ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ ԲԱՑԱՅԱՅԵԼ

Երեւանի մէջ սկսած է Creative Armenia մշակութային կազմակերպութեան գործունէութիւնը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախորդ ամիս տեղի ունեցած պաշտօնական մեկնարկէն յետոյ, որ իրականացած էր «Խոստում» ֆիլմի ստեղծողներու եւ UCLA համալսարանի՝ թատրոնի, շարժանկարի եւ հեռատեսիլի մասնաճիւղին հետ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք, Creative Armenia-ն կը սկսի իր գործունէութեաի Երեւանի մէջ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, նախագծի հիմնադիր Կարին Յովհաննիսեան ըսած է, որ նպատակներու իրականացման համար կազմակերպութեան ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ շատ մեծ դեր եւ նշանակութիւն ունի: «Լոս Անճելըսէն մինչեւ Երեւան՝ մեր աշխատանքը տաղանդաւոր արուեստագէտներու բացայայտումն է թուային դարաշրջանի մէջ: Այս նախագիծը ստեղծուած է արուեստի, մարդու իրաւունքներու եւ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու հատման իբրեւ արդիւնք: Մենք Հայաստանի մէջ շատ տաղանդներ ունինք, եւ Creative Armenia-ն այս ամիսներու ընթացքին պիտի առաջարկէ թուային դրամաշնորհներ, մրցոյթներ: Միասին պիտի աշխատինք մեր մշակոյթին նոր համ ու հոտ տալու ուղղութեամբ», ըսած է Կարին Յովհաննիսեան:

Creative Armenia-ն կը սկսի շարք մը ծրագիրներով՝ դրամաշնորհներու տրամադրումով, թուային ամսագրի թողարկումով, ժամանակակից սեփական արտադրանքով: Կազմակերպութեան մեկնարկային ծրագիրը ստեղծարար մարտահրաւէրներու շարքն է: Այդ շարքէն առաջին վիտէօ-մարտահրաւէրն է բեմադրիչ Թերրի Ճորճի («Ռուանտա հիւրանոց», «Խոստումը») կողմէ: Պէտք է նկարահանել մարդու իրաւունքներու մասին պատմող շարժապատկեր 60 վայրկեաննոց՝ առանց երկխօսութիւններու: Մրցանակը պիտի կազմէ 5 հազար ամերիկեան տոլար: Մրցանակակիրը պիտի որոշուի դատակազմին կողմէ, որուն կազմին մէջ ներգրաւուած են յայտնի բեմադրիչ Թերրի Ճորճ, Քաննի փառատօնի «Կրան փրի»ի մրցանակակիր, բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, հասարակական ազդեցութեան ոլորտին մէջ հանրայայտ Պոննի Ապաունզա, հասարակական ազդեցութեան հանրաճանաչ շարժանկարի գործիչ Քարլա Կարապետեան եւ UCLA-ի հասարակական ազդեցութեան ժամանցի՝ Skoll կեդրոնի գործադիր տնօրէն Փիթըր Պիսանզ:

Մարտահրաւէրի վերջնաժամկէտը երկարաձգուած է մինչեւ Յուլիսի 31-ը, որպէսզի խրախուսուին դիմումները Հայաստանէն: Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը անվճար է: Կրնան դիմել շարժանկարի բոլոր գործիչները՝ անկախ ազգութենէն:

Creative Armenia-ն հիմնադրուած է անյայտ բարերարի մը, «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի եւ «Խոստում»ի հետ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք: Անիկա ներկայացուած է Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի մէջ գտնուող ստեղծարար խումբերով եւ հիմնադիր խորհուրդով: Խորհուրդին մաս կը կազմեն Կրեմմիի մրցանակակիր երաժիշտ Սերժ Թանգեան, արտադրող Էրիք Էսրայիլեան, դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, դերասան Սիմոն Աբգարեան, դերասան Էրիք Պօղոսեան, շարժանկարի գործիչ Քարլա Կարապետեան եւ ձեւաւորող Մայքըլ Արամ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 5, 2017