ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԵՐԵՒՈՅԹ

2017 թուաանի Յունիս ամսուն, աւելի քան կէս միլիոն հաշուող ֆրանսահայ համայնքի պատմութեան մէջ նոր եւ ընդարձակ էջ մը բացուեցաւ…

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի ղեկավարած   «Յառաջ, Հանրապետութիւն» կուսակցութենէն Ազգային ժողովէն ներս երեք ֆրանսահայեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով երեսփոխան ընտրուեցան: Ժաք Մարիլոսեան՝ Օ-տը-Սենի մէջ, Տանիելա Ղազարեան՝ Ռոնի, Կիյոմ Գասպարեան՝ Էօռ եւ Լուառի մէջ, ինչպէս նաեւ երեսփոխան մը՝ Նատիա Եսայեան, որուն ամուսինը հայ է, ընտրուած է Շերի մէջ:

Նշենք, որ Պուշ-տիւ-Ռոնի մէջ ընտրութիւններու երկրորդ փուլ անցած էր նաեւ կրկին «Յառաջ, Հանրապետութիւն» կուսակցութենէն առաջադրուած հայազգի թեկնածու՝ Փասքալ Շամասեան, սակայն երկրորդ փուլի ժամանակ մրցելով հանրապետականներու թեկնածու՝ Վալերի Պուայէի հետ, ան դուրս մնացած է պայքարէն: Այստեղ հարկ է նշել, որ Վալերի Պուայէ կը նկատուի հայասէր երեսփոխան, եւ Ֆրանսայի այս ընտրութիւնները գրեթէ դրական եղած են հայկական հարցերուն սատարող ոչ հայ թեկնածուներուն համար, սակայն նաեւ երեսփոխանական վեց շրջաններ բոլորելէ ետք, պարտութիւն կրած է հայանպաստ դիրքորոշում ունեցող ամենէն յայտնի թեկնածու՝ Ֆրանսուա Ռոշպլուան:

Ինչպէս ծանօթ է՝ «Յառաջ, Հանրապետութիւն» քաղաքական շարժումը, որ հիմ-նըւած է Նափոլէոն Պոնափարթէն յետոյ Ֆրանսայի նորագոյն պատմութեան մէջ ամենէն երիտասարդ՝ երեսունինն տարեկան ղեկավարին կողմէ, յաղթանակ տարաւ Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին, եւ ինք՝ նորընտիր նախագահն ալ համարձակօրէն բազմաթիւ երիտասարդներ ընդգրկած է իր կուսակցութեան խորհրդարանական ցուցակներուն վրայ, այդ կարգին՝ հայեր: Եթէ մինչ այժմ Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխաններուն միջին տարիքը վաթսուն էր, ապա Մաքրոնի ներկայացուցած ցուցակին մէջ արդէն իբրեւ միջին տարիք կը նկատուի քառասունը: Ըստ փորձագէտներու, նորընտիր նախագահի որդեգրած քաղաքականութեամբ Ֆրանսայի մէջ տեղի կ՚ունենայ փափուկ յեղափոխոխութիւն, եւ քաղաքական ասպարէզ կը նետուին այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք քաղաքացիական հասարակական շարժումին մէջ են, գործունեայ են՝ ուսանողներ, փաստաբաններ, ձեռնարկութիւններու տնօրէններ:

Ինչ կը վերաբերի յետընտրական դժգոհութիւններուն, ապա անոնք բնական են որեւէ երկրի մէջ եւ առկայ են հիմնականօրէն պարտութիւն կրած ընտրազանգուածին մօտ:

