ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

The Economist հեղինակաւոր պարբերականը վերջերս հրապարակեց յօդուած մը, որ կը կրէ՝ «Սուրիոյ հայերը կ՚երթան պատմական հայրենիք» խորագիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յօդուածին մէջ մատնանշուած է, որ երբ 2011 թուականին Սուրիայէ ներս սկսաւ պատերազմը, երկրի քրիստոնեայ հայկական համայնքի հարուստ ընտանիքները փոխադրուեցան Երեւան՝ վարձակալելով Հիւսիսային պողոտայի բնակարանները։ Առաջին տպաւորութիւնը այն էր, որ իրենք արձակուրդի մեկնած էին։ Որոշ ժամանակ պէտք էր հասկնալու համար, որ անոնք այլեւս գուցէ երբեք պիտի չկարենային վերադառնալ տուն։

Սուրիոյ՝ շուրջ վեց տարիէ ի վեր շարունակուող քաղաքացիական պատերազմը ստիպեց, որ աւելի քան 5 միլիոն քաղաքացիներ ապաստան գտնեն երկրէն դուրս։ 2015-2016 թուականներուն հարիւր հազարաւորներ Պալքաններու միջոցաւ ապահով ապաստան կը փնտռէին Եւրոպայի մէջ։ Սակայն Սուրիոյ հայկական փոքրամասնութեան ներկայացուցիչները գերադասեցին չընտրել այդ ուղին։ Անոնք գացին Հայաստան։ Արտագաղթի հետեւանքով բնակչութիւնը նօսրացած Հայաստան ուրախ էր ողջունելով սուրիահայերը, որոնք գերազանցապէս կրթուած էին, կը պատկանէին միջին դասի եւ գործարարներ էին։

The Economist մատնանշած է, որ պատերազմէն առաջ Սուրիոյ մէջ կը բնակէր 90 հազար հայ։ 61-ամեայ Հրայր Ակուլեան, որ պատերազմէն առաջ Հալէպի մէջ կահոյքի գործարան մը ունէր, այժմ հաստատուած է Երեւանի մէջ։ «Քրիստոնեաները ապագայ չունին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ», ըսած է ան հեղինակաւոր պարբերաթերթի թղթակցին հետ զրուցելու ընթացքին։

Ներկայիս Սուրիոյ մէջ մնացած է 30 հազար հայ։ Շուրջ 30 հազար հայ փոխադրուած է Հայաստան։ Մեծամասնութիւնը հաստատուած է Երեւանի մէջ։ Միայն 30 ընտանիք բնակեցուած է Արցախի մէջ։ Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայած խումբ մը երիտասարդներ ալ կամաւոր արձանագրուած են՝ Արցախի շփման գծին վրայ ծառայելու համար։

Մինչ այդ, Հայաստանի ղեկավարութիւնն ալ կը շարունակէ անընդհատ ջանքեր գործադրել երկրէն ներս ապաստան գտած սուրիահայոց խնդիրներու լուծման նպաստելու համար։ Սփիւռքի նախարարութենէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովին հերթական նիստը։ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ձեռնարկուած ծրագրերուն ընթացքը աչքէ անցուց պետական, հասարակական, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Նախարարը կարեւորեց սուրիահայոց տնտեսական համարկումը։ Ան խնդրեց, որ բոլոր կազմակերպութիւնները իրենց ծրագրերուն մէջ որոշ բաղադրիչ մը յատկացնեն սուրիահայոց գործերուն աջակցելու։ 

Նոյն ժողովին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ աւելի քան հարիւր սուրիահայերու վարկեր տրամադրուած են՝ սեփական գործարարութիւնը զարգացնելու համար։ Այդ վարկերը շատ ցած տոկոսներով են եւ հինգ տարի ժամկէտով։ Բաց աստի, Հայաստանի մէջ պետութիւնը աւելի քան 3 հազար սուրիահայոց առողջապահական եւ ընկերային բոլոր հարցերը կարգաւորած է։ Քանի մը ամիս առաջ յատկացուած է 240 միլիոն դրամ՝ սուրիահայոց ինքնաշարժերու մաքսազերծման խնդիրները կարգաւորելու նպատակով։ Ամբողջութեամբ կը կազմակերպուի ամառնային հանգիստի խնդիրը, ընթացքի մէջ է համարկման ծրագիրը։ Բոլոր ծրագրերուն հիմնական մասը կեանքի կը կոչուի պետութեան կողմէ։ Մնացեալ մասն ալ կ՚իրականացուի համահայկական կազմակերպութիւններու, բարեգործական եւ այլ կառոյցներու օգնութեամբ։ Նոյն ժողովին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Հայաստան մեկնած սուրիահայերուն աւելի քան 95 տոկոսը կ՚ապրի Երեւանի մէջ։ Արդարեւ, անոնք ընդհանրապէս Հալէպէն ու Դամասկոսէն մեկնած են այնտեղ ու չունին գիւղական կեանքով ապրելու եւ հողի հետ աշխատելու հնարաւորութիւն կամ փորձառութիւն։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ «Սուրիահայերու հիմնահարցեր. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Գիտական հաւաքոյթի ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ սուրիահայոց եւ ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հայկական գաղթօճախներուն նկատմամբ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայուի Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ գիտական շրջանակներուն կողմէ։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան նշեց, որ Սփիւռքի համար կ՚իրականացուին շատ մեծ աշխատանքներ եւ անոնք պէտք է անպայման շարունակուին։ Իր համոզմամբ, սուրիահայոց եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի խնդիրներու պարագային գիտական մօտեցումները պէտք է աւելի յստականան, ուսումնասիրութիւններն ալ յաճախակի բնոյթ պէտք է կրեն։ Առկայ հարցերը, իսկապէս, գիտական մօտեցում կը պահանջեն։ «Սուրիահայ գաղութը մեզի համար առանձնայատուկ տեղ ունի։ 2011 թուականէն յետոյ, սուրիահայերը, որոնք Լիբանանի հետ միասին մայր գաղութ կը ներկայացնէին, հասկցան՝ որ նախապատուութիւն պէտք է տալ հայրենիքին։ Ի հարկէ, Սուրիա մեզի համար ընդունելի եւ սիրելի օճախ մըն է, յատկապէս 1915 թուականէն յետոյ, սակայն հայրենիք չէ», ըսաւ ան։

Մելքոնեան ընդգծեց նաեւ որ իրաքահայերու Հայաստան ներգաղթելէն վերջ սուրիահայոց պարագային սխալներ պէտք չէ գործուէին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 6, 2017