ՄԻԱՑԵԱԼ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձին վերաբերեալ հերթական դատավարութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Չաղլայանի Արդարադատութեան պալատին մէջ։ 2007 թուականին կատարուած մահափորձին վերաբերեալ տասն տարիէ ի վեր ընթացքի մէջ է բուն դատավարութիւնը։ Մօտաւոր անցեալին ոստիկան զօրաց պատասխանատուներու պարագային բացուած դատն ալ միացուած էր այդ բուն դատավարութեան։ Ուստի, միացեալ ձեւաչափով առաջին դատավարութիւնը երէկ կատարուեցաւ Իսթանպուլի 14-րդ Ծանր պատժական ատեանին կողմէ։ Այսպէսով այս մահափորձին առընչակից բոլոր մեղադրեալները առաջին անգամ ներկայացան դատաւորին։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երէկ, 38 մեղադրեալ ներկայացաւ դատակազմին։ Բաց աստի, նախկին զօրավար Համզա Ճելեփօղլու եւ Եասին Հայալ դատավարութեան մասնակցեցան կալանավայրէն՝ ձայնատեսողական հաղորդագրութեան հեռակայ դրութեամբ։