ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԽՕՍՔԸ

Պատրիարքարանի մէջ, նախաձեռնարկ մարմնի կազմութեան համար երէկ տեղի ունեցած համայնքային խորհրդակցութեան ընթացքին Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան հանդէս եկաւ թրքերէն ելոյթով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Սրբազնութեան ելոյթին հայերէն թարգմանութիւնը։

*

Մեր համայնքի ընտիր ներկայացուցիչները ու սիրելի մասնակիցներ,

Այսօրուան ժողովը նոր հիմնաքար մըն է՝ մեր 85-րդ պատրիարքը ընտրելու ճանապարհին։ Կարիք չկայ, որ ձեզի բացատրեմ այն դժուարութիւններն ու վերիվայրումները, որոնց վերջին շրջանին ենթարկուեցաւ թրքահայ համայնքը։ Այս բոլորը ինձմէ աւելի լաւ դիտարկեցիք, ապրեցաք եւ այդ բոլորի վկաները դարձաք։ Կ՚ուզեմ միայն այնքանը ըսել, որ ես 75 տարեկան եմ ու իմ կեանքի տեւողութեան նման շրջանի մը, նման իրադարձութիւններու ականատեսը չէի եղած։

Բազում խոչընդոտներով ճանապարհ մը կտրելով հասանք այս օրուան։ Անպէտք դժուարութիւններով ծանրաբեռնուած այս գործընթացին մէջ ձեզմէ ոմանք ատեն-ատեն տատամսեցան, կասկածի մատնուեցան եւ դժուարացան այս գործընթացին աջակցելու։ Բնականոն պէտք է համարել՝ այն մտային շփոթութիւնները, որոնք յառաջացան նոր շրջանի մը սկիզբին, անցեալ ինն տարիներէն վերջ։

Միւս կողմէ մեծամասնութիւն էին անոնք, որոնք այս գործընթացի սկիզբէն ի վեր պատահածներու գիտակցութեան մէջ գտնուեցան, կամք դրսեւորեցին ու ջանք գործադրեցին՝ որպէսզի մեր Պատրիարքարանն ու համայնքը վերադառնայ իր աւանդական մաքուր հունը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք բաժին մը կամ նպաստ մը ունեցած են այս օրուան հասնելու ճանապարհին եւ իմ հրաւէրիս ընդառաջ՝ մեր 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմնի կազմութեան համար կը գտնուին այստեղ։ Թող Աստուած ըլլայ ձեր բոլորին օգնականը։

26 Հոկտեմբեր 2016-էն ի վեր ապրուածները ծանօթ են մեր բոլորին։ Ամէն ինչ պատահեցաւ մեր հաւաքականութեան աչքին առջեւ։ Չեմ ուզեր թուարկել այդ բոլորը։ Այլեւս պէտք է նայինք դէպի մաքուր ապագայ մը ու պէտք է ետին թողունք այն տհաճ իրադարձութիւնները, որոնք պիտի չուզենք վերյիշել։ Բայց եւ այնպէս, զարմանալի դիրքորոշումները չեն թողուր մեզ։ 15 Մարտ 2017 թուականի Եկեղեցականաց ընդհանուր համագումարը ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ զիս ընտրեց տեղապահ։ Մեր հասարակութեան ու մանաւանդ ազգիս Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տեւական յանձնարարութիւններով, թելադրութիւններով ու պահանջներով հանդերձ, մեր եկեղեցւոյ մէջ արքեպիսկոպոսի մակարդակի բարձրացած մեր եղբայրը Արամ Սրբազան յամառած է ու կը յամառի՝ իր պաշտօնէն չհրաժարելու ուղղութեամբ։ Պատրիարքարանէ ներս աշխատանքի ձեռնարկելէ վերջ այս նիւթը քննարկեցի Արամ Սրբազանին հետ։ Իրեն առաջարկեցի արժանապատիւ հրաժեշտ մը ու ներդաշնակ համագործակցութիւն մը՝ 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին մէջ։ Բացայայտօրէն մերժեց իմ առաջարկս։ Ասոր վրայ ան պաշտօնազրկուեցաւ Եկեղեցականաց համագումար ժողովին կողմէ, որ զինքը բերած էր այդ պաշտօնին գլուխը։ Դժբախտաբար պարտաւորուեցանք այսպիսի որոշում մը առնելու։ Սա արժանապատիւ եւ սկզբունքային վերաբերմունք մըն էր մեր համագումար ժողովին տեսակէտէ։ Երանի թէ մեր եկեղեցին ու մեր հասարակութիւնը չպարտաւորուէին նման քայլ մը առնելու։