Այս օրերուն քննարկուեցան նաեւ այն հարցերը, թէ ընտրուած հայ երեսփոխաններու գործունէութեամբ արդեօք ֆրանսահայ համայնքին առջեւ դրուած հարցերը եւ ֆրանսական խորհրդարանին մէջ հայկական հարցերը արագ լուծում կը ստանա՞ն, թէ՞ ոչ: Անշուշտ, հայկական համայնքը եւ հայութիւնը ուրախ են, որ եւրոպական խոշոր երկիրներէն մէկուն նորընտիր խորհրդարանին մէջ հայազգի երեք երեսփոխան պիտի ըլլայ, սակայն որոշ տեսաբաններ այն կարծիքը յայտնած են, որ ամէն պարագայի պէտք չէ մոռնալ, որ անոնք նախեւառաջ ֆրանսացի երեսփոխաններ են, առաջադրուած եւ ընտրուած են ֆրանսական կուսակցութեան կողմէ, ուստի նոյն փորձագէտները նուազ հաւանական նկատած են, որ այդ գործիչները կրնան նպասել ֆրանսահայ համայնքի խնդիրներու լուծման: Անոնք կը նշեն, թէ համայնքին առջեւ ի վերջոյ մեծ խնդիրներ չկան, իսկ հայութեան առընչուող քաղաքական հարցեր երկրի խորհրդարանին մէջ քննարկուած է նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ հայազգի երեսփոխաններ չեն եղած եւ ֆրանսահայ համայնքային կեանքը սովորաբար ընթացած է իր բնականոն հունով: Նկատենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ ժամանակին ակնառու գործունէութիւն ծաւալած է նշանաւոր քաղաքական գործիչ՝ Փաթրիք Տեւէճեան, որ այժմ Օ-տը-Սէն գաւառի խորհուրդի նախագահն է:

ԻՍԿ ՈՎՔԵ՞Ր ԵՆ ԱՆՈՆՔ՝ ՆՈ՛Ր ԸՆՏՐՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐԸ

59-ամեայ հայ գործարար՝ Ժաք Մարիլոսեան Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու որոշում կայացուցած է Մաքրոնի «Յեղափոխութիւն» գիրքը կարդալէ ետք: Մամուլին տուած հարցազրոյցի մը մէջ, Մարիլոսեան ըսած է, թէ Էմմանիւէլ Մաքրոնի դիրքորոշումները համապատասխան են 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն, նորընտիր նախագահը թարմ է, ստեղածարար ու հեռատես: Մաքրոնի կուսակցութեան ստեղծման օրուընէ ի վեր հայ գործարարը անդամագրուած է եւ մասնակցած՝ շարժման գործունէութեան: Տասը տարի աշխատած է ծրագրային եւ ցանցային լուծումներու «Օրակլ» միջազգային կազմակերպութեան մէջ, եւ այդ փորձը նկատի առնելով, ան յայտարարած է, որ ինք հաւանաբար նորընտիր Ազգային ժողովէն ներս կը զբաղի ելեկտրոնիկ փոխադրամիջոցներու եւ բնապահպանական հարցերով: Ժաք Մարիլոսեան տակաւին նոր կը ծանօթանայ միւս երեք հայ երեսփոխաններուն հետ, զորս նախապէս չէր ճանչնար եւ մեծ յոյսեր ունի անոնց հետ նպաստելու խորհրդարանէն ներս հայկական հարցերու յառաջ քաշման օրինագիծերու ընդունման:

Մաքրոնի ղեկավարած ուժէն ընտրուած երեք հայ թեկնածուներէն միւսը 52-ամեայ՝ Տանիելա Ղազարեանն է, որ Լիոնի հայաշատ շրջաններէն մէկուն՝ Տեսինի (Տեսին Շարպ) բնակիչ է եւ ներգրաւուած է տեղւոյն Մշակոյթի տան խորհուրդի կազմին մէջ: Ան միայն վերջերս սկսած է զբաղիլ աշխոյժ քաղաքականութեամբ: Մինչ այդ Ղազարեան զբաղած է ձեռնարկատիրութեամբ եւ «Հայ Յուշագրութեան ազգային կեդրոն»ին մէջ կարեւոր պաշտօն զբաղեցուցած է: Այս մէկը փաստավաւերագրական կեդրոն-գրադարան մըն է, որ հիմնուած է 2013 թուականին Տեսինի մէջ եւ իր գործունէութիւնը ուղղած է հայոց պատմութեան ու հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան:

Տանիելա Ղազարեան յայտարարած է, որ քաղաքականութեան մէջ մտնելու ու En Marche! շարժման աջակցելու նպատակը Ֆրանսայի մէջ ազգայնականութեան դէմ պայքարն է:

