ԱԽԱԼՔԱԼԱՔԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Ախալքալաքի Գաւառագիտական թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է գորգերու, Հայաստանի տարբեր մարզերու հայկական ազգային տարազներու եւ հայկական հնագոյն նախշերով արծաթեայ զարդերու ցուցահանդէս-վաճառք:

Ըստ «Արցախփրէս»ի, Jnews.ge հաղորդած է, թէ ներկայացուած են Լիլիթ Մելիքեանի Հայաստանի տարբեր մարզերու հայկական հնագոյն ազգային տարազներու հաւաքածոն, այլ աշխատանքներ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնէն, ասեղնագործուհի Արփի Աւտալեանի աշխատանքները եւ Տաթեւ Յովակիմեանի պատրաստած արծաթեայ զարդերը:

Վարպետներու եւ ձեռագործներու խումբը Ախալցխայի մէջ մասնակցած է «Ռաբաթ» գորգերու միջազգային փառատօնին եւ Մետրոպոլիտ Նիկոլոզի հրաւէրով այցելած՝ Ախալքալաք: Անոնք արդէն երկրորդ տարին է, որ կը մասնակցին գորգերու միջազգային փառատօնին, իսկ Ախալքալաքի մէջ կը ցուցադրուին առաջին անգամ:

Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Բաբգէն Վրդ. Սալբիեան շնորհակալութիւն յայտնած է Մետրոպոլիտ Նիկոլոզին, որ ան հնարաւորութիւն տուած է ախալքալաքցիներուն տեսնելու հին գորգերու այս հաւաքածոն եւ հայկական ազգային տարազները: «Մենք միշտ կ՚ուզենք ունենալ հին հայկական գորգերու եւ Հայաստանի տարբեր մարզերու ազգային տարազներու նման ցուցահանդէս: Նման ձեռնարկները միշտ տեղի կ՚ունենան մեծ քաղաքներու մէջ, եւ մեր ժողովուրդը հեռու կը մնայ նման ձեռնարկներէ: Շնորհակալութիւն նաեւ Տաթեւ Մուրատեանին, որ համաձայնեցաւ ցուցադրուիլ նաեւ Ախալքալաքի մէջ», ըսած է Տ. Բաբգէն Վարդապետ:

Իր կարգին, Տաթեւ Յովակիմեան ներկայացուցած է  հայկական ճարտարապետութեան զարդանախշերով արծաթեայ զարդեր, զորս պատրաստած է իր ձեռքերով: «Բոլոր զարդանախշերը վերցուած են հնագոյն եկեղեցիներէ: Ես կ՚աշխատիմ Ուրարտական ոճով եւ կը փորձեմ պահպանել արծաթագործութեան հին աւանդոյթները», նշած է Տաթեւ Յովակիմեան:

Իսկ Արփի Աւտալեան ներկայացուցած է ասեղնագործ աշխատանքները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը եզակի է: «Ասեղնագործուած հնագոյն զարդանախշերը ես կը տեղադրեմ արծաթեայ շրջանակներու մէջ, զանոնք կարելի է օգտագործել», ըսած է Արփի Աւտալեան:

Տաթեւ Մուրատեան, որ կը ներկայացնէ «Հանգոյց» ժողովրդական մշակոյթի հիմնադրամը եւ «Մետաքսի ճանապարհ» հիւրանոցը, ըսած է, որ «Տէրեան» կեդրոնը ունի Ջաւախքի եւ Ախալցխայի բազմաթիւ տարազներ, եւ անոնք կրկին կու գան Ախալքալաք ցուցադրելու համար Ջաւախքի տարազները: «Ես կը խօսիմ «Տէրեան» կեդրոնի տնօրէնին հետ, եւ մենք անպայման կը ցուցադրենք այստեղ Ջաւախքի տարազները: Մենք պարզապէս չէինք գիտեր, թէ պիտի գանք Ախալքալաք: Արդէն գտած ենք կապեր, համագործակցութիւն եւ կը ծրագրենք մեր ապագայ այցը», ըսած է Տաթեւ Մուրատեան:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 5, 2017