ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Երէկ, Վիեննայի մէջ մասնաւոր քննարկում մը տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Քրիստիան Վիկենին հանդիպում մը ունեցաւ կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մշտական ներկայացուցիչներուն, Աւստրիոյ նախագահութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի քարտուղարութենէն պաշտօնատարներու հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վիկենին ընդգծեց համաձայնեցուած ձեւաչափերու միջոցաւ շարունակական ջանքերու գործադրութեան կարեւորութիւնը։ Ըստ իրեն, խորհրդարանական երկխօսութիւնը մեծ ներուժ ունի քաղաքական կամքի արտայայտման հարցին մէջ։ «Տարածքաշրջանէ ներս հակամարտութիւնները կը շարունակեն մարդկային բարձր եւ անհանդուրժելի գին մը ունենալ։ Ես մտադիր եմ շարունակել ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի իմ գործընկերներուն հետ քննարումները այն հարցին շուրջ, թէ ինչպէ՛ս մենք կրնանք օգտագործել մեր քաղաքական ազդեցութիւնը՝ նպաստելու շարունակուող պաշտօնական ջանքերուն եւ խթան հանդիսանալու համար համապարփակ «ու կայուն խաղաղութեան», ըսաւ Քրիստիան Վիկենին։
Ինչպէս ծանօթ է, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները մօտաւոր անցեալին այցելած էին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Անոնց Պաքու այցելութեան օրերուն Արցախի վրայ լարուածութիւնը վերստին սաստկացած էր եւ Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւններուն հետեւանքով եղած էին զոհեր։ Այդ բախումները միջազգային գետնի վրայ ստեղծած էին լայն արձագանգ ու պատճառ դարձած՝ լուրջ մտահոգութեան։ ՄԱԿ անհանգստութիւն յայտնած էր Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծին վրայ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ՝ կոչ ուղղելով բանակցութիւններու համար։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերի տեղակալ Ֆերհան Հաք յայտնած է, որ կառոյցը կը բաժնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն անհանգստութիւնը՝ շփման գծի վրայ հրադադարի խախտման բերումով։ Իր խօսքերով, ՄԱԿ կը կրկնէ համանախագահներուն յորդորը ուղղեալ հակամարտ կողմերուն՝ խուսափելու հետագայ լարուածութենէն։ «Մենք նաեւ կը միանանք համանախագահներուն՝ կոչ ուղղելով կողմերուն, որպէսզի մասնակցին բանակցութիւններուն բարեխղճօրէն եւ քաղաքական կամքով», ըսաւ Հաք։
Եւրոմիութեան կողմէ ալ յայտարարուեցաւ, որ կ՚ակնկալուի լարուածութեան թուլացում Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս։ «Հրադադարի վերջին խախտումները, որոնց հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի շփման գծին վրայ եղան բազմաթիւ զոհեր, ակնյայտօրէն կը յիշեցնեն առ այն, որ առկայ կարգավիճակը անկենսունակ է», յայտարարեց ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտագնութեան քաղաքականութեան յանձնաժողովի բանբեր Մայա Քոսիանչիչ։ Նոյն յայտարարութեան մէջ ան նշած է, որ ԵՄ կ՚ակնկալէ լարուածութեան թուլացում եւ զսպուածութեան ցուցաբերում թէ՛ գործերու եւ թէ խօսքերու մէջ։ Ան ԵՄ-ի լիարժէք աջակցութիւնը յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն ու միացաւ անոնց վերջին յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծուած յորդորներուն։
Ուաշինկթընն ալ խիստ մտահոգութիւն յայտնեց շփման գծի վրայ հրադադարի խախտումներուն բերումով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակամարտ կողմերուն կոչ ուղղեց՝ որպէսզի խուսափին լարուածութենէ եւ անյապաղ կերպով քննարկեն լարուածութեան թուլացման ուղղեալ քայլերը։ Պետական քարտուղարութեան բանբեր Հիզըր Նոէրթ ընդգծեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան բովանդակած տեսակէտները ցոյց կու տան միակ ճանապարհը տարածքաշրջանի բը-նակչութեան համար ամուր խաղաղութեան հաստատման համար։ ԱՄՆ կը շարունակէ խտացեալ ձեւով աշխատիլ հակամարտ կողմերուն հետ։ «Մեր քաղաքականութիւնը, որու շուրջ Մինսքեան խմբակի համանախագահները համակարծիք են, այն է, որ խնդրի արդար լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային իրաւունքի վրայ՝ ներառնելով Հելսինքեան եզրափակիչ աքթը, մասնաւորապէս ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքները», ըսաւ ամերիկացի բանբերը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը մշտապէս Մոսկուայի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ է։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն վերջին յայտարարութիւնը լիարժէքօրէն կ՚արտայայտէ Մոսկուայի դիրքորոշումը այս հարցին շուրջ։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս ներկայիս կը սպասուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, որու ժամկէտը տակաւին յստակեցուած չէ։