Ֆրանսական խորհրդարան մուտք գործած միւս հայ երեսփոխանը՝ հայ երեսփոխաններուն մէջ ամենաերիտասարդն է՝ 30-ամեայ Կիյոմ Գասպարեանը, որ կը զբաղի տեղեկատուական արհեստագիտութեան ասպարէզով՝ «Յառաջ, Հանրապետութիւն» շարժումի գործօն անդամներէն մին է:

Իր հայ ամուսինին Եսայեան մականունը կրող Նատիա Եսայեանի մասին առայժմ քիչ բան յայտնի է։ Ժամանակը ցոյց պիտի տայ թէ՛ անոր, թէ՛ իր միւս հայ գործընկերներու գործունէութեան մանրամասները եւ անոնց կապը մանաւանդ՝ հայութեան եւ Հայաստանի հետ:

Առայժմ բան մը յստակ է՝ անոնք բոլորն ալ հաւատացած են նոր նախագահի քաղաքական ծրագրին, որուն մէջ շեշտը կը դրուի երկրի տնտեսական յառաջընթացին վրայ: Մաքրոն ծրագրած է փոխել աշխատանքային օրէնսդրութիւնը, թեթեւցնել աշխատողներու վիճակը, տուրքերը նուազեցնել եւ վերջապէս, լուծել Ֆրանսայի մէջ գոյութիւն ունեցող 10 տոկոս գործազրկութեան հարցը՝ ստեղծելով գործազրկութեան ապահովագրութեան միջազգային համակարգ մը, որ կը գանձատրուի տուրքերով եւ կը կառավարուի պետութեան կողմէ:

Իր խոստումները գործի դնելու համար Մաքրոն յայտարարած է, թէ անհրաժեշտ է մշակել քաղաքականութիւն մը, որ կը համատեղէ ծախսերու նուազումը ընկերութիւններուն համար եւ կը խթանէ ներդրումները: Անոր ծրագրին մէջ մեծ տեղ յատկացուած է ապահովութեան հարցերուն, որ վերջին տարիներուն մտահոգած է ողջ Եւրոպան, այդ կարգին՝ Ֆրանսան: Մաքրոն խոստացած է ունենալ աւելի հզօր ոստիկանութիւն եւ բանակ, անդամագրել 100 հազար յաւելեալ ոստիկաններ, զարգացնել «Առօրեայ ապահովութեան ոստիկանութիւնը», այսինքն՝ համայնքային ոստիկան մը, որ կը պաշտպանէ եւ կը լսէ թաղին բնակիչները: Բանտերու մէջ ան ըսած է, թէ պիտի աւելցնէ 15 հազար նոր խուցեր, եւ երկրին մէջ պիտի հաստատէ ամսուան մը պարտադիր զինուորական ծառայութիւն:

Գալով ընտանիք հասկացողութեան, Մաքրոն խոստացած է դիւրացնել այն ծնողներուն կեանքը, որոնք կ՚աշխատին, բայց եւ ան չի թաքցներ այն փաստը, որ ընտանիքի գաղափարը իր ծրագրին առանցքը չի կազմեր: Անոր ամուսնութիւնը, իրմէ քսանչորս տարի մեծ իր ուսուցչուհիին՝ Պրիժիտ Թրոնիոյի հետ, չի դադրիր մամուլի եւ ընկերային ցանցերու քննարկման նիւթ դառնալէ, փաստ մը, որ միանշանակ կերպով չէ, որ ընդունուած է եւ բազում բամբասանքներու եւ սրախօսութիւններու առիթ դարձած:

Գալով հայութեան հանդէպ իր վերաբերմունքին, Մաքրոն տակաւին Ապրիլ ամսուն Ֆրանսայի մէջ Կոմիտասի յուշարձանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցած է Եղեռնի զոհերու յիշատակին՝ ըսելով.