Մեր Պատրիարքական Աթոռը նուիրական է։ Այդ Աթոռին գլուխը գտնուողները պէտք է վարուին անոր նուիրականութեան եւ մօտաւորապէս 600 տարուան պատմութեան յարիր ձեւով։ Սրբութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ լրջութիւնը այս Աթոռին բնորոշ առանձնայատկութիւններ են։ Տեղապահը ահա այսպիսի Աթոռի մը պահակն ու պահապանն է։ Պէտք է գիտակցիլ, որ մեր հաւատքի եւ վարդապետութիւններու առընթեր, մեր պատրիարքութիւնը յաչս մեր երկրին եւ աշխարհին կը ներկայացնէ մեր համայնքը։ Որպէս ընտրեալ տեղապահ իմ պաշտօնն ու պատասխանատուութիւնն է՝ հաշուի առնել Աթոռի այս բոլոր նուիրական առանձնայատկութիւնները եւ զայն իր նոր տիրոջը յանձնել մաքրամաքուր ձեւով։ Այս բոլորը անհրաժեշտ կը դարձնեն նաեւ, որ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի տիտղոսը կրած հոգեւորականն ալ թէ՛ պաշտօնի փոխանցման եւ թէ մեր նոր պատրիարքի ընտրութեան ճանապարհին ըլլար թափանցիկ, դրական ու ներդաշնակ դիրքորոշման մը մէջ։ Դժբախտաբար նման երեւոյթի մը ականատեսը չկրցանք ըլլալ։ Այլեւս պէտք է յաջողինք այս բոլորը ետին թողուլ։

Այս ժողովը կազմակերպեցի անկեղծ տրամադրութեամբ։ Ոեւէ մէկը պէտք չէ ակնկալէ, որ ես հեռանամ անկեղծ ու խաղաղ դիրքորոշումէ։ Սա իմ բնաւորութիւնն է։ Նախաձեռնարկ մարմինը պիտի բաղկանայ 17 անդամէ։ Երկու հոգեւորական եւ երեք աշխարհականէ բաղկացեալ հինգ անդամէն բացի, մնացեալ 12 անդամներուն ձեր կողմէ ցոյց տրուելիք թեկնածուներու շարքէն ընտրուիլն ալ ընկալած եմ նոյն բարեացակամութեամբ եւ զգայնութեամբ։ Ըստ դէպքերու ընթացքին, իմ կողմէ նշանակուելիք անդամներուն թիւը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը եթէ զգամ՝ անշուշտ, այդ իրաւասութիւնս պիտի օգտագործեմ։ Իմ նախագահութեամբ, նախաձեռնարկ մարմնի հիմնական պարտականութիւնն է 85-րդ պատրիարքի ընտրութիւնը իրականացնել ըստ մեր աւանդութիւններուն, նրբանկատութեամբ, արդար, ազնիւ ու թափանցիկ ձեւով։ Ուստի, պայման է, որ նախաձեռնարկ մարմինը աշխատի այս հիմնական նպատակին յարմար ձեւով, ներդաշնակութեամբ եւ առանց տեղի տալու որեւէ քննադատութեան։

