ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուի այս ծրագիրը, որուն այս տարի մասնակցութիւն կը բերէ աւելի քան 350 սփիւռքահայ՝ աշխարհի երեսուն երկիրներէն։ Ծրագիրը կեանքի կը կոչուի Երեւանի Պետական համալսարանի համագործակցութեամբ։ Երէկուան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնն ալ տեղի ունեցաւ համալսարանի դահլիճի երդիքին տակ։

Ամառնային դպրոցի ծիրէն ներս կիրականացուին հինգ ուղղութիւններով դասընթացքներ։ Անոնք են՝ հայոց լեզուի արագ ուսուցում, հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ կրթական գործիչներու վերապատրաստում, երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստում, ազգային երգի խմբավարներու եւ պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ առաջնորդներու ու համայնքային գործիչներու դասընթացք։

Երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին բացման խօսքով մը հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ ջերմ արտայայտութիւններով ողջունեց բոլոր մասնակիցները։ Յակոբեան ընդգծեց, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը ստեղծուած է Սփիւռքի պահանջով՝ ազգային ինքնութեան, հայեցի լեզուամտածումի պահպանման ու զարգացման, համայնքներէ ներս հայապահպանութեան ծրագրերուն աջակցելու նպատակով։ «Հինգ տարի առաջ, երբ այս դպրոցը նոր կը ստեղծուէր, մտավախութիւն կար, որ կրնայ չկայանալ։ Մինչդեռ մասնակիցներուն թիւը ամէն տարի աւելցաւ եւ այսօր անոնք աւելի քան 350 հոգի կը կազմեն։ Շատ կարեւոր է յատկապէս երիտասարդներու մասնակցութիւնը, որովհետեւ անոնք են, որ լաւ պիտի ճանչնան իրենց ժողովուրդի, հայրենիքի պատմութիւնը, պիտի իմանան լեզուն եւ այդ բոլոր գիտելիքները պիտի տարածեն ու փոխանցեն Սփիւռքի զանազան համայնքներէ ներս ապրող մատաղ սերունդին։ Յատկապէս կ՚ուզեմ խօսքս ուղղել երիտասարդներուն։ 21-րդ դարը գիտութեան, նորարարութեան, տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու դարն է։ Հայու ծին ունեցող երիտասարդները աշխարհի մէջ պէտք է մրցունակ ըլլան իրենց գիտելիքներով, դառնան լաւագոյն մասնագէտներ եւ իմանան, որ իրենց միտքն ու գիտելիքը ազգային մեծագոյն դրամագլուխն է ոչ միայն իրենց, այլ հայրենիքի համար եւ պէտք է իմանան նաեւ, թէ իրենք են մեր ազգի հիմնական ներուժը», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան ու կոչ ուղղեց մասնակիցներուն, որպէսզի լաւ ուսանին։

Արարողութեան ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան։ Այս առթիւ ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան՝ համալսարանի հետ ծաւալուած սերտ համագործակցութեան համար։ Վերատեսուչին խօսքերով՝ ամառնային դպրոցի իրականացումը ունի առաջնահերթ նշանակութիւն։

Յաջորդաբար արտայայտուեցան նաեւ ամառնային դպրոցի ծրագրերու պատասխանատուները։ Ելոյթներէն վերջ գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2017