«Ահա՛, թէ ինչու ես հիմա այստեղ եմ։ Շատ կարեւոր է պահպանել մեր պատմութիւնը։ Այո՛, այդ մէկը նաեւ Ֆրանսայի պատմութեան մէկ մասն է, քանի որ հայերը մեծ ներդրում ունեցած են մեր պետութեան կայացման գործին մէջ։ Ես գիտեմ բոլոր այն կարեւոր հարցերը, որոնցմէ մի քանին մինչեւ հիմա չեն լուծուած։ Եւ եթէ տասնհինգ օր անց ֆրանսացիները իրենց քուէն տան ինծի, ապա ես Ֆրանսայի մէջ բնակող հայերուն հետ կ՚երթամ մինչեւ վերջ։ Այսինքն՝ մինչեւ Եղեռնի միջազգային ճանաչում»:

Ապրիլեան այդ նոյն օրը Էմմանիւէլ Մաքրոն անդրադարձած է նաեւ Արցախեան հակամարտութեան խնդրին՝ նշելով, որ միայն Ֆրանսայի ջանքերը բաւարար չեն այդ հարցը լուծելու համար։ «Եթէ դառնամ Ֆրանսայի նախագահ, ապա առաւելագոյն ջանքեր կը գործադրեմ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լիովին կարգաւորելու գործին մէջ։ Այսօր ես մանրամասնօրէն չեմ խօսիր, սակայն այն փաստը, որ ես այստեղ եմ, կը վկայէ, որ ես մինչեւ վերջ ձեր կողքին կ՚ըլլամ։ Ամէն ինչ կ՚ընեմ, սակայն դուք ալ կը հասկնաք, որ Ֆրանսան առանձին չի կրնար լուծել խնդիրը», ըսած է ան:

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՄԱՍԸ

Հայերու պատմութիւնը նաեւ Ֆրանսայի պատմութեան մէկ մասն է ըսելով Էմմանիւէլ Մաքրոն նկատի ունեցած է այն հարուստ անցեալը, որ հայերը կերտած են եւ այսօր ալ պատմութիւն կը կերտեն Ֆրանսայի մէջ:

Ըստ համայնագիտարանի ներկայացուցած տուեալներուն, առաջին հայերը Ֆրանսայի մէջ հաստատուած են վաղ միջնադարուն՝ 6-րդ դարուն։ Անոնց թիւը հետզհետէ աւելցած է մանաւանդ Կիլիկիոյ հայկական պետութեան անկումէն (14-րդ դար) յետոյ, ապա՝ 15-16-րդ դարերուն, երբ հայկական փոքրաթիւ գաղութներ հիմնուած են Մարսէյլի, Փարիզի եւ կարգ մը այլ քաղաքներու մէջ:

Հայերը Ֆրանսայի մէջ բնակած են Փարիզի, Մարսէյլի, Վերսայի, Լիոնի, Նիսի, Պուատիէի, Լա Ռոշէլի, Պորտոյի, Սեն Շամոնի, Վիէնի, Վալանսի եւ այլ քաղաքներու մէջ, ուր անոնք յայտնուած են տակաւին վաղ միջնադարուն, եւ այսօր ալ այդ քաղաքները կը նկատուին հայաշատ: Աղբիւրները կը յիշատակեն Սիմոն Եպիսկոպոսը, որ 591 թուականին հիւրընկալուած է Թուր քաղաքի մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Ֆրանսացիներու եւ հայերու միջեւ ռազմական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները զարգացած են 11-14-րդ դարերուն՝ Խաչակրաց արշաւանքներուն եւ Կիլիկեան հայկական թագաւորութեան ժամանակաշրջանին՝ մասնաւորապէս Լուսինեաններու օրով, երբ բազմաթիւ ռազմական, ինչպէս նաեւ ամուսնական դաշինքներ կնքուած են հայ եւ ֆրանք ազնուականներուն միջեւ։

Ֆրանսահայ համայնքը մասնաւորապէս ստուարացած է, երբ Եղեռնէն փրկուած արեւմտահայ գաղթականներու հազարաւոր ընտանիքներ եւ որբեր հաստատուած են Ֆրանսա։ Եւ պատահական չէ, որ Ֆրանսայի մէջ մեծ թիւ կը կազմեն հայ զոհերուն նուիրուած յուշարձանները: 24 Ապրիլ 2003 թուականին Փարիզի կեդրոնը տեղադրուած է Դաւիթ Երեւանցիի՝ Կոմիտասի 4 մեթր բարձրութեամբ պրոնզեայ արձանը, որ յիշատակի վայր դարձած է միլիոնաւոր հայերու եւ նաեւ՝ օտարներու համար։ Ներկայիս Ֆրանսայի մէջ ապրող հայերուն թիւը շուրջ 9 հարիւր հազար է:

