ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ «ԼՈՅՍԸ ԽԱՒԱՐԻ ՄԷՋ» ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Լոյսը խաւարի մէջ» պատկերագրքի շնորհանդէսը։ Այս գիրքին մէջ տեղ գտած են լիբանանահայ փորձառու լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի եւ Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանողներէն Մերի Պատալեանի եւ Գայիանէ Թադէոսեանի ստեղծագործութիւնները։ Շնորհանդէսը կազմակերպուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Նախարարութեան դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Սփիւռքի Փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան, ուսանողներ, Երեւանի Պետական համալսարանի շրջանաւարտներ, դասախօսներ, ինչպէս նաեւ փոխ-վերատեսուչ Ռուբէն Մարկոսեան։

Ձեռնարկի ընթացքին Սերժ Սրապիոնեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Իր խօսքերով, «Լոյսը խաւարի մէջ» գիրքը պատահական մտայղացում մը չէ։ Սա վկայութիւն մըն է, թէ Գաբրիէլ Փանոսեան ունի իւրայատուկ լուսանկարչական տեսողութիւն։ Սա պարզապէս խաւարի մէջ լոյսը եւ լոյսի շարժումը տեսնելու կարողութիւնը չէ։ «Այս գրքի պատկերներուն մէջ մենք արդէն կ՚առընչուինք Աստուածաշունչի յայտնի աշխարհաստեղծման մտքին հետ՝ եղիցի լոյս։ Գաբրիէլ Փանոսեանի իւրաքանչիւր լուսանկարին մէջ զգալի է անհատական մօտեցում։ Նայելով լուսանկարներուն եւ ընթերցելով անոնց յարակից ստեղծագործութիւնները՝ պարզ կը դառնայ գրքին առաքելութիւնը՝ յայտնաբերել մարդու մէջ ծուարած բանաստեղծական տաղանդը։ Գիրքը այս առումով իւրայատուկ ազդակ մըն է», նշեց փոխ-նախարարը եւ աւելցուց, որ հեղինակները խօսած են սրտի լեզուով։ Պատկերներուն մէջ կայ սրտի զրոյցը։ «Այս նիւթականացող աշխարհին մէջ հնարաւորութիւն ունինք շփուելու արուեստի զգանչացնող ուժի հետ», ըսաւ Սերժ Սրապիոնեան՝ հեղինակներուն յղելով իր շնորհաւորութիւնները։

Ռուբէն Մարկոսեանն ալ շեշտեց, որ սոյն պատկերագիրքը կազմուած է նոր ձեւաչափով մը։ Արդէն փորձառու լուսանկարչի աշխատանքներու կողքին տեղ գտած են ստեղծագործութիւնները տաղանդաշատ ուսանողներու, որոնք իրենց ճանապարհը տակաւին նոր-նոր կը հարթեն։

Շնորհականդէսի ընթացքին Գաբրիէլ Փանոսեանն ալ արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Ան մասնաւոր երախտագիտութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի նկատմամբ, որու շնորհիւ ընտրած է իր ճանապարհը։ «Կ՚ըսեն՝ որ երբ ծառը կը կտրես իր արմատներէն, օտար հող մը կը տանիս, ան չի շարունակեր աճիլ։ Կեանքիս մեծ մասը գտնուելով օտար հողի վրայ՝ վերջին տասն տարիներուն տեղափոխուած եմ հայրենիք։ Օտարութեան մէջ կեանքս որեւէ արժէք չէ ունեցած, որեւէ ստեղծագործութիւն չեմ ըրած, սակայն երբ արմատներս հայրենի հող վերադարձան, ես դարձայ այլ մարդ մը։ Իմ հասած ամէն ինչին համար պարտական եմ իմ հայրենի հողին։ Երջանիկ են այն մարդիկ, որոնք ծնած են Հայաստանի մէջ», ըսաւ Գաբրիէլ Փանոսեան։

Ելոյթներէն վերջ, շնորհանդէսի յայտագրի ծիրէն ներս հատուածներ ներկայացուեցան պատկերագրքին մէջ տպագրուած ստեղծագործութիւններէն։ Բաց աստի, երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան Երեւանի Պետական համալսարանի Մշակոյթի կեդրոնի սաները։

Հինգշաբթի, Յուլիս 6, 2017