլլալու բերումով։

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2017