Ֆրանսահայ համայնքի ձեւաւորումէն ի վեր ստեղծուած են բազում դպրոց-վարժարաններ, հասարակական, բարեսիրական եւ մշակութային կազմակերպութիւններ, որոնք հայապահպանութեան իւրայատուկ կեդրոններ են։ Այս առումով անգնահատելի դեր ունին Համազգայինի ամէնօրեայ վարժարանը, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Ֆրանսայի մասնաճիւղը, «Ազնաւուրը՝ Հայաստանին» բարեսիրական կազմակերպութիւնը եւ այլն:

Ֆրանսահայ գաղութներուն մէջ աշխոյժ է նաեւ հոգեւոր կեանքը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի հայ կրօնական համայնքները միաւորուած են Փարիզի, Լիոնի եւ Մարսէյլի մէջ: Կը գործէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմը՝ իր առաջնորդանիստ եկեղեցիով, իսկ հայաշատ քաղաքներուն մէջ կը գործէ Հայ Առաքելական շուրջ քսան եկեղեցի:

Ֆրանսայի մէջ կան նաեւ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներ:

Աշխոյժ է նաեւ հայկական կուսակցական կեանքը, Կարմիր խաչը, Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչը, ՀԲԸՄ-ի, ՀՅԴ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Թէքէեան, Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնները, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղը, Հայ դատի Ֆրանսայի յանձնախումբը, «Նոր սերունդ» երիտասարդական պատանեկան միութիւնը, «Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութիւնը, «Հայ աղքատախնամ ընկերակցութիւնը», Նախկին հայ ռազմիկներու եւ դիմադրականներու միութիւնը, Ֆրանսահայ բժիշկներու միութիւնը, Ֆրանսահայ իրաւաբաններու եւ փաստաբաններու միութիւնը, Ֆրանս-հայկական գիտական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը, «Ֆրանսա-Ղարաբաղ» միութիւնը, Ֆրանս-հայկական բարեկամութեան ընկերակցութիւնը, Հայ գործարարներու համախմբումը, Ֆրանսահայ երիտասարդական միութիւնը եւ այլն: Ընդհանուր առումով Ֆրանսայի մէջ կը գործէ շուրջ հինգ հարիւր հայկական կազմակերպութիւն, այդ կարգին՝ մամուլ, ձայնասփիւռային կայաններ:

Ֆրանսայի կարգ մը քաղաքներուն փողոցները կը կրեն Հայաստանի աշխարհագրական վայրերու եւ նշանաւոր հայերու անուններ։ Օրինակ՝ Լիոնի մէջ կայ Հայաստան, Վալանսի՝ Երեւան անունով փողոցներ եւ այլն։ Մեծ թիւ կը կազմեն նաեւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի քոյր քաղաքները. ինչպէս՝ Փարիզն ու Երեւանը, Փանիոն ու Վանաձորը, Վալանսն ու Իջեւանը եւ այլն։ Երեւանի մէջ 2006 թուականին անուանակոչուած է Ֆրանսայի հրապարակը, ուր ելոյթ ունեցած է Ֆրանսայի նախագահներէն Նիքոլա Սարքոզի: Հրապարակը տեղակայուած է Սայաթ Նովա եւ Մեսրոպ Մաշտոց պողոտաներու հատման հանգոյցին վրայ՝ Օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնի շէնքի հարեւանութեամբ։ Անուանակոչուած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսական օրերու կապակցութեամբ, որու բացման բազմաթիւ հիւրերուն մաս կազմած են Ֆրանսայի նախկին նախագահ՝ Ժաք Շիրաք եւ աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ՝ Շարլ Ազնաւուր։ 14 Նոյեմբեր 2015 թուականին Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է մոմավառութիւն՝ ի յիշատակ Փարիզի ահաբեկչութեան զոհերուն:

1994 թուականէն ի վեր հայերէնը Ֆրանսայի կառավարութեան որոշումով ստացած է առաջին կարգի օտար լեզուի կարգավիճակ:

