«ԱՐԱՍ»ԷՆ «METELİKSİZ AŞIKLAR»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպէռեանի «Անկուտի սիրահարներ» վէպի թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Մեթելիքսիզ աշըքլար» անունով լոյս տեսած է գիրքը, որու յառաջաբանը գրի առնուած է յայտնի գրականագէտ Մարկ Նշանեանի կողմէ։ Հայերէնէ թրքերէնի թարգմանութիւնը կատարած է ուսուցչուհի Նաթալի Պաղտատ։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած է Սօսի Տոլանօղլու։ Կողքի ձեւաւորումը կատարուած է Արէտ Կըճըրի կողմէ՝ Մարիօ տէ Պիասի լուսանկարի օգտագործմամբ։

Յառաջաբանին մէջ Մարկ Նշանեան մատնանշած է, որ Զաւէն Պիպէռեան հայերէնի 20-րդ դարու մեծագոյն մշակներէն մին էր ու միեւնոյն ժամանակ ընտիր վիպագիր մը ու մեծ մտաւորական մը։ Ան շեշտած է նաեւ, որ Զաւէն Պիպէռեանի անունը  Սփիւռքէ ներս շրջանառութեան մէջ մտած է միայն իր մահէն վերջ։ «Արաս» նախապէս ալ լոյս ընծայած էր նոյն հեղինակի գործերը։

Գիրքը հրատարակուած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի աջակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2017