Մեր համայնքն ու եկեղեցին վերստին իր անցեալի հեղինակութեան ու բարքերու եւ աւանդութիւններուն յարիր կէտի մը բարձրացնելու առաջին քայլը, առաջին սպիտակ էջը պիտի ըլլայ՝ 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան աշխատասէր ու բարեացակամ խումբի մը կողմէ կազմակերպումն ու իրականացումը։ Որքան շեշտեմ քիչ է, թէ սա ինչքա՛ն կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեր ապագային տեսակէտէ։ Արդէն, վստահ եմ, թէ այստեղ բոլոր գտնուողները, բոլորդ, առնուազն ինծի չափ կը գիտակցիք այս կարիքին։

Այս ամբողջին մէջ կը խնդրեմ, որ մասնաւոր ուշադրութիւն եւ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերուի նախաձեռնարկ մարմնի անդամներու ընտրութեան համար։ Ոեւէ մէկէն անբարեացակամութիւն կամ յետին նպատակ չեմ ակնկալեր։ Բայց եւ այնպէս, այս գործընթացին մէջ հիմնական նշանակութիւն ունի, որ անդամները ինծի հետ աշխատին ներդաշնակ, ըլլան նպատակասլաց եւ առաւելագոյն ձեւով օժանդակեն ինծի։ Այս մարմնի մեծամասնութիւնը ես կրնայի նշանակել, արգելք մը գոյութիւն չունէր այս ուղղութեամբ։ Յամենայնդէպս ես կողմնակից եմ մասնակցութեան, մասնակցութեամբ կառավարման ձեւին։ Սա է, որ երկարաժամկէտ մեր հաւաքականութիւնը պիտի վերադարձնէ անցեալի գեղեցիկ, անդորր օրերուն եւ յաչս պետութեան ու ժողովուրդին անոր պիտի վերադարձնէ իր անցեալի վարկը։

Այս մարմինը պէտք է ընդգրկէ հասարակութիւնը ու պէտք է ընդգրկուի հասարակութեան կողմէ։ Պէտք է ետին թողենք հին սովորութիւնները եւ հին խմբաւորումները։ Այս մարմինը եւ 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը հաշուեյարդարի մը հարթակը չեն։ Մեր առջեւ կը գտնուի հնարաւորութիւն մը՝ պառակտուած, բեւեռացուած մեր համայնքը վերամիաւորելու ու վերստին համախմբելու համար։ Պէտք չէ մսխենք այս առիթը։ Այս մարմինը պէտք է ըլլայ խորհրդանշան մը՝ մեր համայնքի պառակտումը յաղթահարելու առումով։

Կը կազմենք հաւաքականութիւն մը, որ մնացած է ափ մը։ Պէտք է բաժնենք մեր ցաւերը եւ ուրախութիւնները։ Մեր մտահոգութիւններն ու երջանկութիւնները ըլլան հասարակաց։ Հանգիստ չենք կրնար քնանալ, երբ որ կայ անօթի պառկող մը։ Կարիքաւորները պէտք է պաշտպանենք ու պէտք է ձեռք երկարենք մեր երիտասարդներուն, դպրոցներուն, հիւանդներուն եւ մեր գիրկը լայն պէտք է բանանք անոնց համար։ Ինչպէս միշտ եղած է մեր պատմութեան ընթացքին՝ մեր եկեղեցին պէտք է վերստին վերածուի այն նուիրական երդիքին, զոր մեզ կը միաւորէ։

Ես կը մաղթեմ, որ այսօրուընէ սկսեալ մեր հաւաքականութեան մէջ տիրեն խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը։ Կ՚աղօթեմ այս ուղղութեամբ։ Պատրաստ եմ այս ճանապարհին վրայ ինծի վիճակած բոլոր քայլերը առնելու, կ՚առնեմ ու պիտի առնեմ։ Կը մաղթեմ ու կը հաւատամ, որ այսօրուան մեր աշխատանքները այս շրջագծին մէջ եւ համապատասխան հասկացութիւնով պիտի իրականացնենք։

Աստուած ըլլայ մեր բոլորին հետ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 5, 2017