Իսկ բոլորովին վերջերս, Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի (Վալ տէ Մարնի շրջան) քաղաքային խորհուրդը, որոշում կայացուցած է Բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրելու Արցախի Բերձոր քաղաքին հետ: Բարեկամութեան այս հռչակագիրը իններորդն է արցախեան եւ ֆրանսական համայնքներու միջեւ կնքուած համագործակցութեան մասին համաձայնագիրներու շարքին: Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի փոխ-նախագահ Ռընէ Ռուքէ, որ նաեւ երկար տարիներ զբաղեցուցած է Ալֆորվիլի քաղաքապետի պաշտօնը, իր շնորհաւորական ուղերձը յղած է Ալֆորվիլի ներկայ քաղաքապետ Լիւք Քարվունազին, ինչպէս նաեւ Բերձորի քաղաքապետին:

«Ինծի համար մեծապէս ուրախալի է հռչակագրի ստորագրման որոշման մասին լուրը, որ կը խորհրդանշէ յարգանքի եւ բարեկամութեան վրայ հիմնուած աւելի քան երկու տանսամեայ մեր յարաբերութիւնները», նշած է Ռընէ Ռուքէ։ Ան անդրադառնալով բարեկամութեան շրջանակի յատուկ խանդավառութեան մասին՝ ըսած է. «Ֆրանսայի եւ Արցախի քաղաքներու միջեւ այս ձեւաչափով համագործակցութեան հեղինակն է»։

Իր կարգին, Ալֆորվիլի քաղաքապետ, նոյնպէս Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամ Լիւք Քարվունազ անդրադառնալով հռչակագրին կողմէ հետապնդուող նպատակներուն, նշած է. «Փաստաթուղթը թոյլ կու տայ համատեղ ուժերով զարգացնելու Արցախի շրջանները՝ հնարաւորութիւն տալով տեղւոյն բնակիչներուն իրենց հողին վրայ կերտելու սեփական ապագան»:

«Հռչակագիրը նաեւ հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի խոշոր ծաւալներու հասցնելու արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող համատեղ ծրագիրները։ Տնտեսական զարցագումն ու աշխատատեղիներու ստեղծումը պատերազմի եւ բնակչութեան տեղաշարժերու դէմ լաւագոյն երաշխիքներն են։ Եւրոպական Միութիւնը, որ ներկայիս կանգնած է գաղթականութեան խնդիրներու առջեւ, պէտք է իր օժանդակութիւնը բերէ Արցախի մէջ զարգացման նման ծրագիրներու իրագործման», իր խօսքերը եզրափակած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նոտընտիր պատգամաւոր-քաղաքապետը։

Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը կը յիշեցնէ, որ հռչակագիրներու ստորագրման միջոցով տարուող իր գործունէութիւնը նպատակ կը հետապնդէ Հարաւային Կովկասի մէջ վերահաստատելու խաղաղութիւն՝ ապահովելով բարգաւաճութիւն: Բերձոր քաղաքը (նախապէս Լաչին) կը գտնուի Արցախէն Հայաստան անցակէտին վրայ, որ կ՚ընձեռէ զարգացման բազում ծրագիրներ կեանքի կոչելու հնարաւորութիւն:

Այսօր ալ հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւնները կը շարունակեն աշխուժօրէն զարգանալ: Ֆրանսան եղած է եւ կը մնայ հայ ժողովուրդի բարեկամ երկիրներէն մին, որուն նախագահները զանազան առիթներով այցելած են Հայաստան, նմանապէս՝ Հայաստանի բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը անցնող տարիներուն բազմաթիւ պետական, պաշտօնական, աշխատանքային այցեր տուած է Ֆրանսա: Ֆրանսայի մէջ նոր նախագահի ընտրութիւնը ողջունած են Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարները՝ յոյս յայտնելով, որ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները կը թեւակոխեն նոր փուլ: Իսկ ֆրանսական խորհրդարանի մէջ հայ երեսփոխաններու առկայութիւնը միայն դրական անդրադարձ կ՚ունենայ հայ-ֆրանսական հին ու նոր կապերուն վրայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2017