ՀԱՅԱԶԳԻ ԿՕՇԿԱԿԱՐԸ՝ ՃՈՐՃ ՇԻՐԻԿԵԱՆ

San Francisco Chronicle թերթը հրապարակած է յօդուած մը հայ կօշկակարին մասին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՚աշխատի 1976 թուականէն ի վեր:

Կօշիկի լայն ընտրանիով շրջապատուած՝ 62-ամեայ ամերիկահայ Ճորճ Շիրիկեան արագ ու մանրակրկիտ կ՚աշխատի: Անոր խօսքով երջանկութեան համար մարդուն միայն լաւ անկողին ու զոյգ մը լաւ կօշիկ պէտք է, քանի որ ատոնց հետ «կեանքը շատ աւելի հեշտ է»:

Շիրիկեան աւարտած է դպրոցը տասնչորս տարեկանին ու որոշած է կօշկակարութիւն սորվիլ իր հօրեղբօր մօտ, որ Երեւանի մէջ կօշիկի արտադրամաս ունէր: Միացեալ Նահանգներ արտագաղթելէն ետք Շիրիկեան բացած է իր աաջին արտադրամասը Օքլանտի մէջ 1976 թուականին: Ճորճ Շիրիկեան կը յիշէ, թէ ինչպէս իր առաջին յաճախորդը խնդրած էր ամրացնել կրունկը, բայց իր վատ անգլերէնի պատճառով կօշկակարը սխալ հասկցած էր խնդրանքը ու ամբողջ ներբանը վերանորոգած: Յաճախորդը չէր կրնար հասկնալ, թէ ինչու աւելի շատ բան վերանորոգած էր, քան ան խնդրած էր, ու Ճորճ անկէ միայն գանձած էր կրունկին փոխարժէքը: «Ան գոհ մնաց, ես նոյնպէս: Բայց ես արագ սորվեցայ», կը պատմէ ան:

Շիրիկեան երեք զաւակ ունի, բայց անոնցմէ ոչ մէկը կ՚ուզէ շարունակել իր գործը: Սակայն, ատիկա զինք շատ չի մտահոգեր: «Ես հպարտ եմ իմ զաւակներով», իր խօսքերը կ՚ամփոփէ Ճորճ Շիրիկեան:

Հինգշաբթի, Յուլիս 6, 2017